Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Թիֆլիսի Մէջ Արա Կիւլերի Ցուցահանդէսը Պիտի Բացուի

Թիֆլիսի մէջ Հոկտեմբեր 16-ին պիտի բացուի պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահադեսը, որ կը կազմակերպեն Վրաստանի Ազգային թանգարանն ու Վրաստանի մէջ Թուրքոյ դեսպանատունը:

«Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» տիտղոսը կրող Կիւլերի  գործերը այսօր կը զարդարեն աշխարհի բազմաթիւ թանգարաններ, մասնաւոր եւ ազգային հաւաքածուներ:

Ան լուսանկարած է այնպիսի աշխարհառչակ մեծեր, ինչպէս Փապլօ Փիքասոն, Սալվատոր Տալին, Ուիլեամ Սարոյեանը, Ուինսթըն Չըրչըլը,  Պեռնարտ Ռասսելը, Ինտիրա Կանտին, Սերգէյ Փարաջանովը եւ ուրիշներ:

Ան իր տեսախցիկով ամրագրած է գրեթէ ամէն ինչ այն քաղաքին մէջ, ուր մեծցած է: Այդ պատճառով անոր յաճախ կ՝անուանեն «Սթամպուլի աչք»:

Ըստ Armradio.am-ի` Կիւլերի աշխատանքները Թիֆլիսի ազգային պատկերասրահին մէջ պիտի ներկայացուին  մինչեւ Հոկտեմբեր 31:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին