*ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ*
Հայ ֆութպոլասէրները եւ մանաւանդ անոնք, որոնք անցեալ դարու եօթանասունականներու առաջին կէսին ապրեցան Երեւանի «Արարատ» ֆութպոլի խումբին վերելքը եւ յաղթարշաւը, մեծապէս յուզուեցան ու ցնցուեցան, երբ Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2015ին իմացան այդ թուականներու «Արարատ»ի անուանի խմբապետ, խումբի «Տինամօ» եւ մեծ յաղթանակներու կերտիչներէն ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԶԱՆԱԶԱՆԵԱՆի մահուան լուրը:
Այն ֆութպոլասէրները, որոնք տարիքի բերումով կամ այլ պատճառներով չէին կրցած հետեւիլ «Արարատ»ի ելոյթներուն եւ անոր իրագործած յաղթանակի լուրերուն, հաւանաբար շատ պիտի չազդուէին կամ հարեւանցիօրէն պիտի անցնէին Յովհաննէս Զանազանեանի անժամանակ մեկնումին այս աշխարհէն: Իսկ մենք համեստաբար ըսենք, որ ժամանակակից եղած ենք «Ոսկեայ Արարատ»ի յաղթական ընթացքին, ուրախանալով անոր յաղթանակներով, տխրելով անոր պարտութիւններով ու ձախողութիւններով եւ «գիշերը ցերեկին խառնած» հետեւելով հայրենի խումբի մրցումներուն, շատ աւելի ազդուեցանք եւ աւելի խոր յուզումի պահեր ապրեցանք՝ տեղեկանալով Զանազանեանի շիջումը եւ անժամանակ մեկնումը այս աշխարհէն:
Այո, ոչ եւս է «Արարատ-73»ի խմբապետ ու խումբի յաղթանակներու եւ ֆութպոլային գագաթներու նուաճման կերտիչներէն Յովհաննէս Զանազանեանը, որ իսկապէս սիրուած եւ յարգուած էր թէ՛ իր խաղընկերներէն, թէ՛ խումբի պատասխանատուներէն եւ թէ մանաւանդ «Արարատ»ի բազմահազար համակիրներէն ու երկրպագուներէն՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Երեւանի Հրազդան մարզադաշտը եւ Լիբանանի, Սուրիոյ ու այլ երկիրներու դաշտերը ողողած արարատասէրներն ու մարզասէրները վկայ են մեր ըսածին:
***
Յովհաննէս Զանազանեան ծնած էր 10 Դեկտեմբեր 1946ին, Աթէնքի մէջ, Յունաստան: Ծնունդէն գրեթէ 69 տարի ետք, 4 Հոկտեմբեր 2015ին, ան կը մահանար քաղաքամայր Երեւանի մէջ, յետ անողոք հիւանդութեան, որմէ կը տառապէր ան վերջին շրջանին:
Յ. Զանազանեան ելոյթ ունեցած է քանի մը խումբերէ, բայց իր խաղը դրսեւորած է Երեւանի «Արարատ» ակումբին մէջ, որուն շարքերէն որպէս միջնապահ կամ կիսապաշտպան խաղցած է 10 տարի՝ 1966-1975: Ան Արարատին հետ կատարած է 243 մրցում, 56 կոլեր նշանակելով այդ ընթացքին:
Արարատի առաջին մեծ յաջողութիւնը իրականացաւ 1971 թուականին, Սովետական Միութեան Ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքի աւարտին, երբ խումբը գրաւեց դասաւորման երկրորդ պատուաւոր դիրքը, որուն շնորհիւ շահեցաւ արծաթեայ մետալները: Բայց իսկական իրագործումը, յաղթանակը եւ ֆութպոլային գագաթի նուաճումը արձանագրուեցաւ 1973ին, երբ Զանազանեանի ղեկավարած «Արարատ»ը միանգամայն շահեցաւ թէ՛ երկրի ախոյեանի տիտղոսը եւ թէ բաժակի մրցաշարքին տիտղոսը, աւարտական մրցումին յետ երկարաձգումի 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր գլխաւոր մրցակից «Տինամօ» Քիեւը: Բաժակի յաջողութիւնը կրկնուեցաւ երկու տարի ետք՝ 1975ին, երբ Յովհաննէս Զանազանեան եւ իր խմբակիցները անգամ մը եւս բարձրացուցին բիւրեղապակեայ բաժակը: Այսինքն չորս տարուան ընթացքին Զանազանեան եւ իր ընկերները (անունները զանց կ’առնենք, որովհետեւ բոլորն ալ հերոսներ էին եւ իրենց բաժինը ունեցան յաղթանակներու կերտումին մէջ) չորս մեծ յաջողութիւններու հասան: 1972ին Միւնիխի մէջ (այն ժամանակ Արեւմտեան Գերմանիա) կայացած ողիմպիական խաղերուն, Յ. Զանազանեան խորհրդային ողիմպիական հաւաքականին հետ դարձաւ պրոնզեայ մետալակիր: Զանազանեան նաեւ ընդգրկուած էր Խ. Միութեան լաւագոյն 33 ֆութպոլիստներու կազմին մէջ:
Ինչպէս կը պարզուի, Յովհաննէս Զանազանեանի դերը մեծ եղած է «Արարատ»ի արձանագրած նուաճումներուն եւ յաղթանակներուն մէջ, առանց թերագնահատելու անոր խաղընկերներուն մասնակցութիւնը եւ դերը յաղթանակներու կերտումին մէջ, որոնց շնորհիւ «Արարատ»ի բոլոր ֆութպոլիստները, նաեւ մարզիչները, յիշենք անուանի եւ մեծ հռչակի տէր Նիքիթա Սիմոնեանը, դարձած էին արարատասէրներուն եւ հայ ֆութպոլիստներուն կուռքը:
***
Անցեալ տարուան Սեպտեմբերին երբ Հայաստան կը գտնուէի, փորձեցի հեռաձայնային կապ հաստատել Յովհաննէս Զանազանեանի հետ: Երկու անգամ զանգեցի անոր բնակարանը, սակայն… անհասկնալի եւ գրեթէ չհնչող ձայն մը լսեցի, որ կարծես չէր կրնար խօսիլ: Անմիջապէս կապուեցայ Ֆութպոլի հայրենի հռչակաւոր մեկնաբան Սուրէն Պաղտասարեանին հետ (Սուրէն Պաղտասարեանի հետ ծանօթութիւնս սկիզբ առած է 1979ի Հոկտեմբերին, երբ ան Լիբանան եկած էր «Արարատ»ի անպաշտօն «դեսպան» Պոյաճեան ընտանիքին հրաւէրով: Խաչատուր Պոյաճեան, Ֆութպոլի Միջազգային իրաւարարի կարգ ստացած առաջին լիբանանահայը, իր երկու զաւակներուն՝ Վազգէնին եւ մանաւանդ Ահարոնին հետ ամէն ինչ կ’ընէին այդ օրերուն եւ 1970էն սկսեալ «Արարատ»ի լուրերը տարածելու համար, մանաւանդ լիբանանեան մամուլի կարգ մը օրկաններուն մէջ), որ ինծի հաղորդեց ցաւալի լուրը. «Յովհաննէս Զանազանեանը լուրջ հիւանդ է եւ չի կրնար այցելուներ ընդունիլ»: Արդէն պարզ էր, թէ անոր վիճակը ծանր է, որ մտահոգութիւն կը պատճառէր բոլոր Յովհաննէսը ճանչցողներուն:
***
Այսօր արդէն մեզմէ հեռացած է «Արարատ-73»ի խմբապետ Յովհաննէս Զանազանեանը: Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ մխիթարութիւն տայ անոր ընտանեկան պարագաներուն ու զինք ճանչցողներուն: Կը մնայ ըսել, որ մեր սրբազան լերան՝ Արարատի անունը կրող հայրենի խումբին երբեմնի անդամ եւ խմբապետ Յովհաննէս Զանազանեանին հոգին՝ թերեւս կը սաւառնի Հայաստանի սահմանամերձ լերան գագաթին, ինչպէս նաեւ Հայկական ֆութպոլի պատմութեան մէջ: Անոր համեստ ոգիէն պէտք է դաս առնեն բոլորը, մանաւանդ մեր օրերու հայ ֆութպոլիստները եւ յատկապէս Հայաստանի հաւաքականին անդամները, որոնք պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն դարձեալ պանծացնելու եւ բարձր պահելու հայկական Ֆութպոլի պատիւն ու անունը: