Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Թուրքիոյ Հայ Համայնքը «Քամփ Արմէն»ի Վերադարձը Մեծ Յաղթանակ Կը Համարէ

Թուրքիոյ հայկական համայնքը մեծ յաղթանակ կը համարէ 175 օրուան դիմադրութենէ ետք, «Քամփ Արմէն» («Արմէն ճամբար») անունով յայտնի հայկական որբանոցի տարածքի վերադարձը Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին:

Սթամպուլի հայկական «Ակօս» պարբերականի փոխանցմամբ, այս առնչութեամբ համայնքի շատ անդամներ իրենց գոհունակութեան խօսքը յայտնած են:

«Ուրախ ենք: Մեր իրաւունքն է ուրախանալ: Ամուսինս 1996 թուականէն ի վեր այս մասին կը խօսէր:  «Նոր Զարթօնք»ին եւ դիմադիրութեան բոլոր աջակցողներուն, բոլոր այդ քաջ մարդոց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ… խումբ մը խլուած գոյք ունինք: Յուսով եմ, որ սա բոլորին համար նախադէպ կ՛ըլլայ: Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին կատարուածը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի», ըստ «Արցախփրես»ի ըսած է է Հրանդ Տինքի այրին` Ռաքել Տինք:

Կետիկփաշայի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր Աղապալօղլուն յայտնած է, որ իրենք պիտի վերակենդանացնեն «Քամփ Արմէն»ը: Ան աւերակ վիճակի մէջ է: Հին յիշողութիւնները պահպանելով` նոր կարգաւորումներ պիտի իրականացնենք: Կրկին նոյն նպատակով պիտի օգտագործենք», ըսած է Աղապալօղլուն աւելցնելով, որ ան պիտի օգտագործուի Թուրքիոյ հայ համայնքի երախաներուն համար:
Հայկական որբանոցի վերադարձը կարեւոր քայլ կը համարէ նաեւ՝ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաջադրուած Կարօ Փայլանը: «Լաւ լուր է` այս վատ օրերուն: Սա կարեւոր է նաեւ այն տեսանկիւնէ, որ Հրանդ Տինքի հոգին կ’ուրախանայ. կատարուածը անոր ամենամեծ պահանջներէն էր: Հայկական համայնքի տեսնակիւնէն ալ յուսադրող քայլ էր: Սա այնտեղ հերթապահութիւն ընող երիտասարդներուն, հայ համայնքին եւ աջակցութիւն ցուցաբերած ժողովրդավարական ուժերու յաջողութիւնն է», նշած է Փայլան` աւելցնելով, որ կատարուածը նախադէպ կրնայ ըլլալ բռնագրաւուած հայկական այլ գոյքերու վերադարձին համար:

Կետիկփաշայի հայկական որբանոցին կից «Քամփ Արմէն» ամառնային որբանոցը կառուցուած է հայ որբերու աշխատանքով: Ճամբարին մէջ բնակող երախաները մասնակցած են շինարարական աշխատանքներուն: Անոնք  ծովէն կրած են աւազ, որմով ալ կառուցուած է ճամբարը:

Ինչպէս նախապէս անդրադարձած ենք, «Քամփ Արմէն» որբանոցը թրքական պետութեան որոշումով փակուած է 1983 թուականին: Իշխանութիւնները որբանոցի վերանորոգումը երբեք թոյլ չեն տուած, որու պատճառով անիկա կը գտնուի անմխիթար վիճակի մէջ: Թուրքիոյ մէջ 2011թուականին օրէնք ընդունուած է ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող հիմնադրամներու` 79 տարի բռնագրաւուած անշարժ գոյքը վերադաձնելու մասին, սակայն Կետիկփաշայի հայկական որբանոցին կից այդ ամառնային ճամբար-մանկատունը, չէ ընդգրկուած օրէնքով վերադարձման ենթակայ գոյքի ցուցակին մէջ: 5.552 հազար քմ. տարածք ունեցող որբանոցը 1974 թուականին այդ տարածքը գնած կապալառուի կողմէ բացուած դատական գործընթացի արդիւնքով կցուած է՝ զարտուղի ճանապարհով ճամբարի տարածքը գնուած 600 քմ.ին: 1977 թուականին փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու մասին ընդունուած նոր օրէնքով հայ որբերու ճամբարը բռնագրաւուած է:

Սթամպուլի մէջ 6 Մայիսին նոր սեփականատէրը սկսած էր քանդելու հայ որբերու ամառնային որբանոցը: Անոր դէմ դուրս ելան «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւնը  եւ այլ անհատներ ու կազմակերպութիւններ՝ կասեցնելու համար որբանոցի շէնքի կործանումը: Ներկայիս որբանոցի շէնքի քանդումը մասամբ դադրեցուած է: Շինութեան վրայ տարբեր պաստառներ փակցուած են եւ գրութիւններ կարատուած: «Քամփ Արմէն»ի տարածքին մշտական մարդկային հերթապահութիւն սահմանուած է: Հակառակ ատոր` երկու անգամ անյայտ անձիք փորձեցին յարձակիլ որբանոցի տարածքին մէջ հերթապահողներուն վրայ: Դիմադրութեան 175րդ օրը միայն՝ «Քամփ Արմէն»ը վերջնականապէս վերադարձուեցաւ հայկական համայնքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին