Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

«Թարգմանչաց Տօն»ը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի Մէջ

Զրադաշտականութեան դէմ քրիստոնէութիւնը անզօր կը մնար, եթէ հայ եկեղեցին եւ դպրոցը հայալեզու չըլլային: Մեսրոպ Մաշտոց նկատեց, թէ հայ ժողովուրդը կանգնած էր վերացման ահաւոր վտանգին դիմաց, որուն դէմ պայքարը կրնար ըլլալ միայն հայ գիր, գրականութիւն եւ դպրոց ունենալով:

Արդ Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2015ին, Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի սրահէն ներս ոգեկոչուեցաւ «Թարգմանչաց Տօն»ը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միջն. Գ. դասարանէն Փաթիլ Պէքարեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ բոլորս հաւաքուած ենք նշելու մեր ոսկեղնիկ տառերու ստեղծման, ինչպէս նաեւ՝ յարգելու Սբ. Մեսրոպ Մաշտոցի, անոր աշակերտներուն եւ այլոց յիշատակը: Հայ լեզուն օծուած է Մեսրոպաշունչ այբուբենով, որ մօր պէս մեզ փրկած է ու կը փրկէ ձուլումէ: Այս աշխարհի արդիականացումը շատ բան կը խլէ մեր լեզուէն: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ նոր սերունդի զաւակները մեծ սիրով եւ գուրգուրանքով պէտք է աշխատին առողջ ու մաքուր պահելու լեզուն եւ որպէս սուրբ մասունք զայն փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն:

Ապա մանկապարտէզի աշակերտները իրենց քաղցրանուագ երգեցողութեամբ ներկայացան «Ա.Բ.Գ.» խմբերգով, որմէ ետք իրենց միանալով Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացան «Իմ Դասագիրք» արտասանութեամբ:

Նախ. Ա.-էն Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները ներկայացան «Հայերէնի Առաջին Ուսուցիչը» թատերախաղով, ներկաները փոխադրելով Վաղարշապատ, ուր Վռամշապուհ արքան, Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսն ու հայ ժողովուրդը համախմբուած էին դիմաւորելու Մեսրոպ Մաշտոցը, որ վերադարձած էր Եդեսիայէն իր հետ բերելով հայոց այբուբենը: Տօնական մթնոլորտ կը տիրէր հոն: Մեր աշակերտներուն կատարողութեամբ թնդաց զուարթ շուրջպարը եւ ներկաները ըմբոշխնեցին անուշաբոյր երգեր ու բիւրեղ բարբառով արտասանութիւններ:

Ապա Միջնակարգի հայերէն լեզուի ու գրականութեան դասատու Պրն. Աւետիս Տիպան ներկայացաւ՝ «Թարգմանչաց Խորհուրդ» դասախօսութեամբ: Ան անդրադարձաւ, որ Մեսրոպ Մաշտոց ճակատագրական քայլ առաւ հայ ժողովուրդի միութեան, զօրութեան ու գոյատեւման համար: Ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ փառաւորուեցաւ մեր լեզուն: Դասախօսին կողմէ պատրաստուած առինքնող շարժանկարներու ցուցադրութեամբ՝ մեր աշակերտներուն մտային գանձարանը ճոխացաւ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ հայ գիրերու գիւտին առնչուած տեղեկութիւններով: Ան իր դասախօսութիւնը եզրափակեց ըսելով, որ Թէքէեանցի աշակերտը պէտք է տոգորուած ըլլայ ուսումնատենչութեամբ, հաւատարմութեամբ իր դպրոցին հանդէպ, ինչպէս նաեւ ընկերասիրութեամբ, ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ:

Վերջապէս վարժարանիս ժրաջան Տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Նաճարեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ Թարգմանչաց Տօնը մեր ազգային ու եկեղեցական ամէնէն կարեւոր տօներէն մէկն է, եւ արդէն այսօր տեսանք ու լսեցինք ամփոփ տեղեկութիւններ մեր թարգմանիչներուն եւ անոնց կատարած հսկայական գործերուն մասին ու անգամ մը եւս լիցքաւորուեցանք մեր մշակութային անգին հարստութեամբ: Ուրեմն Թարգմանչաց Տօնը վառ պահելու ամէնէն ազդու ձեւը հայերէն լեզուն պահպանելն է, սորվիլն ու ծաղկեցնելը: Բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, թէ Մեսրոպ Մաշտոց հայ գիրը ստեղծեց Հայ Ինքնութեան ազգային դիմագիծի պահպանման նպատակով: Տնօրէնուհին իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով աշակերտներուն՝ կառչած մնալու մեր հոգեւոր արժէքներուն, հայ լեզուին ու հայ դպրոցին, որոնք հայը հայ կը պահեն:

Դարերու դիմաց պայքարող հայ ազգը իր հաւատքը, կրօնքը, եկեղեցին, լեզուն, մշակոյթը եւ դպրոցը պահեց շնորհիւ Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած հայոց գիրերու գիւտին եւ անոր իբր հետեւանք ստեղծուած հայատառ գրականութեան: Հետեւաբար այսօր աւելի քան երբեք պէտք է տէր կանգնինք մեզի փոխանցուած աւանդին՝ համաշխարհայնացումի մարտահրաւէրներուն դիմաց կանգնելու:

 

Թղթակից

IMGP1417

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին