Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Հայաստան Աշխարհի Մէջ Լաւագոյն Վայրերէն Է Նոր Գործ Սկսելու Doing Business 2016

Հայաստան աշխարհի մէջ ամենաբարենպաստ երկիրներէն է նոր գործ (Business ) սկսելու: Այս մասին կը վկայէ Համաշխարհային դրամատան՝ ՀԴ հրապարակած «Doing Business 2016. Կանոնակարգիչ դաշտի որակի եւ նպատակային արդիւնաւէտութեան գնահատում» զեկոյցը, որու համաձայն Հայաստան կը շարունակէ մնալ բարենպաստ երկիր գործ սկսելու համար, 189 երկիրներէն զբաղեցնելով 5րդ տեղը: Նախորդ տարուան համեմատ սակայն, ցուցանիշը նահանջած է 2 հորիզոնականով: Այս ուղղութեամբ Հայաստանէն առաջ են միայն Նոր Զելանտան, Մակեդոնիան, Գանատան եւ Հոնկ Քոնկը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, նոր զեկոյցին մէջ Հայաստան յառաջընթաց արձանագրած է շինարարական թոյլտուութիւններու հետ կապուած գործընթացին մէջ: Մասնաւորաբար քիչ վտանգներ ունեցող նախագիծերու համար չեն կիրառուիր՝ անկախ փորձագէտի կողմէ ճարտարապետական նախագիծի հաստատման եւ շինարարութեան նկատմամբ տեխնիկական վերահսկողութեան պահանջները:

Բարելաւում արձանագրած միւս ոլորտը սահմանային առեւտուրն է: Կը նշուի, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելէ ետք, Հայաստան կրճատած է Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ առեւտուրի փաստաթղթային եւ սահմանային ընթացակարգերու ժամկէտներն ու ծախսերը:

Հայաստան յառաջընթաց արձանագրած է նաեւ պայմանագիրներու կիրարկման ուղղութեամբ. ընդունուած նոր օրէնքով դատաւորներու նշանակումը կը կատարուի պատահականութեան սկզբունքով ու ամբողջովին ինքնաշխատ (automatic) համակարգի միջոցով, դիւրացուած է պայմանագիրներու կիրարկման հարցը երկրի բոլոր դատարաններու մէջ:

ՀԴ Երեւանի գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն` տարածաշրջանի 25 երկիրներէն 23ին մէջ­ արձանագրուած է 58 բարեփոխում: Նախորդ տարուան զեկոյցի արդիւնքներուն համեմատ, Հայաստան այս տարի իր ամենաբարձր ցուցանիշէն 2 միաւորով առաջ անցած է: Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու հետ մէկտեղ, երկիրը կրճատած է Ռուսական Դաշնութեան հետ առեւտուրի գծով կապուած փաստաթղթային ու սահմանային ընթացակարգերու ժամանակը եւ ծախսերը: Հայաստան աշխարհի մէջ 26 այլ տնտեսութիւններու շարքին այն երկրիներէն է, որ իրականացուցած է երեք կամ աւելի բարեփոխումներ, այդպէս վարուած են աշխարհի տնտեսութիւններու միայն 14 տոկոսը:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին