Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Սահմանադրական Փոփոխութիւններ, Հանրաքուէ Եւ Ազատական Ռամկավարութիւն

*ՅԱԿՈԲ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ*

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրած է հրամանագիրը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն կայացնելու: Հրամանագիրին մէջ նշուած է.

«Ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 111-­րդ յօդուածի 2­-րդ եւ 5-­րդ մասերով, հիմք ընդունելով «Հանրաքուէի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 7-­րդ յօդուածի 6-­րդ մասը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու վերաբերեալ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնութեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կողմէ տրուած համաձայնութիւնը` կ՛որոշէ.

Ա. Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն նշանակել 2015 թուականի Դեկտեմբեր 6-­ին:

Բ. Սոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջորդ օրուընէ»:

Ռամկավարական վարչակարգի կարեւորագոյն միջոցառումներէն է հանրաքուէ կազմակերպել համաժողովրդային մակարդակով, որոշում առնելու տուեալ երկրի մը համայն ժողովուրդին վերաբերող հարցերու նկատմամբ, իսկ այս ուղղութեամբ նման հանրաքուէի մը կազմակերպումը առաջինը չէ, իր անկախութեան առաջին իսկ օրէն ի պատիւ իր պետականութեան՝ ռամկավար վարչակարգ որդեգրած Հայաստանի Հանրապետութեան համար:

Նման միջոցառումի մը համար անշուշտ կենսական է, դարձեալ ռամկավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած այն օրէնքը, որ անոր հետ կապուած ամէն քարոզարշաւ «այո»ի եւ «ոչ»ի ճակատներուն համար ըլլայ հաւասար:

Որպէս ռամկավար ազատականներ անկախ մեր անձնական թեր կամ դէմ դիրքորոշումէն տուեալ  սահամանադրական փոփոխութիւններուն, մենք կը հաւատանք, որ տեղին ու ժամանակին սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարելը տինամիք եւ ժամանակակից տուեալ է պետութեան մը համար, զորս երկրին աւելի եւս զարգացման կը մղէ՝ եթէ անշուշտ անոր վերաբերող հանրաքուէն անցնի բացարձակապէս ազատ, արդար, թափանցիկ եւ վստահութեան մթնոլորտի մը մէջ ու մեզի համար հպարտութիւն պիտի ըլլայ այս մէկը վկայել յառաջիկայ Դեկտեմբեր 6ին:

Վերոյիշեալը լաւագոյնս կազմակերպելու համար կենսական է Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւններու դերը, որոնց գոյութիւնը արդարացուած է հայրենի ժողովուրդին քաղաքական միտքը կազմաւորելու, մինչ անոնց քանակն ու գունաւորումները չափանիշն են մեր Հայրենիքի ազատականութեան: Ազատական ռամկավարութիւնը ազգային մեր համակերպութեան երաշխիքն է եւ լաւագոյն կամուրջը՝ խաղաղութեան ու ազգապահպանման:

Ի զուր չէ, որ մեր տարիներու անձնական աշխատանքով ու առաջարկով, վերջապէս ՌԱԿի Գերագոյն Օրէնսդիր Ժողովը, մօտիկ անցեալին որոշ բարեփոխումներ մտցնելով մեր կուսակցութեան Դաւանանքին Եւ Ընդհանուր Ուղեգիծին վերաբերող կուսակցութեանս նպատակին մէջ, աւելցուց հետեւեալ 5րդ յօդուածը. «Սատարել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ ժողովրդային կամքի գերիշխանութեան կիրարկումին եւ ռամկավարական (ժողովրդավարական) ու ազատական սկզբունքներու ամրապնդումին, յարգելով մարդկային հիմնական իրաւունքները, մասնաւոր սեփականութեան իրաւունքը ներառեալ, եւ զարկ տալով ազատ տնտեսութեան»:

Հետեւաբար այսօր Հայրենիքի մէջ գործող իւրաքանչիւր ռամկավար եւ ազատական դաւանանք որդեգրած կուսակցութիւն, ըլլայ ան օրուայ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը, թէ ՌԱԿ անուան տակ գործող Հանրապետական Վարչութիւնը եւ այլ գաղափարական դաւանակից կուսակցութիւններ՝ մենք կը համարենք քոյր կազմակերպութիւններ, որոնց կոչ կ՛ուղղենք ամենայն բծախնդրութեամբ սատար հանդիսանալու մօտակայ հանրաքուէին լաւագոյն կազմակերպման ու ընթացքին:

Ի միջի այլոց եւ այս առիթով կոչ կ՛ուղղենք հայրենի պետականութեան՝ հաւատարիմ մնալ Ազատականութեան գաղափարախօսութեան, որ քաղաքական աշխարհայեացք մըն է հիմնուած ազատութեան ու հաւասարութեան վրայ: Առաջին սկզբունքը շեշտուած դասական ազատականութեան մէջ, իսկ վերջինը աւելի ակնառու նորօրեայ կամ (ընկերային-սոցիալ) ազատականութեան մէջ:

Մենք լիայոյս ենք, որ շուտով քառորդ դար մը բոլորող մեր երիտասարդ անկախ Հայրենիքը, իր աշխարհատարածքին մէջ լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ ռամկավարութեան, ուր աւելի եւս կը զարգանան, կ՛իմաստաւորուին ու կը շեշտաւորուին ազատականութեան հիմքերը հանդիսացող՝ ժողովրդավարական ընտրութիւնները, քաղաքացիական ընկերային իրաւունքներու ապահովումն ու մամուլի, կրօնի, առեւտուրի եւ մասնաւոր սեփականութեան ազատութիւնները: Սկզբունքներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն մեր ասպնջական ժողովուրդին աւելի ապահով եւ արագ սլացքով երթը դէպի լուսաւոր ապագայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին