Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հայ Գիրի Եւ Դպրութեան Տօնը Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Ամէն ժողովուրդ իր ազգային եկեղեցական տօները ունի: Հայ ժողովուրդն ալ այդ տօներու շարքին ունի իր լեզուին ու մշակոյթին տօնը: Իւրաքանչիւր տարուան Հոկտեմբեր ամսուն մենք կը տօնենք Սրբոց Թարգմանչաց տօնը, որ կը խորհրդանշէ հայոց գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, թարգմանչաց շարժումն ու հայ դպրութեան սկիզբը:

Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2015-ի ատենամարզանքը նուիրուած էր Թարգմանչաց տօնին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 11-րդ դասարանի աշակերտ Ասատուր Պասմաճեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ լեզուն տունն է հայուն, զէնքն է ու կեանքն է հայուն՝ հաւատամք մը, որ ժառանգուած է մեզի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցէն եւ եղած է յոյսը ու յաւերժութեան ճամբան՝ դարեր շարունակ անտէր մնացած հայ ժողովուրդին: Պասմաճեան շեշտեց, թէ ի զուր չէ, որ աշխարհի վրայ չկայ ազգ մը, որ մեզի չափ կառչած է իր լեզուին, ազգ մը, որ իր լեզուին տօնը ունենայ եւ պաշտամունքի առարկայ դարձնէ զայն: Ուրիշ ազգեր մեզի պէս չունին իրենց լեզուն պաշտող, ծաղկեցնող ու գովաբանող բանաստեղծներ, երգեր չունին նուիրուած իրենց լեզուին, հետեւաբար ան կոչ ուղղեց ըլլալու հաւատարիմ մեր լեզուին եւ ստեղծագործել հայերէնով:

Յայտագիրը սկսաւ մանկապարտէզի աշակերտներուն կատարած խմբերգներով՝ հայերէն լեզուով երգելու, գրելու եւ խօսելու, որմէ ետք 2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ դասարաններու աշակերտները այբուբենի իւրաքանչիւր տառով սկսող առածներ ներկայացուցին: Այնուհետեւ 6-րդ դասարանի աշակերտները կատարեցին մայրենի լեզուին նուիրուած խմբային ասմունք մը, որուն յաջորդեց 11-րդ դասարանէն Լիւսի Ղարիպեանի ¥դաշնամուր¤ եւ Գէորգ Ներսէսեանի ¥ջութակ¤ կատարողութեամբ «Ազգ Իմ Փառապանծ» երգի նուագի ունկնդրութիւնը: 10-րդ դասարանէն Սագօ Աբգար մենակատարութեամբ գովաբանեց մեր հարուստ, ամբողջական եւ ինքնատիպ լեզուն:
Օրուան պատգամախօսն էր հոգեշնորհ հայր Վահրիճ աբեղայ Ղարախանեան: Ան ըսաւ, թէ Մեսրոպ Մաշտոց աչքերը երկինք ուղղած էր՝ Աստուծմէ խնդրելով իրեն տալ իմաստութիւնը, որպէսզի կարենայ գրել հայերէն այբուբենը, սակայն այսօր Մաշտոց երկինքէն երկիր կը նայի տեսնելու համար, թէ մենք՝ իր տառերուն ժառանգորդները արդեօ՞ք հայերէն կը խօսինք ու կը գրենք: Հայր սուրբը շեշտեց, որ մեր մամիկները Ցեղասպանութեան օրերուն աւազի վրայ իրենց արիւնով գրելով սորվեցուցին հայերէն տառերը եւ հարց տուաւ, թէ արդեօք մենք այսօր սուրբ կը պահե՞նք այդ նուիրուածութիւնը՝ զոր ունեցան մեր նախնիները մեզի հանդէպ: Հոգեշնորհ հայրը ըսաւ, թէ մենք կրօնք, լեզու եւ Հայրենիք ունենալով եղանք մէկ բռունցք բոլոր դժուարութիւններուն մէջ ու դէմ դրինք թշնամիին, հետեւաբար մենք պէտք է անաղարտ պահենք, պահպանենք ու պաշտպանենք հայոց լեզուն:

10-րդ դասարանէն Սէրլի Կարապետեան մենախօսութեամբ մը կատարեց այն մամիկին դերը, որ իր զաւակին բացատրեց հայերէն լեզուին սրբութիւնը, քաղցրութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Վերջին բաժնով Ա. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Աշխարհի Հայերով» երգը, որուն ընկերակցեցաւ վարժարանի պարախումբէն 3 անդամներով պարը:

Հանդիսութեան աւարտին վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Թարգմանչաց տօնը մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք տէրն ու տիրականն ենք հայ գիրերուն: Ան հայ աշակերտները նմանցուց բանակի մը զինուորներուն, որոնց պարտականութիւնն է պաշտպանել հայ գիրերը եւ հայերէն լեզուն: Տիկ. Պոյաճեան շեշտեց, որ աշակերտներուն պարտաւորութիւնն է նաեւ տան մէջ խօսիլ մաքուր հայերէն ու սրբագրել օտար բառերը կամ քերականական եւ լեզուական սխալները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան պատգամախօսին, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուի ուսուցչուհիներուն, որոնք պատրաստեցին հայերէն լեզուն փառաբանող այդ օրուան հանդիսութիւնը:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

DSCN8764 (1)

DSCN8749

DSCN8736

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին