Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

«Արմէն» Ճամբարը Վերադարձուած Է Պայմաններով

Ամիսներու պայքարէ եւ Պոլսահայ «Նոր Զարթօնք» շարժումի գործունեայ տարրերու կողմէ պահակութիւն ընելէ ետք, թրքական դատարանի որոշումով եւ շէնքի նոր տիրոջ պայման դնելով, որ ան որբերու պատսպարան պիտի ծառայէ եւ թրքական պետութեան դէմ այս գծով բացուած դատերը ետ պիտի առնուին, Պոլսոյ «Արմէն» ճամբարը վերադարձուեցաւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։

Այս իրադարձութիւնը ցոյց կու տայ, որ դատական հայց ներկայացնելով եւ անկոտրում պայքար տանելով, նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ կարելի է տիրանալ անարդարութեամբ մեզմէ խլուած եւ ուրիշին փոխանցուած կալուածի մը։ «Արմէն» ճամբարի վերադարձը իր տիրոջ՝ հայութեան, լաւ օրինակ կրնայ ծառայել նոյնանման դատերով հետապնդելու մեր կալուածատիրական իրաւական պահանջները թուրք պետութենէն, հասնելով մինչեւ մեր մեծ կալուածին՝ Թուրքիոյ կողմէ մեր բռնագրաւեալ հողերու վերատիրացման, մեր մեծ Դատին յաղթանակով։  

«Խմբ.»

* * *

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Հոկտեմբեր 27-ին Պոլսոյ «Արմէն» ճամբարի կալուածի սեփականաթուղթը՝ «թափու»ն, պաշտօնապէս յանձնուեցաւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։

«Հիւրրիէթ»ը Հոկտեմբեր 28-ին տուաւ կարճ լրատուութիւն մը, ըստ որուն՝ կալուածի սեփականատէրը՝ Ֆաթիհ Ուլուսոյ, «Հիւրրիէթ»ին յայտնած է, որ կալուածը Հայ աւետարանական համայնքին «նուիրած» է՝ երկու պայմաններ դնելով։ Առաջին պայմանը այն է, որ կալուածը անպայման պէտք է գործածուի որպէս որբերու եւ անտէր զաւակներու ճամբար։ «Եթէ այս նպատակով չգործածուի, ապա կալուածը պիտի վերադարձուի», ըսած է ան։ Երկրորդ պայմանը այն է, որ հայ համայնքը պարտի հրաժարիլ այս կալուածին կապակցութեամբ Թուրքիոյ դէմ բացուած բոլոր դատերէն ու պահանջներէն։

Միւս կողմէ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ անդրադարձած է ճամբարի վերադարձին՝ նշելով. «Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այդ պայքարին մէջ: Իսկապէս շատ դժուար պայքարով կարելի եղաւ յաջողութեան հասնիլ: Բազմաթիւ մարդիկ օր ու գիշեր հերթապահութիւն ըրին»: Ան նշած է, որ այս հարցը ոչ միայն հայերուն համար կարեւոր է, այլեւ հասարակութեան ընդհանուր յիշողութեան տեսանկիւնէն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին