Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Պատառիկներ՝ Երազային Արեւմտահայաստանէն Սեբաստիա – Սվազ

*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*

1914: Սեբաստիոյ բնակչութիւնը՝ մօտ 70,000: Հայերու թիւը Սեբաստիոյ մէջ՝ 35,000:

2014: Սեբաստիա – Սվազի բնակչութիւնը՝ 435,000: Հայերու թիւը Սեբաստիա – Սվազի մէջ՝ 45:

Եթէ 1915-ի ջարդերը տեղի ունեցած չըլլային, նոյն համեմատութեամբ այսօր Սեբաստիա – Սվազի մէջ 217,000 հայեր պիտի ապրէին:

Ինչու՞ կ’ըսենք «Ո~վ մարդկային Արդարութիւն, թող ես թքնե՛մ քո ճակտին», երբ անդին Աստուածային «Արդարութիւն» մըն ալ կայ, անո՞ր ինչ պիտի ըսենք: Պիտի ըսուի, որ Աստուած «միւս աշխարհին մէջ մեզի հատուցում պիտի տայ»: 301 թուականէն ասդին (երբ ազգովին քրիստոնէութիւնը ընդունեցինք) ա՛յս աշխարհին մէջ ի՞նչ տեսանք, որ «միւս աշխարհէն» խէր սպասենք:

Խարբերդէն ճամբայ ելանք դէպի Սեբաստիա: «Կորուսեալ Հայրենիք»ը մեր սիրտերը կը ճմլէր: Ճամբան կ’անցնէր Մալաթիայէն (շատ գեղեցիկ եւ արդիական քաղաք մը 700 – 750,000 բնակչութեամբ), Խնկալիէն, Հասանճէլլէպիէն եւ Ուլաշէն: Հանդիպեցանք բազմաթիւ գիւղերու որոնց անունները հիմա կարեւոր չեն մեզի համար: «Աչքդ տեսածին չափ» տարածութիւններ, դաշտագետիններ, բլուրներ, գետեր, լճակներ եւ ջրամբարներ…: Եփրատ գետի ջրամբարներէն մէկը այս կողմերն էր: Սրճագոյնի երանգներով հողատարածքներուն վրայ խաղ բռնող ոսկեգոյն հասկերը, կանաչ խոտերուն եւ ծառերուն հետ մտերմիկ կը զրուցէին, մինչ ծառերուն վրայի գունաւոր պտուղները երկինքի կապոյտին եւ ճերմակ ամպերուն հետ արեւու ճառագայթներու իրենց բաժնին մասին կը սակարկէին…։ Այս շրջանը հարուստ է ծիրանի ծառերով: Պատկերացուցէք հասուն ծիրանին՝ վարդագոյն այտիկներով եւ զինք ա՛լ աւելի գեղեցկացնող՝ սեւ կէտերով…։

Բնութեան այս սքանչելի գեղեցկութիւնը սակայն չէր կրնար մեր տրամադրութիւնները բարձրացնել: Այս այն ճամբան էր, ուրկէ ճիշտ 99 տարիներ առաջ մեր նախահայրերը քալած էին դէպի Տէր Զօր, դէպի մահ, դէպի նահատակութիւն:

Մեր պասը կանգ առաւ Հասանճէլլէպի գիւղաքաղաքին մէջ: Գետակի մը քով կեցանք, աղբիւրէ մը ջուր խմեցինք եւ մօտակայ խանութէ մըն ալ գնումներ ըրինք: Մեր մօտ գիւղացի կիներ մեծ կաթսաներու մէջ բաներ մը կ’եփէին, ոմանք ըսին որ «ծիրանի պէքմէզ» կը պատրաստեն: Եփած «պէքմէզ»ին բոյրը խենդանալիք էր:

Գիտէինք, որ այս շրջաններուն մէջ բազմահազար հայեր ջարդուած էին, բայց ճիշդ ու՞ր: Այս գիւղը բնակեցուած է ալաուիներու կողմէ: Ծերուկ ալաուիի մը հարցուցինք, որ ինք լսա՞ծ էր հայերու մասին, թէ գիտէ՞ր ինչեր պատահած էին հայերուն: Ալաուի ծերուկը պահ մը լուռ մնալէն ետք դիմացի բլուրը ցոյց տալով ըսաւ. «Հոն վերը, այդ բլուրներուն վրայ հազարաւոր հայեր մորթուեցան: Ճիշդ այնտեղ սպաննեցին հայերուն»։

Սառեցանք:

Խօսելու տրամադրութիւն չմնաց: Լուռ ելանք պասը եւ ճամբայ ինկանք դէպի Սեբաստիա:

Տիգրան եւ Տօքթ. Պերճ Ղորղորեանները սեբաստացի ծնողքէ կը սերէին (Զարա գիւղէն): Ուխտագնացներուս սովորութեան համաձայն, ան որ իր նախնիներուն ծննդավայրին կը մօտենար, եթէ կը փափաքէր, քանի մը խօսք կ’ըսէր տեղւոյն պատմութեան կամ իր ընտանիքին ապրած դժխեմ ճակատագիրին մասին: Տիգրան Ղորղորեան սկսաւ պատմել իր ընտանիքին ոդիսականը, թէ ինչպէս իրենց գերդաստանէն միայն երկու հոգի ազատած էին: Թուրքերը աքսորը լաւ կազմակերպելու համար, սեբաստացիները 15 խումբերու բաժնած էին: Ղորղորեանները 9-րդ խումբին մէջն էին: Միայն իր մեծ հայրը՝ Վահան Ղորղորեանը եւ հօրեղբօր տղան կ’ազատին, որոնք կը հասնին Հալէպ: Ղորղորեաններու գերդաստանը հիմա 26 հոգիներէ բաղկացած է, հարսերը ներառեալ: Ան բացատրեց նաեւ, թէ այս շրջաններուն մէջ էր, որ իր գերդաստանի անդամները սպաննուած էին: Շատ յուզիչ էին իր խօսքերը: Տիգրանը, այդ հսկայ եւ հժկու մարդը, կու լար: Մեր բոլորին աչքերը թաց էին: Ազդուած էին նաեւ մեր ուղեկցորդ թաթարը եւ խումբին միացած զբօսաշրջիկութեան ընկերութեան թուրք տէրն ու իր ֆրանսացի կինը: Կինը մանաւանդ կը հեծկլտար:

Փոթորկած էին մեր բոլորին հոգիները: Թրքական կառավարութինը 1915-ին այս վայրերուն վրայ հսկայ վրանաքաղաք մը լարած էր եւ հոս հաւաքած 35,000 սեբաստացի հայերը: 8 Նոյենբեր 1915-ին տղամարդիկը կը մեկուսացուին եւ կոտորածը կը սկսի: Մօտ 15,000 մարդ կը ջարդուի այդ օր: Յաջորդ օրերուն թուրք զինուորները կը մօտենան վրանաքաղաքին, ուր միայն կիներն ու մանուկները մնացեր էին եւ կ’ըսեն, որ մօտակայ շրջաններէն քիւրտերը եկած են զիրենք ջարդելու, «ձեր ոսկիները մեզի տուէք որպէսզի ձեզ պաշտպանենք, վերջը այդ ոսկիները ձեզի կը վերադարձնենք…»: Ան որ կը մերժէ տալ ահաւոր տանջանքներու կ’երթարկուի, կը բռնաբարուի եւ ապա կը սպաննուի:

Ահաւոր ջարդ մըն ալ այդ խեղճ կիներուն եւ մանուկներուն տալէն ետք, մնացեալները կ’աքսորեն Հալէպ եւ անկէ Տէր Զօր:

Պասին մէջ մութ զգացումներ պատած էին հոգիս: Ուրեմն մենք հիմա մեր սուրբ նահատակներուն աճիւններուն վրայէն կը քալէինք… գիտէ՞ք ի՜նչ ահաւոր զգացում է այդ: Աչքերս գոց կը տեսնէի երկար կարաւանները մեր ժողովուրդի խլեակներուն: Անոնց սարսափելի ճիչերը ականջներս կը խլացնէին: Մարմինս կը թողար: Մանկութեան երբ Պէյրութի Ֆըրն էլ Շըպպէքի հայկական գերեզմանատունը երթայինք, հայրս սորվեցուցած էր մեզի, որ գերեզմաններուն վրայ չեն կոխեր, մեղք էր: Հիմա ակամայ կը քալէինք մեր նահատակներու ջարդուած ոսկորներուն վրայէն: Գետինը կարծես արիւն կը հոտէր: Հողին տակ, հազիւ քանի մը սանթիմեթր վարը՝ անոնք ննջած էին: Լեռնալանջին փռուած խոտերուն ճիշդ տակը աճիւններն էին մեր անտէր ժողովուրդին: Մեր անմեղ մանուկներուն արցունքներն ու սուրբ արիւնը ոռոգած էին՝ այս բլուրներուն կանաչ խոտերն ու գոյնզգոյն ծաղիկները։ Ամէն մէկ կարմիր ծաղիկի մէջ իմ բարի նախնիներէս արիւնի կաթիլ մը կը տէսնէի։ Ծառերու արմատները պլլուած էին անոնց ոսկորներուն եւ գանկերուն ու կարծէք իրենց սնունդը անոնցմէ կ’առնէին: «Այս ճակատագիրն ի՜նչ սեւ է Աստուած, արդեօք դամբանի մրուրո՞վ է գրուած», պիտի ըսէր Պետրոս Դուրեան:

Սեբաստիոյ մօտերը մեր ճանբուն վրայ անցանք Խանկար գիւղէն: Հոս հանքային տաք ջուրերով աւազաններ կան, որոնց մէջ լողացող մասնաւոր ձուկերը կ’օգտագործուին՝ մորթային «Բսորիասիս» (Psoriasis) հիւանդութիւնը դարմանելու: Հիւանդը կը մտնէ ջուրը, ձուկերը այդ հիւանդոտ մորթը կ’ուտեն եւ կը բուժեն զինք: Ջուրը շողագործօն (Radioactive) է: 2 – 3 տարի բուժուած կը մնան: Եթէ կրկնուի նորէն կ’երթան: Այս աւազանը կը կոչուի «Խանկարը Պալըքլը Քէբլիչէ»: Բուժիչ աւազանները այցելող հիւանդ զբօսաշրջիկներն ու անոնց պարագաները՝ շատ կոկիկ եկամուտ մը կ’ապահովեն Սվազ քաղաքին:

Խանկար նշանաւոր է նաեւ իր շուներով: Այս հսկայ շուները եթէ երկու ոտքերու վրայ կայնին, մինչեւ 7 ոքտ բարձրութիւն կ’ունենան: Նաեւ կ’ըսեն, թէ այս շուներուն խածը աշխարհի ամենազօրաւորն է:

Երբ Սվազ մտանք, քաղաքին կեդրոնը Տիգրան Ղորղորեանի Քանատայի բարեկամներէն մէկուն ծանօթը՝ Պրն. Երուանդ Մղտըս անունով հայ մը միացաւ մեզի: Պրն. Երուանդը ակնոցավաճառ է: Մարդը խանութը գոցեց մեզի հետ քաղաքը պտտելու եւ բացատրութիւններ տալու: Շատ ազնիւ մարդ մըն էր, որուն աղջիկը՝ Լինտան Պոլիս «կարգուած» էր, իսկ տղան՝ Արին, քովն էր: «Զաւակներս շատ քիչ հայերէն գիտեն: Հայերէն խօսող չկայ: Կինս հայ է, հայերէն կը հասկնայ բայց չի կրնար խօսիլ» ըսաւ: Մեր բազմաթիւ հարցումներուն միշտ կը փորձէր լաւ պատասխաններ տալ, հայերէնով: Ըսաւ որ «միայն 45 հայ մնացած է հոս: Կառավարութիւնը մեզի լաւ կը նայի: Գերեզման ունինք: Անապատ Եկեղեցին զինուորականներուն ձեռքն է, երբ պիտի տան չենք գիտեր»։ Իմացանք, որ Պրն. Երուանդին հայրն ու եղբայրները Պէյրութ գացած են եւ հայրը 1968-ին մահացած է: 1978-ին Սբ. Նշան եկեղեցին զինուորականութիւնը քանդած է: Ըսաւ, որ Տէր Գրիգոր Տաղմաթեանը Ծնունդի եւ Զատկուայ տօներուն Պոլիսէն կու գայ ու «թաղում, մկրտութիւն, պսակ իշտէ ատանկ բաներ կ’ընէ»։ Այս շատ ազնիւ եւ ժպտերես մարդը ծանօթացած է նաեւ Հրանդ Տինքին: «Շուտով (28 Յուլիսին) Հայաստան պիտի որ էրթամ»։ Մեզի տարաւ հայկական հին թաղերը: Քաղաքին կեդրոնը շատ լաւ շրջաններու մէջ ժամանակին հայերը զբաղած են ոսկերչութեամբ, արհեստներով, առեւտուրով, վաճառականութեամբ եւ այլապէս: Հայկական շատ մը շէնքեր կանգուն էին, շատերը վերանորոգուած եւ շատ ներկայանալի վիճակի մէջ, անշուշտ սեփականացուած եւ գործածութեան դրուած թուրք զաւթիչներու կողմէ:

Հակառակ, որ միայն երկու ժամ միասին էինք, երբ բաժնուեցանք ասանկ պզտիկ տխրութիւն – կարօտ մը պատեց մեզ:

Սվազը կեդրոնական Անատոլուի քիչ մը հիւսիւս արեւելքի կողմը, Քըզիլըրմաք գետի հովիտին մէջ կը գտնուի: Երկրագործութիւնը գլխաւոր զբաղումը ըլլալով հանդերձ, ճարտարարուեստը, շոգեկառքի կեդրոնական կայանը իր նորոգութիւններու մեծ յարմարութիւններով, հիւսուածեղէնի, սիմենդի, գորգի, բամպակի եւ բուրդի գործարանները, ինչպիս նաեւ առեւտրական ճամբաներու խաչմերուկներու վրայ ըլլալու հանգամանքը, մեծապէս կը նպաստեն իր բարգաւաճման: Ունի նաեւ երկաթի եւ բազմաթիւ այլ հանքային նիւթերու մեծ պահեստներ:

«Թոփրաքդէփէ»ի պեղումները ցոյց տուած էին, որ ՔԱ 2600 թուականին Հիթիթները այստեղերը հաստատուած էին: Հռոմէացիներուն Պոմպէոս զօրավարը, ՆՔ 66 թուականին Միհրդատ թագաւորին երրորդ անգամ յաղթելէ ետք , այս քաղաքը կը գրաւէ եւ զայն կը կոչէ «Մէկալօբոլիս» այսինքն Մեծ Քաղաք: Քաղաքը վերանուանուեցաւ «Սէպասդէ», որ Օգոստոս անուան Յունարէնին իգական ձեւն էր, որ կը նշանակէ «Վեհուհի» կամ «Վեհ Թագուհի»: «Սվազ»ը թրքական ձեւն է «Սեբաստիա»ին: 1021 թուականին Վասպուրականի Հայոց Սենեքերիմ Յովհաննէս թագաւորը Բիւզնդիոնի կայսրին Անին «կը ծախէ», փոխարէնը կը ստանայ Սեբաստիան, հոս կը հաստատուի եւ իր մայրաքաղաքին կը վերածէ զայն:

Օգոստոս 1059-ին թրքական ցեղախումբերը առաջին անգամ ըլլալով կը յարձակին Սեբաստիոյ վրայ: Երբ զանազան ցեղախումբերու միացեալ վոհմակները կը մօտենան քաղաքին, պահ մը կը վարանին յարձակելու, քանի որ եկեղեցիներու գմբէթները զօրանոցներու դիտարաններու կը նմանցնեն: Երբ կ’անդրադառնան, որ քաղաքը անպաշտպան է, կը յարձակին, ժողովուրդին մէկ մասը կը ջարդեն, մեծ մասը կը գերեվարեն եւ քաղաքն ալ կ’այրեն:

Մանազկերտի ճակատամարտէն ետք (1071), յաջորդող մօտ 350 տարիներուն թրքական եւ սելճուգեան զանազան ցեղախումբերու արշաւանքներուն ենթարկուելէ ետք, 1400 թուականին Լենկթիմուր կը յարձակի Սեբաստիոյ վրայ: Քաղաքը 15 օր դիմադրելէ ետք կը յանձնուի: Լենկթիմուր 4000 հայ զինուորներ ողջ – ողջ թաղելէ ետք քաղաքը հիմնայատակ կը կործանէ:

1408-ին կամ 1410-ին Սեբաստիան կ’անցնի օսմանցիներու տիրապետութեան տակ:

Երբ ամերիկացի միսիոնարները իրենց «մարդորսորդութեան» սկսան Սեբաստիոյ մէջ, Հայ Եկեղեցին եւ համայնքը աճապարեցին ազգային դպրոցներ եւ մշակութային միութիւններ կազմել: Այսպէս՝ 1850-ին հիմնուեցաւ «Սենեքերիմ ընկերակցութիւն»ը, 1867-ին բարեսիրական «Աղքատախնամ» եւ «Անձնուէր» ընկերութիւններն ու 1870-ին «Լուսաբեր» միութիւնը: 19-րդ դարու վերջաւորութեան, Սեբաստիոյ Վիլայէթի հայկական ամէն գիւղի մէջ նուազագոյնը մէկ դպրոց բացուած էր։ 1875-ին լոյս կը սկսի տեսնել «Սվազ» շաբաթաթերթը:

Սեբաստիոյ Վիլայէթին մէջ ունէինք 74 ծուխեր, 56 եկեղեցիներ՝ 80,000 անդամակցութեամբ: Իսկ Սեբաստիա քաղաքին մէջ ունէինք վեց Առաքելական եկեղեցիներ – Սբ. Սարգիս, Սբ. Աստուածածին, Սբ. Մինաս, Սբ. Փրկիչ, Սբ. Յակոբ եւ Սբ. Գէորգ, ինչպէս նաեւ չորս վանքեր – Սբ.Նշան, Սբ. Հրեշտակապետ, Սբ. Անապատ եւ Սբ. Խնդրակատար: Առաքելական հայերս ունէինք նաեւ որբանոց մը, ինչպէս նաեւ Արամեան, Սրբոց Թարգմանչած, Ներսէսեան եւ Թորգոմեան վարժարաններն ու երկու մանկապարտէզներ: Կաթողիկէ համայնքը ունէր մէկ վարժարան (Ժէզուիթ), իսկ Բողոքական համայնքը՝ երկու եկեղեցի եւ ութը դպրոցներ: Կար նաեւ Հայկական Ազգային Հիւանդանոց մը (եւ կ՚ակնկալենք, որ թուրքերը չնախանձի՞ն):

Մինչեւ 1978 Սբ. Նշան վանքը որպէս զօրանոց գործածելէ ետք, թրքական «բարեխնամ» կառավարութիւնը պայթեցուց զայն: Իսկ Սբ. Գէորգ եկեղեցին եւ Սբ. Անապատ Վանքը տակաւին կը գտնուին զինուորականներու տրամարդութեան տակ: Իբր թէ մօտիկ ապագային անոնք պիտի վերադաձուին հայերուն:

Քալեցինք Հալիս գետի վրայ նետուած «Սենեքերիմի Ծուռ Կամուրջ»ին վրայէն: Մինչ սեբաստացիները այս կամուրջին վրայէն անցնելով դէպի իրենց սպանդանոցները կ’աքսորուէին, պետական պաշտօնեաները մէկիկ – մէկիկ կը ստուգէին եւ կ’արձանագրէին աքսորուող ընտանիքներուն անունները, որպէսզի որեւէ մէկը «չմոռցուի», չազատի, անմասն չմնայ հայերու վերապահուած «դրախտ»էն: Նման վայրերու մէջ, ակամայ «կը տեսնես» աքսորեալներուն կարաւանները եւ ականջդ կը լեցուի անոնց աղիողորմ ճիչերով: Պէտք է հոն ըլլալ ապրելու այդ տխուր պահերը:

1930-ին հայոց գերեզմանատունը քանդուելով կը վերածուի երկաթուղագիծի կեդրոնական կայարանի: Ղորղորեանները այդ շրջանին մէջ փորձեցին իրենց մեծ հօր եւ նահատակուած գերդաստանին բնակարանները գտնել: Կարգ մը տուներ քանդուած էին, ուրիշ տան մը տեղ մզկիթ մը կառուցուած էր, սակայն կարծեմ երեք տուներ տակաւին կանգուն կը մնային: Քիչ մը նորոգուած էին այդ տուները եւ մարդ կը բնակէր անոնց մէջ: Տիգրանը չ’ուզեց ներս մտնել: Շատ յուզուած էր: Բարկացած:

Սեբաստիայէն դէպի Կապադովկիա ճամբուն վրայ, Տիգրանին եւ Պերճին հետ երկար խօսեցանք իրենց նախնիներուն մասին: «Հիմա որ աչքերովս տեսայ այս ամէնը, վրաս հանգստութիւն մը եկաւ», ըսաւ Տիգրանը:

Գիշերը հինգ աստղանի պանդոկի մը մէջ «կուշտ ու կուռ» ընթրելէ եւ շատ գեղեցիկ պարտէզին մէջ մտերմիկ խօսակցութիւններէ ետք, յանձնուեցանք Մորֆէոս չաստուածի գուրգուրանքին…:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին