Սթամպուլի Թուզլայի շրջանին մէջ գտնուող հայկական մանկատունը` «Քամփ Արմէն» անունով յայտնի ամառնային ճամբարը, վերադարձուած է հայ համայնքին: Ըստ Ermenihaber.am-ին՝ «Քամփ Արմէն»ի սեփականութեան վկայականը յանձնուած է Կետիկփաշայի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին: Լուրը հաստատած է նաեւ հիմնադրամի փաստաբան Սեպուհ Ասլանգիլը:
Յիշեցնենք, որ «Քամփ Արմէն» հայկական ճամբարը Սթամպուլի Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող լքեալ ու կիսաքանդ շինութիւն մըն է: Ներկայիս աւերակի վերածուած շինութիւնը ժամանակին եղած է չքաւոր ու որբ հայ երախաներու ամառնային ճամբարը: 8.552 քմ տարածք զբաղեցնող «Քամփ Արմէն»ը1961 թուականին գնուած է Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին կողմէ եւ ծառայած է որպէս ամառնային ճամբար` Կետիկփաշայի հայկական դպրոցի չքաւոր ու որբ սաներուն համար: Յայտնիէ, որ այստեղ մեծցած են նաեւ 2007ին Թուրքիոյ մէջ սպաննուած յայտնի հայ լրագրող Հրանդ Տինքը եւ անոր կինը՝ Ռաքել Տինքը: Յետագային ճամբարը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ապօրինաբար խլուած է հայ համայնքի ձեռքէն:
6 Մայիս 2015ի առաւօտեան ճամբարի ներկայիս սեփականատիրոջ նախաձեռնութեամբ՝ սկսած էր ճամբար-մանկատան կազմաքանդումը, սակայն կարճ ժամանակ անց Թուրքիոյ հայկական համայնքի սկսած բողոքի լայնածաւալ աշխատանքին շնորհիւ, շինութեան քանդումը ժամանակաւորապէս հնարաւոր եղած էր դադրեցնել: Այսօր` 27 Հոկտեմբերին, երբ ճամբարը վերադարձուեցաւ հայ համայնքին, լրացաւ քնադումը թոյլ չտալու նպատակով «Քամփ Արմեն»ի մէջ սկսած հերթապահութեան 175րդ օրը:






