Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Արամ Հայկազ, «Մոռցուած Էջեր»

                                                                                                               *ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

Հատոր  Զ (1973-1975) Երեւան, «Տիգրան Մեծ», 2015

Կազմող եւ ծանօթագրող` բանասիրական գիտ. դոկտոր Մարգարիտ Մամիկոնի Խաչատրեան

Հատորը նուիրուած է մատենաշարի խմբագիրին` Գէորգ Եազըճեանի մօր` Արփինէ Հայրապետեանի յիշատակին: Այս մէկը` արժանի յիշատակում:

Յարգարժան ընթերցողնե՛ր,

Հիմա պիտի ըսէք` այս ի՜նչ հեղեղային գործ, որ Արամ Հայկազ սփիւռքահայ գրողէն կը հրատարակուի 6 հատոր գիրք եւ այդ ալ մինչեւ 1973-1975: Այդ կը նշանակէ, թէ տակաւին յաջորդելիք հատորներ կան, քանի որ Արամ Հայկազ մահացաւ 1986-ի Մարտին: Այո՛, կան:

Բայց եթէ կարդալու ըլլաք ներակայացուած հատորը, նախ` անպայման պիտի աւելնան ձեր գիտելիքները ու երանի պիտի տաք հատորը կազմող ու մանաւանդ ծանօթագրող Դոկտ. Մարգարիտ Մամիկոնի Խաչատրեանին, որ յանձն առած է խուզարկել հայ մամուլը եւ արխիւային նիւթեր ու կազմած մատենաշարին այս հարուստ հատորն ալª մոռացումէ փրկելու համար Արամ Հայկազի գրական ու հասարակական ժառանգութիւնը:

Ապա՝ մասնաւորաբար աւելի մօտէն պիտի ճանչնաք սփիւռքահայութեան հայօրէն ապրելու, վասն Հայրենիքի ապրելու հսկայական ճիգերը:

Ու կը մասնաւորեմ այս կարեւոր հարցը, զի մենք զիրար ճանչնալով միայն պիտի զօրանանք: Յայտնի երեւոյթ է, երբ կ’ըսեն, թէ մէկ ձեռքով կարելի է հարուածել թշնամին, իսկ երկու ձեռքով` ծափ տալ: Աջ ձեռքը Հայաստանն է միշտ ու ձախ ձեռքը՝ Սփիւռքը: Ուստի երկու ձեռքով կարելի է ծափ տալ: Ծափ տալ արժանաւորի՛ն: Բան. գիտ. դոկտոր Մարգարիտ Խաչատրեանի ծափերը արժանիներո՛ւն կը տրուին, այս պարագային՝ Արամ Հայկազին, որ ոչ միայն որպէս հայրենակիցը ազգային մեծ հերոս Զօրավար Անդրանիկին, մասնակցած է Շապին Գարահիսարի հերոսամարտին, այլ նաեւ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ, հայուն հայ մնալու պայքարին մէջ մեսրոպեան տառերու փամփուշտներով շարունակած է ըմբոստի այդ պայքարը՝ սրբանուէ՛ր պայքարը:

Մեծ պետութիւնները չեմ վարանիր ըսելու` սրիկայաբար, յանուն իրենց եսասիրական շահերուն, միշտ մեր ժողովուրդը բաժնած են երկուքի: Մեզի կը մնար միաւորման հարցը լուծել:

Այս կապակցութեամբ արժանի է յիշել ջանքերը Միքայէլ Նալպանտեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Արփիար Արփիարեանի եւ այնքա՜ն ուրիշներու, որոնք գործնական աշխատանքներ տարած են նախ մեզ ծանօթացնելու համար իրարու:

Մեր օրերուն գաղափար մը կը շրջի նոյնիսկ հայ մամուլին մէջ, այն սին եւ սխալ գաղափարը, որ մենք երկու ժողովուրդ ենք՝ արեւելահայ եւ արեւմտահայ: Այո՛, նոյն իսկ մամուլով:

Հազա՛ր անէծք այս գաղափարը տարածողներուն:

Մենք մէ՛կ ժողովուրդ ենք՝ մէ՛կ լեզուով եւ մէ՛կ պատմութեամբ ու մէ՛կ Հայրենիքով, որուն մեծագոյն հատուածը եթէ կը մնայ յափշտակեալ, ներկայինը գրաւակա՛նն է դարձեալ մեծնալու:

 

Հիմա հատորը՝ ջանասիրութեամբ Դոկտ. Մարգարիտ Մամիկոնի Խաչատրեանի:

319 էջերու վրայ տարածուող այս հատորը կը սկսի այսպէս. «Արամ Հայկազի յոբելինական հանդէսը Մոնթրէալի մէջ»: Կը նշանակէ՝ լեցուն սրահներու մէջ: Մտածել պէտք է՝ ինչպէ՞ս կը լեցուէին այդ սրահները վասն հայ գիրի ու վասն հայ գրողի:

Կը կարդաք ու բարձրօրէն կը գնահատէք ներկայացուած այդ երկու էջը՝ պարզ ստորագրութեամբ մը՝ Պ. Մ.:

Նամակ մը կայ Արամ Հայկազէն, ուր ըսած է. «Քիչ մը աւելի մօտէն ճանչցայ իմ ժողովուրդը… որուն կողմէ հայ գիրին ու մշակոյթին հանդէպ ցոյց տրուած յարգանքը յուզած է զիս խորապէս»:

Յաջորդ յօդուածը ստորագրողը Գալուստ Պապեանն է` նորոգ հանգուցեալ, վաստակաշատ Կորիւն Սրբազանին գանատաբնակ եղբայրը, որ կ’ըսէ, թէ այս երեւոյթը «կ’արժէ խորհրդածութեանց նիւթ դարձնել` հանդիսութեանց աւարտին եւ Նոր Տարուան սեմին» (խօսքը Արամ Հայկազին նուիրուած հանդիսութեանց մասին է):

Յաջորդը Ս. Սարունին է, որ կ’ըսէ. «Անարդար մեղադրանք մըն է հայերուս վերագրուած «անմիաբանութեան» նկարագրային յատկանիշը»: Ինչո՞ւ այս խօսքը, զի երկու կողմերու թերթերը՝ «Ասպարէզ» եւ «Նոր օր», նոյն խանդավառութիւնը ունեցած են Արամ Հայկազի գրական գործունէութեան նկատմամբ: Յիրաւի նշելի կէտ:

Այցելութիւն հայ վարժարաններուն Տիթրոյթի մէջ: Նոյն ոգին կ’արտայայտուիª ցուցանիշ միասնութեան:

Յաջորդ գրութիւնը՝ «Պատերազմէն վերջ», գողտրիկ պատում մըն է գրիչէն Արամ Հայկազի, որ ապա կը խօսի իր մէկ սիրելի ընկերոջ՝ վանեցի Վահրամ Կաքաւեանի մասին: Իրեն կուսակից մը չէ ֆրանսագիր հայը, բայց Արամին գրութիւնը գորովալի է:

Վիէթնամական պատերազմէն գերութենէ վերադարձող ամերիկացի զինուորներուն մասին է Արամ Հայկազի յաջորդ գրութիւնը: Անոնց ընդունելութեան մանրամասնութիւնները նորութիւն են մեզի համար:

«Կտոր մը գորով»ը Արամ Հայկազի՝ հիւմըրի վարպետի գրիչէն յիշել կու տայ մեզի Շահան Շահնուրի «Պճեղ մը անոյշ սիրտ» պատմուածքը:

Ա. Արփինէն (Արփինէ Աբրահամեան) կը խօսի Արամ Հայկազի «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» հատորին մասին, ուր կ’ըսէ. «Քիւրտիստանի լեռներուն «ահաւոր ու խորունկ» ձմեռը, յանկարծահաս գարունը, աշունը, հեղեղանման անձրեւները իր գրչին տակ կը վերածուին ուժեղ ու գեղեցիկ պատկերներու»:

Ապա խօսքը երգահանդէսի մը մասին է: Երգչախումբ կազմելը դիւրին գործ չէ:

Մեծարեալին գրիչէն «Գիրքերն ալ ոդիսական կ’ունենան» գրութիւնը ամերիկեան կեանքէն առնուած ուսանելի պատկեր մըն է, երբ Պէյրութէն Նիւ Եորք ղրկուած երկու սնտուկ գիրքերը՝ հեղինակին իսկ պատկանող, կը հասնին փշրուած վիճակի մէջ՝ հեղինակին համար յաւելեալ հարիւրաւոր տոլարներ արժեցնող: Մտահան չըլլալիք պատկեր, որուն կը հետեւի միշտ Արամ Հայկազի ստորագրած «Զօրավար Անդրանիկ» յօդուածը՝ հոգիներ եռեւեփող նկարագրութիւններով մեծ հերոսին կեանքէն ու անոր գործը բարձրօրէն գնահատող: Անհպելի էր Անդրանիկ, որ ունէր սուր աչք ու մեր Երկիրը գիտէր քար առ քար, թուփ առ թուփ:

Էլիզ Հասըրճեանին յօդուածը՝ Արամ Հայկազի «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» գիրքին մասին, յուզախռով խօսք է:

Մեծարեալին գրիչէն` գիսաւոր աստղերու մասին գրութիւնը մեզ դէպի գիտութիւն տանող, չհաւատալու առաջնորդող գրութիւն մըն է:

Սարգիս Տէմիրճեանը հարցազրոյց մը կ’ունենայ Արամ Հայկազին հետ: Ոգեշունչ հարց ու պատասխան:

Արամ Հայկազի Պէյրութի յոբելինական հանդիսութեան ընթացքին կը հնչէ ձայնը մեծարեալին: Ամերիկա, Գանատա ու վերջապէս՝ Լիբանան: Ամբողջ Սփիւռքը` իր բոլոր կողմերով, կը յարգէ յայտնի գրողը:

Կան նաեւ տպաւորութիւնները Լիբանանէն՝ Արամ Հայկազին դիտելու եղանակէն, լաւը գովելու սկզբունքէն տարուած:

Հենրիկ Պուտագեանը եւս ունի հարցազրոյց մը Արամ Հայկազին հետ: Հոս խօսք կայ նաեւ բարի մրցակցութեան մը մասին, ընդմէջ ֆութպոլի լիբանանահայ երկու խումբերուն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Մ.Մ.ի: Թող բարին շարունակուի:

«Մածունը» գրութիւնը նոյնքան հետաքրքրական է: Դարձեալ գրիչէն Արամ Հայկազին, որ գիտէ իր գրածները ըմբռնելի ընելու արուեստը:

1975էն` «Գարնանամուտ» գրութիւնը հեղինակի գրիչէն. «Երկու գիշեր հովը այնքա՜ն ուժեղ էր, որ վախցայ, թէ քամին մեր տանիքը պիտի առնէ ու տանի չես գիտեր ո՞ւր»: Արդէն սկիզբէն` շարունակութիւնը ձեզ հետաքրքրութեան կը մղէ:

Ապա «Մենք» պարբերականին մասին կը հոլովուի խօսքը. երիտասարդներ թերթ մը կը հրատարակեն Գանատայի մէջ, որուն աշխատակցելու Արամ Հայկազը մղեց զիս եւս: Նուիրական փորձեր ամերիկեան ցամաքամասին մէջ:

Դարձեալ խօսք «Կռուի սիրահար» Անդրանիկի մասին` միշտ ջերմաջերմ:

Շապին Գարահիսարի հերոսական մարտերու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններով հասանք հատորին 100-րդ էջին: Եթէ այսպէս շարունակենք, պիտի գրենք 15 էջ եւս:

«Այցելութիւն մը հին թաղիս» գրութիւնը Ամերիկայի մասին է: Եթէ ներքաշող ուժ մը ունի այդ ամերիկեան հին թաղը, հապա Երկրին հին թաղերը որպիսի՜ ուժով Արամ Հայկազը կը մղեն դէպի Երկիր: Ինչ որ կատարած է ան՝ ոգեղինացած:

Խօսք կայ նաեւ գրաքննադատ, խմբագիր Գուրգէն Մխիթարեանի մասին, որ Շապին Գարահիսարի մէջ Արամ Հայկազի բարոյագիտութեան ուսուցիչը եղած է:

Մենք եւս սիրով կարդացած ենք Գուրգէն Մխիթարեանի «Քառորդ դար գրականութիւն» գիրքը: Ահա թէ մշակոյթի ճակատին վրայ ինչպիսի՜ հանգիտութիւններու հասնիլ կարելի է:

Օզանեանները յայտնի ընտանիք եղած են Շապին Գարահիսարի մէջ. Զօրավար Անդրանիկի նման աշխոյժ մէկն ալ Միրիճան Օզանեանն է, որմէ յաւելեալ տեղեկութիւններ կը ստանայ Արամ Հայկազ քաղաքին հերոսամարտին շուրջ, ու անոր մասին կը գրէ. «Ժողովներու մէջ հակոտնեայ եզրերը իրարու բերելու, հաշտեցնելու եւ ներդաշնակելու ձիրք ու կամեցողութիւն ունէր: Համբերող էր: Չէր բարկանար, բայց եթէ բարկանար, բորբոքած Վեսուֆ էր»:

Ունինք այստեղ մեր զոյգ կաթողիկոսներուն – Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Առաջինին եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խորէն Առաջինին – շնորհաւորագիրները ուղղուած Արամ Հայկազին՝ անոր գրական գործունէութեան 50-ամեակին առիթով, նոյն սիրալիրութեամբ գրուած:

Պօղոս Սնապեանէն ընդարձակ գրութիւններ կան: Մէջբերենք. «Ընթերցողին այնպէս կը թուի երբեմն, որ կարդացած էջերը գրագէտի մը կողմէ գրուած չեն, այլ` կենսայորդ մարդու մը հոգիէն, ջիղերէն ու նեարդերէն յորդած եւ թուղթին ակօսներուն անցած զգայնութիւններ են, զեղումներ են, արեան թրթռացումներ, արցունքի այրուածքներ, ձայներ, կարօտներ, որոնք բխելով ինքն իր հոգիին հետ անկեղծ, խանդաբորբ, տառապակոծ սրտի մը խորունկ ալիքներէն, իրենց կարգին շնչառութիւն մը կը բերեն, գունավառութիւն մը, երբեմն՝ ծաւալուն բոյրեր ու հեռուներէն եկած թանկ արձագանգներ»:

Նման վերլուծումներու քիչ անգամ կը հանդիպինք:

Այս հատորին մէջ այսուհետեւ պիտի հանդիպինք անուններուն Բաբգէն Փափազեանի, Աշոտ Նուրեանի, Նուպար Չարխուտեանի, Շահանդուխտի, Մինաս Թէօլէօլեանի, Արմէն Տօնոյեանի, Զաւէն-Լեւոն Սիւրմէլեանի, Գէորգ Աբէլեանի, Էլօ Սարաֆեանի, Քնար Ճինպաշեանի, Յակոբ Օշականի (թէ ինչպէս կը դասախօսէր ան), Յ. Ձորեցիի (Յարութիւն Նաճարեան), նաեւ գրութիւններ Արամ Հայկազի ի Պէյրութ կեցութեան – ուր եւ իր յոբելինական հանդիսութիւնը -, Այնճար այցելութեան մասին, ինչպէս նաեւ, իբրեւ «Յաւելուած», Արամ Հայկազի եւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի շատ հետաքրքրական թղթակցութեան, որուն կը հետեւին մեծարժէք ծանօթագրութիւններ՝ հարստացնելով հատորը:

Ահա վերին աստիճանի անկողմնակալ, արխիւային նիւթերով խտացած գործ մը:

Կը սպասենք Արամ Հայկազին նուիրուած եօթներորդ հատորին՝ կանխաւ շնորհակալութեամբ: Պիտի գտնուի՞ մեկենաս մը, որ փափաքի անոր տպագրութիւնը հովանաւորել` իր անունը կցելով անմահանուն Արամ Հայկազին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին