Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Բերիոյ Հայոց Թեմի Եւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդները Այցելեցին Հալէպի Հայկական Ծերանոց

Երկուշաբթի 21 Հոկտեմբեր 2015ի կէսօրուան ժամը 12:00ին, Հալէպի Հայ Ծերանոց այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանն ու Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը, կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»ը:

Շահան Սրբազանն ու Գերապայծառ Միրիաթեանը Ծերանոցի շէնքին մուտքին դիմաւորուեցան Հայ Ծերանոցի տնօրէն Տիար Աւօ Գաթրճեանի եւ Խնամակալութեան փոխ-ատենապետ Պատ. Սիմոն Տէր-Սահակեանի կողմէ, որմէ ետք երկու պատսպարեալներ Ծերանոցի դրան մուտքին ծաղկեփունջեր յանձնեցին երկու առաջնորդներուն:

Գերշ. Տ. Շահանն ու Արհի. Տ. Պետրոս առաջնորդները տնօրէնութեան սենեակը ընդունուեցան: Ներկայ էին Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան եւ Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անձնակազմը:

Հայ Ծերանոցի Մեծ ընտանիքի կողմէ բարի գալուստի խօսքեր արտասանուելէ ետք, առաջնորդները շրջագայութեան սկսան նախ պատսպարեալներու սենեակները մուտք գործելով, ծանօթանացան պատսպարուած մամիկներուն եւ պապիկներուն կացութեան, առանձին-առանձին զրոյցներ ունեցան եւ անոց մասին տեղեկութիւններ ստացան: Առաջնորդները մխիթարական եւ քաջալերական խօսքերով խրախուսեցին պատսպարեալները, ինչպէս նաեւ օրհնութեան եւ փառաբանութեան աղօթքներ վեր բարձրացուցին:

Շրջագայութիւնը շարունակուեցաւ գրեթէ ամբողջ Ծերանոցի սենեակները, Խնամակալութեան եւ Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի նոր պատրաստած եւ կահաւորուած սենեակները, պահեստանոցները, խոհանոցը, լուացքի սենեակը, հանդերձարանները: Ինչպէս նաեւ սրահը, որ կը պատրաստուի Մատուռի եւ հաւաքատեղիի համար: Ծերանոցի տնօրէն Տիար Աւօ Գաթրճեան մանրամասն եւ ամբողջական տեղեկութիւններ տուաւ Ծերանոցի պատսպարեալներուն, սենեակներուն, առողջապահական վիճակի, կենցաղային դժուարութիւններու, անձնակազմի եւ տեղի ունեցած նորոգութիւններու եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Տնօրէն Գաթրճեան Առաջնորդներուն ինչպէս նախապէս ալ տեղեկացուցած էր, բարերարներու կատարած նուիրատուութիւններու մասին այս հանդիպումին ալ բացատրութիւններ տուաւ, որ այդ բարերարներուն կատարած նուիրատուութիւնները իրենց նպատակին կը ծառայեն անշահախնդրօրէն եւ այդպիսով հաստատութեան կարիքները իր կատարելագործումին կը հասնին, քանի որ սուրիական պատերազմի այս օրերուն արդէն թէ՛ բարերարները, թէ՛ բարերարներու նուիրատուութիւնները մեծ անկում կրած են: Միւս կողմէ վերջին պայթումներու պատճառով՝ վնասուած բաժիններուն ալ ականատես եղան Առաջնորդները:

Շրջագայութենէ ետք հիւրերը ընդունուեցան Ծերանոցի փոքր սրահը, ուր յիշատակի լուսանկարներ նկարուեցան, որմէ ետք բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան` կազմակերպութեամբ Հայ Ծերանոցի Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին:

Պէտք է նշել, որ նկատելի էր նաեւ Ծերանոցի եւ պատսպարեալներու մաքրութիւնը, որուն մեծ բաժինը կ՛երթայ Հայ Ծերանոցի պաշտօնեաներուն, որ իրենց նուիրական աշխատանքը կը կատարեն ամենայն պարկեշտութեամբ եւ բծախնդրութեամբ, քանի որ մարդասիրական եւ Աստուածահաճոյ գործ մըն է զոր կը կատարեն եւ անոնք են, որ իրենց վերաբերմունքով մեծ դերակատարութիւն ունին Հայ Ծերանոցի անունը բարձր պահելու մէջ:
Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանն ու Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը աղօթքներով, լաւագոյն տպաւորութիւններով, յոյսով եւ վստահութեամբ ներշնչուած մեկնեցան Հայ Ծերանոցէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին