Ուրբաթ, 12. 09. 2025

spot_img

Հայաստանի Նախագահը Լոնտոնի Մէջ Մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչման Արարողութեան

Աշխատանքային այցով Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ուեսթմինսթըրի մէջ մասնակցեցաւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան նոր սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան, կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Ընդհանրական արարողութիւնը Լոնտոնի եպիսկոպոս Ռիչըրտ Չարթրիսի հետ հանդիսապետեց Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ուէյլսի արքայազն Չարլզը:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած մարտիրոսներու յիշատակութիւնն ու անոնց անմահ հոգիներու համար ընդհանրական աղօթքը հնչեց նաեւ որպէս հրաւէր բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց, ազգերուն ու ժողովուրդներուն` միանալու արդարութեան հաստատման համար աղօթքին եւ իրենց ձայնը հնչեցնելու մարդկութեան դէմ մեծագոյն յանցագործութեան` ցեղասպանութեան դէմ պայքարին, աղօթելու աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման ու պահպանման համար:

Արարողութեան ժամանակ հոգեւոր երգերը կատարեց Լոնտոնի Սբ. Եղիշէ Հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբը:

2

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին