Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Հրատապ Նիւթ – Անգարայի Պայթիւնի Զոհերուն Թիւը 128ի Բարձրացած է

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ վտանգաւոր զարգացում մը պատահեցաւ, երբ խաղաղապաշտպան բազմամարդ ցոյցի մը ընթացքին երկու պայթումներ որոտացին, որոնք ցուցարարներէն բազմատասնեակ սպանեալներ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ պատճառեցին։ Թուրքիոյ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն նուազ քան ամիս մը առաջ պատահած այս ցնցիչ դէպքին մասին, համաշխարհային լրատուամիջոցները զանազան մեկնաբանութիւններ տուին, մանաւանդ օրինակներ բերելով եւ կապեր ստեղծելով անցեալի՝ 1980ական թուականներու նոյնանման դէպքերուն հետ, առաջինը նշելով 7 Օգոստոս 1982ին Անգարայի Էսենպողա օդակայանին գրաւումը ԱՍԱԼԱի կողմէ ու հասնելով մինչեւ այս տարի հոն եղած պայթումները։ Ատենին թրքական բանակի անմիջական միջամտութեան առիթ կ՛ըլլային այսպիսի դէպքերն ու զարգացումները, սակայն այժմ արտաքնապէս կրաւորական կեցուածք որդեգրած է ան, իսկ վարչապետ Ահմետ Տաւուտօղլու այս պայթումներուն հաւանական պատասխանատուները կը նկատէ ծայրայեղականները, մինչ այլ մեկնաբանութիւններ անոնց հաւանական իրագործողներ կը նկատեն թրքական գաղտնի սպասարկութեան նեցուկը վայելող տարրեր, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի լռութիւն պահպանելու իրողութիւնն ալ նկատի ունենալով։

                                                                                                                                               «Խմբ.»

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տէմիրթաշ ելոյթ ունեցած է 2 օր առաջ, Անգարայի գնացքի կայարանին մօտ խաղաղ երթի ընթացքին տեղի ունեցած պայթիւնի զոհերուն յիշատակին կազմակերպուած արարողութեան ժամանակ:

Ըստ թրքական «Հիւրիյէթ» թերթի կայքին` քիւրտ կուսակցապետը յայտարարած է, որ պայթիւնի հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 128ի`թէեւ կառավարութիւնը կը յայտարարէ 95 զոհերու մասին: «Մինչեւ այս պահը 128 ընկեր կորսնցուցած ենք: 100աւորներ վիրաւոր են:

«Այսօր մենք սուգի մէջ ենք, տխուր ենք, սակայն բարկացած ենք: Ի հարկէ հաշիւ պիտի պահանջենք ըսելով` հրաժեշտ կու տանք մեր եղբայրներուն: Օրը պիտի գայ, բոլորը պատասխան պիտի տան:  Այդ օրերը հեռու չեն: «Պետութիւնը` մեզի, երկիրը` ձեզի» ըսողները ժողովուրդին առաջ պատասխան պիտի տան», ըսած է Տէմիրթաշ:

Շաբաթ օր երկու անձեր անձնասպանական գործողութիւն մը կատարած էին քրտամէտ եւ ձախակողմեան գործիչներու` Անգարայի գնացքի գլխաւոր կայարանին մօտ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ Թուրքիոյ բանակին միջեւ բախումներուն դէմ բողոքի ցոյցի մը ընթացքին:

Կիրակի օրուան ցոյցին ցուցարարները կը բացագանչէին «Ոճրագործ Էրտողան», «Ոճրագործ ոստիկանութիւն»: Մինչ այդ ոստիկանութիւնը ջրցան մեքենաներով փակեց դէպի խորհրդարան եւ կառավարական շէնքեր առաջնորդող ճամբան:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը հերքեց դէպքին որեւէ մեղսակցութիւն: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւուտօղլու յայտնեց, որ յանցագործը կրնայ Տաէշ-ը, ՔԱԿ-ը կամ ծայրայեղ ձախակողմեան արմատականներ ըլլալ: Թրքական ապահովական մարմիններէն պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ըստ նախնական տուեալներու, ականահարումը Տաէշ-ի գործն է: «Հիւրիյէթ տէյլի նիուզ» կը նշէ, թէ ոմանք ակնարկած են, որ դէպքին պատասխանատուները կրնան քիւրտերու յաւելեալ իրաւունքներու պարգեւման ընդդիմացող ազգայնականներ ըլլալ:

Տաւուտօղլու երկրին մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարեց:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին