Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

«ԱՅԲ» Կրթական Հիմնարկը Կը Դիմէ Ամերիկահայութեան Օժանդակութեան

*ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ*

Նիւ Եորքահայութեան առիթը տրուեցաւ ներկայ գտնուելու եւ տարօրինակ ձեռնարկի մը ականատեսը ըլլալու փորձառութիւնը ունենալու: ՀԲԸՄի նախաձեռնութեամբ 22 Հոկտեմբեր 2015ի երեկոյեան, Նիւ Եորքի Ֆրանսական «Ալիանս» ինսթիթութի սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ հանդիպում մը, ուր հակիրճ կերպով ներկայ հասարակութեան հրամցուեցաւ Հայաստանի «Այբ» Կրթական Հիմնարկին կատարած աշխատանքներուն  մասին զեկուցում մը:

Նախ ըսենք, որ այս Հիմնարկը պետական հաստատութիւն մը չէ, այլ նախաձեռնութիւնը 8 տեսլապաշտ հայորդիներու, որոնք մտահոգ Հայաստանի կրթութեան մակարդակէն ու աստիճանական անկումէն՝ ծրագրած են բարելաւել կրթական համակարգը, հիմնելով բարձրորակ ուսումնարաններ Հայաստանի ու Արցախի զանազան շրջաններու մէջ, մտատիպար ունենալվ Արեւմտեան աշխարհի եւ Ամերիկայի կրթական ծրագիրներն  ու դասաւանդութեանց  յայտագիրները:  Անշուշտ յանդուգն նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը, որուն յաջողութեան համար յանձնառու կ’ըլլան նուիրեալ հայորդիները: Ութ յաջողած դէմքեր են անոնք տնտեսագիտութեան ու այլ բնագաւառներու մէջ, որոնք աշխարհի զանազան շրջաններէն այդ երեկոյ հաւաքուած էին հոն, նոյն սրահին մէջ՝ նպատակ ունենալով ներկայացնել Հիմնարկին առաջադրութիւնները եւ դիմել ամերիկահայութեան նիւթական օժանդակութեան:

ՀԲԸՄը յանձնառու դառնալով այս կրթական ծրագիրին՝ ձեռք երկարած է անոնց:  Բարեգործականը դեռ մինչեւ քսանամեակ մը առաջ, հաւատալով իր հիմնադիրներու տեսլականին եւ ապա Միութեան իրերայաջորդ նախագահներու հայ դպրոցին նկատմամբ ունեցած խոր հաւատքին, ամէնուրեք բարձրացուցած էր իր վարժարանները:  Ամէն ցամաքամասի վրայ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը բացած էր կրթական իր հաստատութիւնները:  Եւ դժբախտաբար այսօր նոր ձեւ եւ որակ ստացած Սփիւռքի մէջ, Միութիւնը մէկ առ մէկ սկսած է փակել զանոնք, սկսելով Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն:  Ու այս մէկը ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մեր արեւմտահայ լեզուն ու բարքերը սկսած են կորսուիլ, երբ արդէն աւանդական Սփիւռքի գաղութները սկսած են ամայանալ իրենց հայութենէն ու տարտղնուիլ, երբ համակարգիչը սկսած է աւեր գործել ազգային մեր ըմբռնումներուն հանդէպ ու դեռ կազմուիլ սկսած են նոր համայնքներ:  Եւ ի դէմ այս բոլորին,  ի՞նչ տրամաբանութեամբ մենք կը ջանանք փակել կրթական մեր վարժարանները, մանաւանդ Բարեգործականի պարագային, որ բարեբախտաբար տնտեսապէս կը մնայ հայ կեանքին մէջ միա՛կ հաստատուն կազմակերպութիւնը:

Բայց զարմանալի կը թուի երբ ՀԲԸՄը զօրակցութիւն կը յայտնէ հայրենի, այլապէս օգտակար «Այբ» Կրթական Հիմնարկին:  Նախախնամութիւնը Բարեգործականը հաստատեց Հայ Սփիւռքի մէջ մօտ 110 տարիներ առաջ, հասնելու որքա՛ն այդ օրերու սովահար հայրենի ազգաբնակչութեան, նոյնքա՛ն առաւել գաղթահայութեան բիւր կարիքներուն: Հայաստանի Կառավարութեան ու Կրթական նախարարութեան պարտականութիւնն է՝ առաւելաբար հոգ տանիլ մեր Հայրենիքի կրթական մակարդակի բարելաւումին:  Խորհրդային օրերուն հպարտութեամբ կ’արձանագրէինք մեր վարժարաններուն ու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն յարատեւ աճի մակարդակը, գրեթէ ամէն բնագաւառէ ներս:  Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան մէջ զգալի անկում արձանագրեց մեր կրթական ոլորտը։ Ու ասոր պատասխանատու են անցնող 25 տարիներուն իշխանութեան եկած բոլոր քաղաքական պատասխանատուները:  Ու ասոր որպէս արդիւնք հայրենասէր եւ կրթանուէր այս ափ մը ազգայինները, թելադրուած այդ տխուր պատկերէն ծնունդ կու տան «Այբ»ին:

Ուրախ ենք տեսնելու, որ Բարեգործականի այսօրուան ղեկավարութիւնը գլխաւորութեամբ իր նախագահին՝ Պերճ Սեդրակեանին, երկար ընդմիջումէ ետք դարձեալ իր մտասեւեռումը սկսած է դարձնել կրթական գործը, յատկապէս Հայաստանի մէջ:  Մենք վստահ ենք, որ այդ ղեկավարութիւնը տարիներու թաւալքին հետ երբ դառնայ աւելի հասուն, պիտի վերադառնայ Միութեան կրթական աւանդութիւններուն ու դարձեալ իր ծրագիրներուն կեդրոնացումը պիտի դարձնէ հայ դպրոցը, այս անգամ Սփիւռքի տարածքին: Որովհետեւ անոր անդամները պիտի գիտակցին, որ կարելի չէ անտէր թողուլ հայ մանուկն ու պատանին, որոնք շուտով պիտի դառնան վաղուան մեր նոր սերունդը: Այս հեռանկարով ալ Միութեան ներկայ ղեկավարութեան մէջ ունինք կրթանուէր, ազգային հարցերով մտահոգ երիտասարդ յաջողած սերունդ մը, որոնցմէ ոմանք լաւապէս դաստիարակուած են ազգային շունչով:

Ու այդ երիտասարդներէն է անկասկած Սարգիս Ճէպէճեանը, որ կատարեց օրուան հանդիսութեան բացումը, շնորհակալութիւն յայտնելով «Այբ»ի պատասխանատուներուն՝ կատարուած սքանչելի գործին եւ կոչ ըրաւ մասնակից դառնալու անոր ընդարձակման:

Հիմնարկի Հոգաբարձութեան Խորհուրդին կողմէ հանդէս եկաւ Մեսրոպ Քհն. Արամեանը, որուն կրթական ծրագիրն է, որ կը կիրարկուի այսօր Երեւանի եւ Դիլիճանի վարժարաններէն ներս:  Մինչեւ 2019 թուականի աւարտը նախատեսուած է ունենալ 13 նոր դպրոցներ Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին:  Ան տեսալսողական իր ներկայացումով՝ համոզիչ կերպով տուաւ որքան կրթական ծրագիրը, նոյնքա՛ն եւ անոր ազգային դաստիարակութեան ուսուցումը, ունենալու համար հայաշունչ նոր սերունդ մը ապագայի համար:  Պատրաստուած նոր դէմքեր Սփիւռքի հայկական վարժարաններ գործուղելու հետագայ ծրագիրը եւս բանախօս Տէր Հայրը ներկայացուց, մանաւանդ երբ այսօր արդէն ակնյայտ կերպով սկսած են երեւան գալ՝ հայերէն լեզուի ուսուցման լուրջ խնդիրներ գրեթէ իւրաքանչիւր հայ համայնքէ ներս:

Խօսք առաւ նաեւ Արամ Բաքչանեան այլ ծրագիրներու մասին, որոնք կը նախատեսուին յառաջիկայ տարիներու համար:  Զգալի է այս ափ մը ազգայիններուն ունեցած լրջութիւնը այս գործին նկատմամբ:

Նշմարելի է, որ այս բոլոր ապագայի յայտագիրներուն հիմք կը կազմեն՝ Արեւմուտքի ու Ամերիկայի համալսարաններու եւ գոլէճներու դասաւանդութեանց  ծրագիրները:  Հայաստան մի՛շտ մնալով ռուսական քաղաքական տարածաշրջանին մէջ, երբ արեւմտամէտ նոր սերունդ մը ծնունդ կ’առնէ, Ռուսաստան ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորէ զանոնք:  Եւ կամ երբ  «Այբ»ի վարժարաններէն շրջանաւարտներ իրենց բարձրագոյն ուսումը ուզեն շարունակել  Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի կամ Անգլիոյ մէջ, ապա ուզեն վերադառնալ Հայաստան եւ չկարենան համապատասխան գործ ունենալ, հետեւաբար որոշեն մնալ Եւրոպա կամ Ամերիկա:  Ձեւով մը պատրաստած պիտի ըլլանք երիտասարդ «ուղեղ»ներ օտարին համար… եւ անպայմանօրէն պիտի չակնկալենք, որ անոնք օգտակար կրնան ըլլալ հայութեան, անոնցմէ քիչեր թերեւս:  Այս հարցերուն համար պատասխաններ որոնելու են մեր սիրելի ութ կրթանուէր գիտնական ազգայինները:

Սակայն այս ամբողջ բարձրաձայն մտածումներէն անդին, կը մնայ շնորհաւորել այս ծրագիրը: Մաղթել անկոտրում հաւատք իրենց գործին նկատմամբ:

amn3

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին