Ամերիկացի յայտնի դերասան Ճորճ Քլունին համոզուած է, որ հայերուն նկատմամբ 1915 թուականին կատարուածը Ցեղասպանութիւն էր:
Ըստ Armenpress.am-ի Քլունին Հարաւային Քալիֆորնիոյ հանրային ռատիոյին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրողութիւն անուանած է ու անթոյլատրելի համարած ժխտումը: «Հայոց Ցեղասպանութիւն եղած է: Ատիկա անժխտելի է: Այժմ պատմութիւնը փոխուած է եւ թուրքերը չեն փափաքիր խօսիլ ատոր մասին: Եւ քանի որ մենք ռազմական խարիսխներ ունինք (Թուրքիոյ մէջ), յանկարծ բոլոր քաղաքական գործիչները, որոնք մինչ այդ կ՝ըսէին` «այո, այնտեղ Ցեղասպանութիւն եղած է», այժմ ատոր մասին չեն կրնար խօսիլ: Դուք չէք կրնար ատիկա այդպէս անուանել: Ես բազմաթիւ քննարկումներ կ՝ունենամ ծերակուտականներու հետ, ուր կ՝ըսեմ. «Կրնա՞նք խօսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին», եւ անոնք կ՝ըսեն. «Բացարձակապէս ոչ, որովհետեւ Թուրքիան ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ մեր գործընկերն է», ըսած է Քլունին:
Ի դէպ Քլունին այդ ամէնը նշած է պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչ կարելի է ընել իբրեւ դերասան կամ բեմադրիչ, որ աւելի արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ, քան թեկնածութեան առաջադրումը: «Չեմ կարծեր, որ կրնայ ըլլալ աւելի արդիւնաւէտ միջոց: Իբրեւ դերասան դուն չես կրնար քաղաքականութեամբ զբաղիլ: Այն ամէնը ինչ կրաս ընել, խնդիրը բարձրաձայնելն է: Բայց ես չեմ կրնար փոխզիջման երթալ կամ գործարքներ կնքել», ըսած է դերասանը: