Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Պատառիկներ՝ Երազային Արեւմտահայաստանէն Խարբերդ – Էլազիկ

*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*

Մուշէն ճամբայ ելանք դէպի Խարբերդ: 158 մղոն (254 քմ) ճամբան կտրեցինք չորս ժամէն: Թող ներուի ինծի եթէ դարձեալ գովքը հիւսեմ մեր աննման բայց կորուսեալ (առժամապէս) Հայրենիքին: Գեղեցիկ կանաչ դաշտերն ու սիգապանծ լեռները զիրար կը գրկէին ամէն տեղ: Հարուստ այս դաշտերը կ’ոռոգուէին Արածանի գետով եւ անոր մէջ հոսող բազմաթիւ զուլալ գետակներով: Արածանին ծեքծեքումով ու նազանքով իր հանգիստ պարը բռնելէ ետք, կ’երթար միանալու իր մեծ եղբօր՝ Եփրատին:

Խարբերդը կամ Էլազիկը շրջապատուած է բնական Հազար լիճով եւ Քէպան, Քարաքաեա, Քրալքիզ եւ Օզլուճէ ջրամբարներով: «Ծովածաւալ» լիճ եւ զիրար գերազանցող ջրամբարները՝ անհատնում ոռոգման ջուր կրնան հայթայթել շրջանի դաշտերուն: Կրնա՞ք պատկերացնել հարուստ, կարմիրի զարնող սրճագոյն հողը կանաչապատուած եւ հազարաւոր գունաւոր ծաղիկներով կէտկիտուած, երկինքի եւ շրջակայքի լիճերուն կապոյտներուն միջեւ, ճերմակ ամպերուն հետ խաղ բռնած արեւուն փայլուն ճառագայթներով ջերմացած… : Տակաւին չխօսիմ հազարաւոր ծառերուն մասին, որոնք փսփսուքով կը խօսէին իրարու հետ: Պտղատու ծառերը երբեմն կը հրապուրէին մեզ, երբեմն ալ մեր զայրոյթը կը բազմապատկէին…։ Թուրքերը կը վայելէին այս բոլոր բարիքները Հայկեան երկրին: Մերը չէի՞ն ասոնք: Եւ մենք ստիպուած ենք պահ մը նայիլ ու անցնիլ: Պահ մը նայիլ ու… կրկին անգամ անքակտելի հաւատքով երդնուլ, որ պիտի գայ օրը՝ երբ այս բոլորը նորէն մերը պիտի ըլլան: Գիտեմ, ոմանք պիտի ծիծաղին հիմա երազներուս վրայ: Ո՞վ կը համարձակէր երազել անգամ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը կրնայ տապալիլ (գլուխդ վրայ կու տայիր), կամ Սովետական Միութիւնը պատմութեան կրնայ անցնիլ (դէպի Սիպերիա մէկ ուղղութեամբ շոգեկառքով կը ճամբորդէիր), կամ հարիւր միլիոն արաբներուն սրտին վրայ Իսրայէլ մը ստեղծուիլ: Անգլիական կայսրութեան (The British Empire) վրայ արեւը մայր չէր մտներ… հիմա անգլիացիները արեւը տեսնելու համար Միջերկրական ծովու եզերքները պէտք է սլկտան։ Երբոր վաղը Սկովտիան եւ այլ մասերը եւս անջատուին Անգլիայէն, այն ատեն կը խօինք։ Երազէ եւ վազէ երազիդ ետեւէն: Հարիւր տարի առաջ լուսինը բանաստեղծներու ներշնչումներուն աղբիւրն էր: Ո՞ր գիտնականը կրնար երազել, որ օր մը լուսինին վրայ մարդիկ պիտի քալէին (լուսնոտ է կ’ըսէին): Ո՞վ կրնար երազել, որ ձեռքիդ մէջ պզտիկ գործիք մը բռնած պիտի կարենայիր՝ աշխարհի որեւէ անկիւնը եղող ուրիշ մարդու մը հետ խօսիլ, անոր դէմքն ալ դիտելով: Քեզի խենդ ըսելով կը կապէին: Օր մը, օ՜ր մը մենք պիտի տիրանանք մեր երազին (Մեծն Աղեքսանդր իր ողջութեան կայսրութիւնը բաժնեց իր մտերիմ զօրավարներուն, երբ իրեն հարցուցին «քե՛զի ի՞նչ մնաց», ան պատասխանեց «Յոյ՛սը»)։

Մուշէն դէպի Խարբերդ ճամբան շատ մաքուր եւ հանգստաւէտ էր: Կարծէք մեզի համար նոր ասֆալթապատած էին…:

Երբ Խարբերդի մօտեցանք, արուարձաններէն արդէն կրնայինք կռահել, որ շատ արդիական եւ գեղեցիկ քաղաք մը պիտի մտնէինք:

Էլազիկի մէջ տեսանք 1975ին հիմնուած Ֆիրաթ Համալսարանը, որ Արեւելեան Անատոլուի յառաջատար կրթական կեդրոններէն մէկն է:

Դարձեալ լայն ու մաքուր ծառուղիներէ անցնելով սկսանք բարձրանալ բլուրն ի վեր: Հեռուն նշմարելի էր մեծ բերդ մը: Որքան կը բարձրանայինք այնքան կը գեղեցկանար քաղաքին համայնապատկերը: «Այս շրջանը հայկական շրջանն է», ըսաւ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը: Դոկտորը Խարբերդցիի զաւակ էր:

«Խարբերդ» կը նշանակէ «քար» եւ «բերդ» կամ քարէ բերդ: Ըստ ուրիշ տեսութեան մը, Ք.Ա. 2000ական թուականներուն, այս շրջանի մէջ կար «Խար» գիւղը եւ քիչ մը վերը՝ բերդը: Եւ այսպէս գիւղը եւ բերդը իրարու խառնելով ստացուած է Խարբերդը:

Պատմական Խարբերդը Էլազիկէն հինգ քմ. հեռու կը գտնուի:

Խարբերդի բերդը շինուած է կամ աւելի մեծցուած եւ ամրացուած է Ուրարտացիներու կողմէ Ք.Ա. 9-րդ դարուն: Պէտք է կենդանի աչքերով տեսնել բերդը, որպէսզի կարենաս գաղափար մը կազմել անոր մեծութեան մասին, եւ անկէ հետեւցնել՝ Ուրարտական թագաւորութեան հզօրութիւնը:

Մանազկերտի ճակատամարտէն (26 Օգոստոս 1071) քիչ ետք, 1085ին Խարբերդը ինկաւ Սելճուքեան լուծին տակ: 1336ին մոնկոլները գրաւեցին քաղաքը եւ սարսափելի ջարդ մը տուին ժողովուրդին: 17րդ դարուն ենիչերիները եւ քիւրտերը (Քիւրտ Չոպան Օղու Բեկ) ըստ կամս կը ջարդէին եւ կը կողոպտէին անզէն ժողովուրդը: Շարունակական ջարդերուն պատճառով, հազարաւոր հայեր գաղթեցին դէպի արեւելք, յարաբերաբար աւելի ապահով վայրեր:

Խարբերդը ատենին շրջանի ամենայառաջացեալ քաղաքն էր: Ըստ ոմանց շրջանի Աթէնքը: Իր կրթական հաստատութիւններով, վարժարաններով, Աստուածաբանական ուսումնարաններով եւ գոլեճներով այնպիսի զարգացած սերունդ մը պատրաստած էր, որ Օսմանեան կայսրութեան պետական եւ կառավարական բազմաթիւ պաշտօններ անոնց վստահուած էին: Խարբերդը ծաղկուն էր նաեւ արհեստներով, արուեստներով, ճարտարագիտութեամբ, երկրագործական արտադրութիւններով, տեսակաւոր գինիներով, հանքերով ու թանկագին քարերու եւ ոսկիի արհեստանոցներով: Հոս էր նաեւ Սուրեէնի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ կեդրոնը, 11րդ դարուն հաստատուած: Սուրեէնիներու վերջին առաջնորդը (եպիսկոպոսը)՝ Սիրիլ Մանսուր, 1915ին հայերու , ասորիներու եւ այլ քրիստոնեաներու հետ նահատակուեցաւ:

1914ին մօտ 20,000 բնակչութիւն ունէր Խարբերդը, 10,000ը հայ, մնացեալը թուրք, քիւրտ կամ այլազգի:

Յուլիս 1915ին զանգուածային ջարդերը սկսան: Նախ երիտասարդները զինուորագրեցին, խանութները կողոպտեցին որպէս «պատերազմական մթերքներու անհրաժեշտութիւն» (խաղաղութեան դաշինքէն վեց ամիս ետք փոխարժէքը վճարելու թրքական խոստումով…), տուներէն հաւաքեցին ինչ «զէնք» որ կրնային «գտնել», գրաւեցին մինչեւ անգամ խոհանոցի դանակները:

Խարբերդցիներէն շատերը տեղահանութենէն եւ աքսորէն քանի մը օր առաջ, իրենց պաշտօնական փաստաթուղթերը՝ դրամները, ոսկիներն ու թանկարժէք իրերը յանձնեցին կամ պահ դրին ամերիկացի միսիոնարներուն եւ Ամերիկեան հիւպատոսին քով: Ըստ զանազան հաշիւներու, մէկ ամսուայ ընթացքին աւելի քան 100,000 օսմանեան հնչիւն ոսկի պահ դրուեցաւ ամերիկացիներուն քով: Բնականաբար թրքական կառավարութիւնը աքսորէն ետք պահանջեց այդ ոսկիներն ու իրերը որպէս «լքեալ գոյք»: Ամերիկացի միսիոնարներուն եւ հիւպատոսին (Լէսլի Ա. Տէյվիս), կառավարութեան մօտ խարբերդցիներուն տեղահանութիւնն ու ջարդը կասեցնելու բոլոր ջանքերը ապարդիւն անցան: Տեղահանութիւններէն անմէջապէս ետք, թուրքեր սկսան կազմակերպուած կանոնաւորութեամբ կործանել եւ փճացնել հայկական եկեղեցիներն ու հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ աւելի քան 2000 բնակարան: Ջարդերէն ճողոպրածներէն ոմանք հաստատուեցան Արեւելեան Հայաստան (Ռուսահայաստան) Սուրիա, Լիբանան, իսկ ուրիշներ աւելի ուշ Ֆրէզնոյի, Դուլարէի եւ Սան Ուաքին Հովիտի մէջ, Քալիֆորնիա:

Դէպի Խարբերդի Ուրարտական բերդի ճամբուն վրայ հանդիպեցանք հայկական վերաշինուած տուներու: Այս շրջանը «Գուլաքեուղ» կը կոչուէր: Շատ գեղեցիկ եւ ճաշակաւոր տուներ էին, բարձունքի վրայ, սքանչելի տեսարանով: Մօտեցանք բերդին: Ինչպէս ըսի շատ բարձր եւ անառիկ բերդ մըն էր: Մէկ կողմը շատ խորունկ անդունդ էր, միւս երեք կողմերը՝ ժայռերու վրայ շինուած շատ բարձր պարիսպներով ամրացուած: Բնականաբար թրքական զզուելի դրօշակը բերդին վրայ կը ծածանէր:

Հայերը ընդհանրապէս այս բերդին անմիջական շրջակայքին մէջ հաստատուած էին: Առ այդ այցելեցինք Սբ.Աստուածածին եկեղեցին: Միայն մէկ ու կէս պատ մնացած էր այդ փառաւոր եկեղեցիէն: Ես վերէն դիտեցի աւերակները: Չեմ գիտէր եթէ վար իջնողները աղօթեցին կամ ոչ: Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի մեծ հօր հայրը՝ այս եկեղեցիին մէջ ծառայած է իբրեւ քահանայ։

Քիչ մը անդին բազմաթիւ կրպակներ եւ ճաշարաններ կային զբօսաշրջիկներուն ծառայելու: Մօտեցանք: Տեսայ որ հրապարակի նմանող վայրի մը մէկ անկիւնը մարդիկ «Օրչիք շէքէրի» կը պատրաստէին: Մենք այս ճերմակ շաքարին կ’ըսէինք «նշանտուքի» կամ «հարսանիքի» շաքար: Շատ մեծ կաթսայի մը մէջ թարմ նուշ լեցուած էր: Մինչ կրակը տակէն կը վառէր, եփողները կամաց – կամաց ճերմակ շաքարի փոշի, ալիւր, մեղր եւ կաթ լեցնելով կը խառնէին կաթսային պարունակութիւնը: Շատ անուշ կը բուրէր: Շաքարը, ալիւրը, մեղրը եւ կաթը կը պարուրէին նուշերը եւ այսպէս շատ գեղեցիկ ճերմակ գոյն մը կու տային անոր: Քանի մը հատ հրամցուցին, չկրցայ մերժել…: Քիչ ետք երբ խումբին միւս անդամներն ալ եկան ինծի միանալու՝ հարցուցին, որ ի՞նչ կը շինեն մարդիկը: Բացատրեցի: Տիգրան Ղորղորեանը, որ ինծի պէս լաւ ախորժակ ունէր, քիլօ մը գնեց: Միւսներն ալ սկսան նոր պատրաստուած «Օրչիք շէքէրի»էն գնել: Մարդիկը լաւ առեւտուր ըրին: Կնոջս՝ Ալիսին չնայած մէկ պահուն ես ալ քիլօ մը գնեցի քենեկալիս՝ Գէորգին հետ… գաղտնօրէն «համտեսելու»: Ըստ «Ankara Chamber of Commerce»ի, Խարբերդի խոհանոցը Թուրքիոյ երկրորդ ամենաճոխն է, անոր ճաշացանկին վրայ կան 154 տարբեր տեսակի ճաշեր, անուշեղէններ եւ ըմպելիքներ (երանի խարբերդցիներուն…):

Նախապէս Մէզիրէ կոչուող քաղաքամասին մէջ այցելեցինք ասորիներու փոքր եկեղեցին: 7 – 8 ոտք բարձրութեամբ ցանկապատով շրջապատուած տարածութիւն մըն էր: Ներսը տուն մը կար, որուն սենեակներէն մէկը, ուր հազիւ 25 հոգի կրնայ առնել, եկեղեցիի վերածած էին: Ծերուկ ասորի քահանան մեզ դիմաւորեց, ապա տան դրան առջեւ երէցկինը մեզ ներս հրաւիրեց: Իմացանք, որ երէցկինը հայ է: Մտանք ներս: Քանի մը շարք փայտեայ նստարաններու դիմացը փոքր խորան մը կար խաչերով, Աստուածածնի եւ Մանուկին սրբապատկերներով, մոմերով եւ պզտիկ սկիհով մը ամբողջացած: Պատերուն վրայ սրբապատկերներ կային, հին՝ հաւանաբար նուազագոյնը հարիւր տարեկան: Քահանային հետ աղօթեցինք: Իրապէս որ պահը շատ յուզիչ էր: Մեր լումաները դրան քով դրուած գանձանակին մէջ նետելով դուրս ելանք: Այս եկեղեցին եւ քահանան կը ծառայեն նաեւ Խարբերդ մնացած 12 հայ ընտանիքներու հոգեւոր կարիքներուն:

Մեր խումբէն Քէթի Ղորղորեանը կարճ տափատ (շորթ) հագած էր անթեւ վերնաշապիկով: Երբ դուրս պիտի ելլէինք ասորի քահանան դիտողութիւն ըրաւ իրեն՝ իր այդ հագուածքին համար: «Որիշ ատեն ասանք հագուած հոս, այս եկեղեցին մի մտներ» ըսաւ: Խեղճ Քաթիան շատ յուզուեցաւ, բայց իր ամուսինը՝ Տիգրանը, պահը «չարաշահելով», քիթին տակէն խնդալով ըսաւ, «չըսի՞ քեզի, որ մարդավարի բան մը հագուիս, հիմա ինծի ալ ամչցուցիր, այս մարդիկը ի՞նչ պիտի մտածեն մեր մասին, գալ անգամ մեզ ներս պիտի չ’առնեն… յաջորդին ինծի հետ հոս պիտի չգաս»։ Ղորղորեանները նպատակ ունէին քանի մը տարի ետք կրկին անգամ այցելելու Արեւմտեան Հայաստան:

Բակին մէջ ասորի քահանան զանազան տեսակի բանջարեղէններ ցանած էր՝ իր օրապահիկին որպէս օժանդակ: Քիչ մը անդին գերեզմանաքարեր կային: Գացինք այցելելու մեր մեռելները: Ննջեցեալներուն անունները փորագրուած էին քարերուն վրայ – Արաքսի Ստեփանեան, 1312(?)-1940, Թորոս Օղլու Պարսամ, 1332(?)-1974, Մանուկ Վէ (եւ) Սօֆեա գըզը (աղջիկը) Մարիսա, 1334 (? )-1971, եւ տակաւին ուրիշներ (կարծեմ ծննդեան թիւերը իսլամական թուականներն են):

Գացինք վկաները ըլլալու հայկական թաղերու վիճակին: Անխնամ մնացած տուներուն քով կային վերանորոգուած տուներ ալ: Հողէ ճամբաները հարիւր տարի նոյն վիճակով «պահպանած» էին: Յոյս կար, որ յաջորդ հարիւր տարիներու ընթացքին նորոգուէին…։

Մեր խումբէն Ճան Մայքըլ Գասպարեանի նախնիները Խարբերդէն էին: Ճանին հայրը լաւ գծագրիչ էր: Ան իր յիշողութեամբ գծած էր իր հօրենական տունը, քովի աղբիւրով միասին: Երբ կը շրջագայէինք հայկական թաղերը, նկարը ցոյց տուինք հոն կեցած տղոց: Փոքրերէն մէկը «պէն պիլիրիմ պու էվի» (ես գիտեմ այս տունը) ըսաւ եւ մեզ առաջնորդեց դիպի այդ տունը: Իրապէս որ շատ լաւ գծուած նկար էր եւ այդ իսկ   պատճառով տունը գտանք: Պէտք էր տեսնել Ճան Գասպարեանի դէմքին ժպիտը եւ ներքին ուրախութիւնը: Քիչ ետք սակայն, այդ սառած ժպիտին տակ կը տեսնէի սիրտին ցաւը, իրականացած երազին ազդած աւերը այս եօթանասուննոց բարի մարդուն անմեղ հոգիին մէջ: Քարաեաններուն նման այս մարդն ալ ի՛ր հօր տան առջեւ կեցած, չէր կրնար ներս մտնել: Դուռը զարկինք: Կին մը եւ քանի մը աղջիկներ դուռը բացին: Բացատրեցինք թէ ո՞վ էինք եւ հարցուցինք, թէ կրնա՞նք ներս մտնել: «Պույուրունուզ» (հրամմեցէք) ըսաւ տանտիրուհին: Հազիւ ներս պիտի մտնէինք, տան «էրիկ մարդ»ը եկաւ եւ թոյլ չտուաւ որ ներս մտնենք, քանի որ «իրմէ հրաման չէինք առած»: Երկոտանի այդ անասունին մէջ խիղճի ոչ մէկ նշոյլ մնացած էր: Արդեօք Աստուածային բարի գործ մը ըրած չէի՞նք ըլլար, եթէ քարի կտորով մը այդ մարդուն գլուխը ջարդէինք…։ Ուրեմն խե՜ղճ Պրն. Գասպարեանը պիտի չկարենար իր փափաքը ամբողջացնել՝ նոյնիսկ անգամի մը համար ի՛ր հօր բնակարանէն ներս մտնելով:

Գացինք Սբ. Յակոբ եկեղեցին տեսնելու: Ներողութիւն «եկեղեցի՞» ըսի: Սբ. Յակոբ «եկեղեցի»էն միայն քարակոյտ մը մնացած էր, ճիշդ քովը խորունկ փոս մը փորուած, հաւանաբար ոսկի փնտռելու կամ քարակոյտի այդ մասն ալ գետնին հաւասարցնելու:

Որպէս վերջաբան Խարբերդի այս գլուխին, հոս կ’արժէ յիշել քանի մը նշանաւոր Խարբերդցի հայերու անունները (ամբողջական չեն բայց որպէս նմուշ՝ կ’արժէ): Այսպէս, Դոկտ. Մայքըլ Յակոբեան, վերապրողներու մասին վաւերագրական, անձնական վկայութիւններու տեսաերիզները պատրաստողը, Համաստեղը, Ստեփան Մուկարը, Ներսէս Դ. Կաթողիկոսը (1156), Թլկատինցին (Յովհաննէս Յարութիւնեան), Վահան Թոթովենցը, Ռուբէն Զարդարեանը,Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի նախնիները եւ բազմաթիւ այլ մտաւորականներ ու ազգային գործիչներ:

«Օրչիք շէքէրի»ն անուշ ըրինք…։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին