Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Աշխարհի Ամենագեղեցիկ Կին Նախարարներու Տասնեակին Մէջ Արփինէ Յովհաննիսեան Առաջինն է

Աշխարհի ամենագեղեցիկ կին նախարարներու տասնեակին մէջ առաջինը՝ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանի անունն է: Ցանկը կազմած է shaamtimes արաբական կայքը` նշելով, որ 1983­ի ծնունդ Արփինէ Յովհաննիսեան Արդարադատութեան առաջին կին նախարարն է Հայաստանի պատմութեան մէջ:

Ամենագեղեցիկ նախարարներու տասնեակին մէջ նշուած է Ֆրանսայի բնակարանաշինութեան նախարար 37­ամեայ Սեսիլ Տիւֆլոն, որ այդ պաշտօնը վարեց 2012էն մինչեւ 2014­ի Մարտը: Մեծ աղմուկ բարձրացած էր, երբ ան առաջին անգամ նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ հանդիպման ժամանակ ներկայացած էր ճինզ տաբատով:

Այնուհետեւ նշուած է Շուէտի պաշտպանութեան նախկին նախարար Քարին Մարթա Էլիզապեթի անունը:

Յաջորդած է Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա ֆոն Տեր Լայենը, որ այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէ 2013էն­:

Տասնեակին մէջ ընդգրկուած է Նորվեկիոյ մշակոյթի նախարար Հատիա Տայիքը, որ ծնած է 1983ին եւ ծագումով փաքիստանցի է: Ան երկրի պատմութեան մէջ ամենաերիտասարդ նախարարն է եւ կառավարութեան մէջ առաջին իսլամը:

Նաճատ Վալլօ Պելքասիմը, որ Ֆրանսայի մէջ 2012-­2014 թուականներուն զբաղեցուցած է Կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը, ծագումով մարոքցի է, ունի սպանական եւ ալճերիական արմատներ: 2014ին դարձած է Ազգային կրթութեան առաջին կին նախարարը:

Ցանկը կը շարունակեն Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար 37ամեայ Կարմէ Չակոն, որ նախարարի պաշտօնը վարած է 2008-­2011 թուականներուն:

Շուէտի կրթութեան նախարար 27-ամեայ Այիտա Հալզիալիքը, որ 1992ին Պոսնիայէն գաղթած է Շուէտ իր ընտանիքին հետ, Շուէտի պատմութեան մէջ ամենաերիտասարդ նախարարն է:
1965ի ծնունդ Ռաշիտա Տաթին Մարոքէն է: Ան առաջին կին արաբ նախարարն է Ֆրանսայի նախարարութեան մէջ, որ 2007-­2009 թուականներուն վարած է Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնը:

Ցանկը կ՛եզրափակէ Այղուլ Ուզքանը, որ թրքական ծագում ունի: Ան ծնած է Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքը 1971ին եւ համարուած է իսլամ կին առաջին նախարարը Գերմանիոյ մէջ: Կը զբաղեցնէ Հասարակական հարցերով նախարարի պաշտօնը Ներքին Սաքսոնիա նահանգին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին