Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

«Կեանքիս Լաւագոյն Տարիները Անցուցած Եմ ՀԲԸՄի Մէջ». Ռուբէն Քեշիշեան

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ

 Հայրենանուէր գործունէութիւն տանողները միշտ ի պատուի են, մանաւնդ եթէ այդ շնորհալի աշխատանքը հայորդի մը անխափան կը կատարէ հեռաւոր Արժանթինի մէջ 50 տարիներէ ի վեր։ Ան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ, Հարաւային Ամերիկայի ՀԲԸՄի պատասխանատու եւ պատուոյ  ատենապետ  Ռուբէն  Քեշիշեանն է։ «Զարթօնք» լոյս կ՛ընծայէ Ռուբէն Քեշիշեանի հետ կայացած սոյն օգտաւէտ զրոյցը, որ լոյս տեսած է մեր պաշտօնակից «Հայերն Այսօր»ի մէջ:

«Խմբ.»

Ռուբէն Քեշիշեան 1973 թուականէն ի վեր՝ 50 տարիներ շարունակ անդադար աշխատած է ՀայաստանՍփիւռք կապերը ամրապնդելու ուղղութեամբ` ղեկավարելով ՀԲԸՄի վարչութեան քարտուղարի պաշտօնըՀայրենիքին մատուցած նշանակալի աւանդի եւ ծառայութիւններու համար ան  շարք մը բարձրագոյն պարգեւներու  արժանացած է՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան զինք պարգեւատրած է «Մխիթար Հերացի» մետալովՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ պարգեւատրուած է «Գրիգոր Լուսաւորիչ» մետալով, իսկ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անոր շնորհած է «Պօղոս Նուպար» մետալը:

Ռուբէն Քեշիշեանի հայրը Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներէն  եղած է, որուն աչքին առջեւ սպաննած են իր հօրը:  Թուրքի  եաթաղանէն  մազապուրծ ըլլալով`  յայտնուած է Հալէպի ամերիկեան որբանոցին մէջ, իսկ 1927ին հաստատուած է Արժանթին:

Պարոն Քեշիշեան 17 տարեկանէն որպէս ատենապետ սկսած է աշխատիլ Արժանթինի Երիտասարդաց միութեան մէջ` գիտակցութեան մէջ մշտավառ պահելով Հայրենիքին  օգտակար  ըլլալու գաղափարը:

«Ծնողներս ամէն քայլափոխի մեզի կը պատգամէին մեր գործունէութեամբ, կատարած աշխատանքով նեցուկ ըլլալ Հայաստանին, նպաստել Հայրենիքի զարգացման: Հետեւելով անոնց պատգամին` Երիտասարդաց միութեան մէջ 11 տարի շարունակ հայապահպանութեան, հայկական ինքնութեան պահպանման ուղղուած զանազան մշակութային ծրագիրներ իրականացուցած եմ: Աշխատանքիս թիրախին մէջ հիմնականօրէն համայնքի հայ երիտասարդներն էին», յիշեց պարոն Քեշիշեան:

1973-2013 թուականներուն ըլլալով ՀԲԸՄի վարչութեան քարտուղար` Ռուբէն Քեշիշեան շարունակած է մշակութային բուռն գործունէութիւնը: Կ’ըսէ, որ կեանքի լաւագոյն տարիները  անցուցած է ՀԲԸՄի մէջ, որոնք այժմ լուսաւոր ժպիտով կը յիշէ:

Միայն 1973 թուականին  Հայաստանէն հիւրախաղերով Արժանթինի հայ համայնք  այցելած են արուեստագէտներ Ռուբէն Մաթեւոսեան, Էդուարդ Միրզոյեան, Էտկար Յովհաննիսեան, Լուսինէ Զաքարեան եւ շատ այլ ճանչցուած, սիրուած դէմքեր: ՀԲԸՄի ջանքերու շնորհիւ Պուէնոս Այրէս եկած է նաեւ ճատրակի աշխարհի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեան, որ իր այցելութեամբ այնքան  ոգեւորած է համայնքի անդամները, որ դպրոցներէն մէկուն դասասենեակը անոր անունով անուանակոչուած է:

Բոլոր ծրագիրները իրականացած են այն ժամանակի միակ Հայաստանը Սփիւռքին կապող պետական կառոյցի` Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի հետ սերտ համագործակցութեան իբր արդիւնք: Նոյնինքն Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի հրաւէրով՝ Ռուբէն Քեշիշեան 1971 թուականին առաջին անգամ Հայաստան  այցելած է:

Պարոն Քեշիշեան կը յիշէ, որ այդ տարիներուն ընթացքին, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, չեն վհատուած, այլ միախմբուած շարունակած են կատարել բոլոր ծրագիրները` ի շահ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի: Բոլորին մօտ գերակայ խնդիր եղած է հայ մնալը եւ երիտասարդներուն հայրենասիրութեամբ դաստիարակելը:

Ռուբէն Քեշիշեան զրոյցի վերջաւորութեան ջերմութամբ եւ ուրախութեամբ խօսեցաւ Արժանթինի, մասնաւորաբար Պուէնոս Այրէսի հայ համայնքի մասին. «Պուէնոս Այրէսի հայ համայնքը շատ կենսունակ է, որ աչքի կ’իյնայ համախմբուածութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ: Ան Սփիւռքի կարեւոր համայնքներէն մէկն է, այստեղ կ’ապրին այնպիսի հայրենասէր ու նուիրեալ մարդիկ, որոնք իրենց գործունէութեամբ փառք ու պատիւ կը բերեն ոչ միայն Հայաստանին, այլեւ Արժանթինին: Համայնքէն ներս կը գործեն 7 հայկական եկեղեցիներ, բարեգործական, մշակութային միութիւններ, պարախումբեր, երգչախումբեր եւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այլ հաստատութիւններ: Պուէնոս Այրէսի մէջ յայտնի է «Արմէնիա» փողոցը, ուր կը գտնուին հայկական բոլոր կարեւոր կառոյցները` «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցին, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» դպրոցը, ՀԲԸՄի շէնքը, «Մարի Մանուկեան» կրթամշակութային կեդրոնը, «Թէքէեան» մշակութային միութիւնը, «Սարդարապատի» խմբագրատունը, «Արմէնիա» մշակութային միութիւնը,  Դաշնակցութեան ակումբը, Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, Յռաջդիմականները, Այնթապի տունը», եզրափակեց Ռուբէն Քեշիշեան:

Այժմ ալ Ռուբէն Քեշիշեան գործօն մասնակցութիւն կ’ունենայ համայնքին մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն. 2006ին` ՀԲԸՄի հիմնադրման 100րդ տարեդարձին, ընտրուելով ՀԲԸՄի ատենապետ` կը շարունակէ ազգանպաստ ծրագիրներու իրագործումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին