Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնը նշուեցաւ հանդիսութիւններով եւ դասարանային զանազան աշխատանքներով, որոնք ընդգրկեցին ամբողջ աշակերտութիւնը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարաններ:
Մանկապարտէզին մէջ աշակերտները կատարեցին ձեռային աշխատանքներ, գլխաւորաբար այբուբենի թեմաներով, Թարգմանչաց տօնը եզրափակելով Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշարձան այցելութեամբ:
21 Հոկտեմբերին Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ կայացած՝ նախակրթարանի Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը յատկանշուեցաւ աշակերտական ամենալայն մասնակցութեամբ: Շուրջ 100 աշակերտներ բեմ բարձրացան եւ աղօթքի, ասմունքի, երգի ու բեմական ներկայացումներու բծախնդրօրէն մշակուած շարքով մեծարեցին Ոսկեդարու Թարգմանիչները: Հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ վարժարանի Ծիծեռնակ երգչախումբը, խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քեշիշեանի:
Միջնակարգի ու երկրորդականի բաժիններուն մէջ, հանդիսութիւններու կազմակերպման համար շեշտը դրուած էր աշակերտներու անհատական եւ խմբային ինքնուրոյն աշխատանքին վրայ: Այդ առումով Թարգմանչաց տօնը առիթ ծառայեց, որ աշակերտներ կատարեն պրպտումներ՝ տարբեր թեմաներով ու անոնց արդիւնքները ներկայացնեն իրենց հասակակիցներուն եւ ուսուցիչներուն, առանձնաբար տեղի ունեցած երկու հանդիպումներու ընթացքին, 22 Հկտեմբերին: Աշակերտները օգտագործեցին արհեստագիտական տարբեր միջոցներ՝ ներկայացնելու համար լսատեսողական նիւթեր Գիրերու գիւտին, Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ Թարգմանիչներու վաստակին մասին:
Բոլոր ձեռնարկներուն եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Տնօրէնը աշակերտները հրաւիրեց անդրադառնալու Հայ մշակոյթի եւ գրականութեան հարստութեան ու շեշտեց աշակերտներուն այդ հարստութեան արժանի ժառանգորդները ըլլալու պարտականութիւնը: Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայերէնի անաղարտ պահպանութեան եւ գործածութեան կարեւորութեան՝ դիտել տալով, որ հայ մշակոյթին եւ լեզուին հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը պէտք է դրսեւորուին բոլորի կեանքին մէջ առօրեայ դրութեամբ եւ ոչ միայն առիթէ առիթ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի










