Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Տիգրան Թամիրեան Մուշտակագո՞րծ, Թէ՞ Գծագրիչ

*ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆ*

 

Վերջերս շշուկ մը սկսած է տարածուիլ, թէ մուշտակագործ Տիգրան գծագրութիւն ալ կ’ընէ եղեր, ցուցահանդէս ալ պիտի տայ եղեր: Ծանօթներ զարմացած այս լուրը կը փոխանակէին իրարու:

Ես ինքս, ինքնավստահ կ’ըսեմ «Այո»: Տիգրանը երկուքն ալ է:

1952ին էր, որ ծանօթացայ Տիգրանին իր բարեկամ Ֆարաճեանի միջոցաւ, որ ճարտարապետութիւն կ’ուսանէր A.L.B.A., երբ ես քանդակագործութիւն կ’ուսանէի:

Ֆարաճեան յայտնեց, որ իր բարեկամ Տիգրանը կ’ուզէր բարձրաքանդակ մը իր սալոնին մուտքին:

Ծանօթացայ Տիգրանին: Դասական գործ մը կ’ուզէր: Համաձայնեցանք 200 Լ.Ո.-ի, բայց երբ բարձրաքանդակը պիտի զետեղէինք, հարց մը ծագեցաւ: Ո՞վ պիտի վճարէր շրջանակի գինը, որ կը յիշեմ 10 Լ.Ո. էր: Չեմ յիշեր վճարողը ե՞ս եղայ, թէ՞ ինքը՝ Տիգրանը:

Այդ իմ առաջին ապսպրանքս էր, եւ հոս վերջ գտաւ մեր կարճատեւ բարեկամութիւնը, երբ ես մեկնեցայ Փարիզ, ուսումս շարունակելու:

Տարիներ ետք, երբ վերադարձած էի Լիբանան, օր մը դասընկեր Սարգիսին հետ ելանք Ֆարայա Ski ըելու: Գիշեր էր, լուսնի լոյսով կը սահէինք փափուկ ձիւնին վրայ:

Յանկարծ դասընկերս՝ Սարգիս ըսաւ.-

– Զաւէն, բարեկամ մը ունիմ, որ ծանօթացեր է քեզի ժամանակին, կ’ուզէ քեզ տեսնել:

Տիգրանն էր, եւ այդ օրէն մինչ այսօր մնացինք բարեկամներ եւ կը բնակինք նոյն շրջանը, Belle Vue: Տիգրան շատ յաճախ կը կրկնէ.

– Զաւէն, այսքան երկար ապրիլս քեզի է որ կը պարտիմ: Դուն պատճառ եղար, որ տուն մը շինեմ Belle Vue, հեռու Պէյրութի ժխորէն, ապականած օդէն, այսօր այդ քաղաքը վերէն է որ կը դիտեմ:

– Այո Տիգրան, ինչպէս ամէն ինչ վերէն է որ կը դիտես: Եղաւ պատասխանս:

1962-1963 թուականներուն էր, որ Տիգրան փափաք յայտնեց, թէ կ’ուզէր գալ սթիւտիոս բնորդներ գծելու: Այս փափաքը իրականացաւ եւ որոշեցինք ամէն երկուշաբթի երեկոները յատկացնել գծագրութեան: Յաճախ մեզի կ’ընկերանային ուրիշ նկարիչներ ալ:

Երկուշաբթի օր մը, երբ բնորդին հանգիստի ժամն էր, Տիգրան դարակէն գծագրութեան տետրակ մը հանեց եւ սկսաւ թերթատել:

– Զաւէն, այս տգեղ գծագրութիւնները ո՞վ է գծած:

– Տիգրան, դուն ես գծած:

– Ե՞ս, այսքան տգեղ եմ գծած:

– Այո, դուն, երբ տարի մը առաջ սկսած էիր գծել: Տե՛ս, այսօր որքան յառաջդիմած ես: Նոյն բանը պիտի ըսես գալ տարի այսօրուայ գծածներոդ համար:

Շատ յաճախ Տիգրան կ’ուշանար:

– Տիգրան, մօտելը եկած է, ե՞րբ պիտի գաս:

Եւ միշտ նոյն պատասխանն էր

– Թող մերկանայ, կու գամ կոր:

Եւ այսպէս տարիներ ամբողջ շըմինէի եւ դասական երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, իւրաքանչիւր երկուշաբթի երեկոները կը գծէինք, յետոյ կ’երթայինք ծովեզերեայ իտալական ճաշարանը համեղ ճաշեր ճաշակելու:

Տիգրան պատմեց թէ ինչպէս, երբ Փարիզ կը գտնուէր, չորեքշաբթի օրերը երեկոյեան, կ’երթար Փարիզ օբերան եւ ինչ-ինչ ճարպիկութիւններով կը յաջողէր մտնել պարուհիներու, պալըրիններու սրահը, ուր փորձ կ’ընէին, ձեռքը խոշոր տետրակ մը բռնած: Պարուհիները կը զարմանային, երբ կը տեսնէին Տիգրանը, թեւին տակ մեծ տետրակով, կը մօտենային հետաքրքրութեամբ Տիգրանին.-

– Ինչ է, պարոն, մեզի գծելո՞ւ եկած էք:

– Այո, ես ալ Տէկային պէս պարուհիներ կը սիրեմ գծել:

Պարուհիները կը սկսէին պարել եւ Տիգրան կը փորձէր գծել զանոնք, աւելի ճիշդ կը ճգնէր գծել փորձելով:

Աղջիկները կը մօտենային տենսելու այդ անծանօթին գծագրութիւնները: Տիգրան յաճախ ըսած էր,

– Ես ալ Տէկային պէս կը գծեմ:

– Բայց պարոն, ձեր գծագրութիւնները շատ չեն նմանիր Տէկայի գծագրութիւններուն:

– Այո, ճիշդ է: Իմս Տէկային մոտերն տեսակն է:

Աղջիկները իրար նայելով կը հեռանային մոտերն Տէկայէն:

– Տիգրան, կը հաւատայի՞ն ըսածներուդ:

– Չեմ կարծեր, անոնք ալ ինծի չափ կը հաւատային: Կարծեմ:

Ունեցանք հոլանտացի բնորդ մը, որ ոչ միայն գեղեցիկ էր մարմնով, այլ այնպիսի կեցուածքներ ունէր, որ կարծես մեծ արձանագործի մը մէկ քանդակը ըլլար: Մենք մեծ յափշտակութեամբ կը գծէինք եւ չէինք ուզեր, որ ուրիշ մը փոխարիներ զինք: Անունը Թօփսի էր, եւ օր մըն ալ անակնկալ կերպով, առանց լուր տալու բացակայեցաւ եւ մենք վերջնականապէս կորսնցուցինք զինք: Թօփսի դարձած էր հաշիշամոլ մը: Իրենց երկրին համար բնական երեւոյթ էր այդ վիճակը, սակայն Լիբանանի համար՝ ոչ: Թօփսի նետուած էր Ասֆուրիէ հիւանդանոցը եւ աւելի ուշ մահացած: Կորսնցուցինք այդ անփոխարինելի բնորդը:

Տիգրանի գծագրութիւնները հետզհետէ կ’աճէին ու կը մօտենային փրոֆէսինալ նկարիչի մը գործերուն: Աւելին՝ Տիգրան սկսած էր ոճաւորել իր գծագրութիւնները եւ զգալի էր, որ Տիգրանի համար բնորդը, մարմինը նպատակ մը չէր, այլ միջոց մը, ինչպէս պիտի տեսնէք:

Հանգիստի ժամն էր: Սովորաբար կը դնէինք մեր գծագրութիւնները սեղանին վրայ եւ կարծիքներ կը փոխանակէինք: Այդ օր Թորոսն ալ ներկայ էր, ջրաներկի մեծ վարպետը:

Տիգրան դառնալով Թորոսին կատակով մը ըսաւ.-

– Թորոս, նայէ գծագրութիւններու, չե՞ս կարծեր որ ես ալ արուեստագէտ եմ քեզի պէս:

Թորոս, որ բացառիկ հիւմուր ունեցող մէկն էր, շատ արագ պատասխանեց.

– Դուն արուեստագէտ չես: Դուն աղուէստագէտ ես:

Թորոսին ծանօթ էր, որ Տիգրան աղուէսի մորթերով ալ կը զբաղէր:

Եկաւ 1975ը: Քաղաքացիական պատերազմը: Ամէն ինչ կանգ առաւ եւ ոչ թէ միայն դադրեցանք գծելէ, աշխատանոցս ալ գրաւուեցաւ եւ երբ օր մը Փարիզէն վերադարձած էի, ուզեցի այցելել աշխատանոցս: Փորձեցի դուռս բանալ: Չբացուեցաւ: Անծանօթ մը ներսէն բացաւ դուռս:

Ուրեմն, հիմա մեզի կ’իյնայ դիտել Տիգրանի մերկերը եւ զարմանալ, թէ ինչպէ՞ս մուշտակագործ մը կարող էր միաժամանակ արուեստագէտ մը ըլլար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին