Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Չեխական «Փլաւ» Ամսագիրի Բացառիկ Համարը Նուիրուած Հայ Գրականութեան Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցին

2015ի Յունիսին լոյս տեսած է չեխական «Փլաւ» գրական ամսագիրի յատուկ համարը` նուիրուած հայ գրականութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: Համարի պատրաստումը իրականացուցած է ամսագիրի խմբագիր Փաւլա Նեհասիլովան` համագործակցութեամբ «ՕՐԵՐ» եւրոպական ամսագիրի: Առաջին անգամ չեխերէնով կը ներկայացուին Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած հայ ժամանակակից գրականութեան նմուշներ, որոնք վերջին տասնամեակներուն արժանացած են ոչ միայն պետական մրցանակներու, այլեւ ընդունելութիւն գտած ընթերցողներու մօտ: Այս մասին կը յայտնէ Orer.eu-ն:

Համարի շապիկը, որուն վրայ գրուած է «100 տարի անց», կը զարդարէ փրակայաբնակ գեղանկարիչ Յովիկ Մուրատեանի յատուկ այս համարին համար պատրաստած կտաւին գունեղ պատկերը:

«Ցեղասպանութիւնը լոկ մէկ ազգի ողբերգութիւնը չէ, այլ ողջ մարդկութեան» վերանագիրով կը բացուի ամսագիրի առաջին հարցազրոյցը գրաքննադատ, արձակագիր եւ թարգմանիչ Ալեքսանդր Թօփչեանի հետ, որ վարած է «ՕՐԵՐ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեանը: Զրոյցին անդրադարձ կատարուած է Ցեղասպանութեան թեմայով լոյս տեսած գրականութեան եւ մասնաւորաբար Թօփչեանի «Եւ անգամ մահից յետոյ» ու «Պանք Օթոման» վէպերուն: Ի դէպ ամսագիրին մէջ տպագրուած է հատուած առաջին վէպէն, որ թարգմանած է չեխ հայագէտ Միլատա Գիլեանովան: Չեխ հայագէտ Աննա Սոխովայի թարգմանութեամբ ալ հրատարակուած է՝ արձակագիր Վահագն Գրիգորեանի «Ժամանակի գետը» վէպէն հատուած մը, նուիրուած Ցեղասպանութեան պատմութեան: Սոխովայի թարգմանութեամբ տեղ գտած է նաեւ արձակագիր Արմէն Շէկոյեանի «Իկտիր» պատմուածքը: Լիպոր Տուորժակի թարգմանութեամբ ներկայացուած է յայտնի դերասանուհի, արձակագիր եւ թարգմանիչ Անահիտ Թօփչեանի «Խենթ աղջիկ» պատմուածքը` «Lady S.D.F.» ժողովածուէն: Առաջին անգամ չեխերէնով կը ներկայացուի նաեւ հատուած ռումանահայ յայտնի գրող, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեանը» գիրքէն, որ արդէն թարգմանուած է եւրոպական տասնեակէ աւելի լեզուներու եւ 2015ի վերջը լոյս պիտի տեսնէ նաեւ չեխերէնով: Գիրքը թարգմանած է չեխ ռումանագէտ Եարմիլա Հօրագովան:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին, գրականութեան ու Ցեղասպանութեան նուիրուած ռուսագէտ Ռատգա Ռուպիլինայի «Հայաստան. տարածութեան, ժամանակի ու սահմաններու միջեւ» էսսէյն ալ լոյս տեսած է հոն։ Ռատգան կ՝աշխատի Երեւանի մէջ` ԵԱՀԿ գրասենեակը: «Փլաւ»ի այս համարին մէջ տեղ գտած են նաեւ արեւմտահայ բանաստեղծութեան նմուշներ` Դանիէլ Վարուժանի ու Սիամանթոյի բանաստեղծութիւնները: Հրատարակուած է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութիւն»էն հատուած: Բանաստեղծական նմուշները տողացի թարգմանած են Հայկ Ութիճեանը, Միլատա Գիլեանովան եւ Մարթինա Փիչմանովան, իսկ յանգաւորումը կատարած է Լուտեգ Լիշգան: Առաջին անգամ չեխերէնով կը ներկայացուի նաեւ հայ դասական Յովհաննէս Թումանեանի «Մի կաթիլ մեղր» գործը` Անտրան Աբրահամեանի թարգմանութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին