Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Նոր Հրատարակութիւն «Մայր Թէրեզա Անձնական Դիմանկար մը»

*ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ*

Այս օրերուն, երբ յարգանքն ու  գիտակցութիւնը սկսած են  ընկրկիլ   հաւատքի առջեւ,  Ռուզան Սալխանեան  թարգմանաբար՝  «Մայր  Թէրեզա  Անձնական Դիմանկար մը», Լէօ Մաասպուրկի  գրիչով, Մայր Թէրեզայի մասին  յիսուն պատմուածքներու  ընտրանի մը կը ներկայացնէ հայ  ընթերցողին: Գերմաներէն գիրքը լոյս տեսած է Մայր Թէրեզայի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով:  Երեւանի պետական  համալսարանի   գերմաներէն լեզուի եւ գրականութեան  բաժինէն  վկայեալ   Ռուզան   Սալխանեան   հայերէնի  թարգմանած է գերմաներէնէն:

Իսկական անունով  Ակնէս  Գոնտժա՝ Մայր  Թէրեզա  ծնած է  Մակեդոնիոյ    Սքոփիա  քաղաքը, 27  Օգոստոս  1910ին:  Տակաւին պատանի Մայր Թէրեզա կը մեկնի Իրլանտա՝ միանալու «Իրլանտայի  Լորեթա քոյրեր» վանականներու միաբանութեան:  1931ին կ’ընդունի կուսակրօնութիւն եւ կը ստանայ Թէրեզա անունը:  1948ին Հնդկաստանի  Կալկաթա  քաղաքին մէջ կը հիմնէ բարեսիրական խմբաւորում մը, որուն  գործունէութիւնը կը միտէր   հիմնելու մանկատուներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ: 1979ին Մայր  Թէրեզա արժանացաւ Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակին՝ «Կարիքաւոր մարդոց  օգնելու գործունէութեան համար»: Մայր Թէրեզա մահացաւ 5 Սեպտեմբեր 1997ին, 87 տարեկան հասակին:

Մայր Թէրեզա կը նկատուի  աշխարհի ամենահեղինակաւոր  կիներէն: Անոր  կեանքն ու գործունէութիւնը  մեծ  հետք ձգած են  մարդկութեան պատմութեան վրայ: «Արմատներով եւ արիւնով ալպանացի եմ:  Քաղաքացիութեամբ հնդիկ:  Կաթողիկէ  միանձնուհի եմ:  Կոչումով համայն աշխարհին կը պատկանիմ: Սիրտով կը  պատկանիմ Յիսուսի սիրտին»: Ահաւասիկ քանի մը տողերու մէջ Մայր Թէրեզայի  հաւատոյ հանգանակը՝ իր իսկ արտայայտութեամբ:

Լէօ Մաասպուրկի  գիրքը  այլազան փուլերու դրուագներ կը   նկարագրէ Մայր Թէրեզայի  կեանքէն՝ նկատի ունենալով, որ   հեղինակը  երկար  տարիներ  Մայր  Թէրեզային  ընկերակցած է  տարբեր  երկիրներ անոր կատարած այցելութիւններուն:   Պատմուածքներուն  ընդմէջէն  ընթերցողը կը  ծանօթանայ սրբուհիին ներաշխարհին, անոր  մարդասիրական ծառայութիւններուն: Որքա՜ն  երանելի պիտի  ըլլար, եթէ մարդ արարածը բանիւ եւ գործով  հետեւէր  Մեծ  բարեսէրի խօսքերուն:

Ահաւասիկ   քանի մը  պատգամներ Մայր Թէրեզայէն.

–  Մարդիկ կ’ըլլան անհասկցող, անհեթեթ եւ եսասէր, միեւնոյնն է, ներեցէ՛ք անոնց:

–  Այն  բարիքը, որ կ’ընէք այսօր, վաղը կրնայ  մոռացութեան մատնուիլ, շարունակեցէք  Ձեր բարի գործը…:

–  Անհրաժեշտ չէ, թէ ով ի՛նչ կը խօսի  Ձեր մասին,  ժպիտով  ընդունեցէք այդ բոլորը եւ շարունակեցէք  Ձեր  գործը: Ի՞նչ կրնաք ընել աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը ամրապնդելու  համար,  գացէք  տուն եւ Ձեր ընտանիքը սիրեցէք:

–  Մեծագոյն աղքատութիւնը սիրտի եւ  հոգիի աղքատութիւնն է:  Բառերը աւելորդ են, երբ  չեն բխիր  մարդուն սիրտէն:

Որքա՜ն   ճշմարտութիւն եւ իմաստութիւն կը բովանդակեն  Մայր Թէրեզայի  մարգարէաշունչ  վերոյիշեալ  տողերը:

Մայր  Թէրեզա  շատ մը  իմաստուն  միտքերու հեղինակ է  միաժամանակ.

Կեանքը հնարաւորութիւն է, օգտագործէ՛:

Կեանքը գեղեցկութիւն է, հիացի՛ր:

Կեանքը երանութիւն է, ճաշակէ՛:

Կեանքը երազ է, իրագործէ՛:

Կեանքը մարտահրաւէր է, դիմագրաւէ՛:

Կեանքը  պարտականութիւն է, կատարէ՛:

Կեանքը խաղ է, խաղա՛:

Կեանքը  սուղ է, գուրգուրա՛:

Կեանքը հարստութիւն է, պահպանէ՛:

Կեանքը սէր է, վայելէ՛:

Կեանքը խորհուրդ է, իմացի՛ր:

Կեանքը խոստում է, յարգէ՛:

Կեանքը վիշտ է, յաղթահարէ՛:

Կեանքը երգ է, երգէ՛:

Կեանքը պայքար է, ընդունի՛ր:

Կեանքը ողբերգութիւն է, սրտապնդուէ՛:

Կեանքը արկածախնդրութիւն է, խիզախէ՛:

Կեանքը կեանք է, կերտէ՛:

Կեանքը շա՜տ սուղ է, մի՛քանդեր…:

Շատ-շատ մարդոց համար  Մայր Թէրեզան  սուրբ կը նկատուէր տակաւին կենդանութեան  օրօք:  Անոնցմէ  մէկը  Լէօ  Մաասպուրկն էր, աւստրիացի կուսակրօն  քահանայ եւ  իրաւաբան մը: Ան  երկար տարիներ «Աղքատներու հրեշտակ»ին  կողքը  ծառայած է  իբրեւ անոր  խորհրդատուն, ուղեկցած է անոր ճամբորդութիւններուն: Անձամբ ապրած է եւ  թուղթին յանձնած իր պատմութիւնները:

Գիրքին մէջ յատկանշական տեղ կը գրաւեն «Սովետական Սուրբ ծննդեան տօն»  եւ «Հայաստանեան արկածախնդրութիւններ»  բաժինները: Այստեղ Լէօ Մաասպուրկ կը նկարագրէ   Մոսկուայէն  Երեւան  ճամբորդութեան   ընդմէջէն սովետական  դիւանակալական բարքերը, Հայաստան կեցութեան ընթացքին Մայր Թէրեզայի  դիմակալած  ծանր պայմանները:  Այսուհանդերձ  Մայր Թէրեզա կը մնայ  լաւատես, յանձնառու իր առաքելութեան: Խօսքը տանք հեղինակին.  «Հակառակ որ նիւթական մեծ դժուարութիւններ ունեցանք, հոգեպէս շատ դժուար օրեր անցուցինք, սակայն երբ կը մեկնէի Հայաստանէն ինծի թուեցաւ, թէ զիս դրախտէն դուրս կը վտարէին»:

Լէօ  Մաասպուրկ իր պատմուածքներուն մէջ կ’անդրադառնայ 1988ի Մեծ երկրաշարժէն ետք՝  Մայր Թէրեզայի Հայաստան կատարած այցելութեան, հանդիպումներուն, բարեգործութիւններուն:

Այսօր աշխարհի աւելի քան  120  երկրիներու մէջ կը  գործեն Մայր Թէրեզայի  584 կեդրոններ,  ուր  անօթեւան մարդիկ  կը գտնեն պատսպարան:

«Մայր Թէրեզա Անձնական Դիմանկար մը»  գիրքի  թարգմանիչ  Ռուզան  Սալխանեան,  հայ  ընթերցողին առջեւ  կը  դնէ   ժամանակակից   սուրբի մը  կեանքին տարբեր  երեսները: Կեանք մը, որմէ   միայն  դասեր կարելի է քաղել, սիրել բարին,  անտեսել չարը, ապրիլ բարիքի համար, կարեկցիլ  տկարին…:

Գիրքին  յառաջաբանը գրած է  հայր Գէորգ  ծվ.  Եղիայեան: «Խոկալով  կարդա’  այս էջերը եւ որոշէ  կեանքիդ  ճամբան…» խորագիրով  իր  յառաջաբանին մէջ,  հայր  Եղիայեան դիտել  կու տայ, թէ   Մայր  Թէրեզայի կենսագրականը  հայերէն  թարգմանութեամբ յանձնել հայ  հասարակութեան՝ կը նշանակէ յանձնել անոր գանձարան մը…։ «Այս պատճառով, սիրելի՛ ընթերցող, թախանձախնդիր  կը հրաւիրեմ  քեզ, որ կարդաս այս  հատորը, որպէս զի  ձեռքերովդ  շօշափես սիրոյ հրաշալիքները եւ նկատես, թէ Աստուած  որքա՛ն  հզօր է իր ծառաներուն կեանքին մէջ, երբ այդ ծառաները ընկալեն անոր խօսքը եւ հետեւին անոր խօսքին, ինչպէս  հետեւեցան առաքեալներն ու սուրբերը, որոնք իրենց կենցաղով  եւ  գործերով դարձան  մարդկութեան  իսկական կոթողները, տիտաններն ու օրինակները: Այդ տիտաններէն  մին էր աշխարհահռչակ Մայր Թէրեզա: …Ուստի  կարդա՛ այս էջերը, խոկա՛ անոնց բովնդակութեան վրայ եւ որոշէ՛ կեանքիդ  ճամբան», յառաջաբանը կ’աւարտէ  հայր Եղիայեան:

Գերմանացի  հեղինակ Լէօ Մաասպուրկ իր նախաբանին մէջ յոյս կը յայտնէ, որ ճշգրիտ ձեւով ներկայացնէ Մայր Թէրեզայի անձը՝ մաղթելով,  որ  գիրքը մարդոց առաջնորդէ դէպի  Յիսուս այնպէս, ինչպէս որ  պիտի  փափաքէր Մայր Թէրեզա:

Հայերէն հրատարակութեան  առիթով Ռուզան  Սալխանեան  յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ազնիւ մեկենաս մագիստրոս Գրիգոր, Քրիսթին եւ Քերոփ Ճապուրեաններուն։ «Լուսաւորչի կանթեղ»  հրատարակութեան՝ մատչելի  եւ դիւրասահ   հայերէնով,  ընթերցասէրներու լայն հասարակութեան  համար հրամցուած այս  գիրքը, ուղեցոյց մըն է  իւրաքանչիւր հայ   ընտանիքի  համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին