Ախալքալաքի շրջանի հայաբնակ Կումպուրտօ գիւղին մէջ բարերարներու նախաձեռնութեամբ ու միջոցներով նոր դպրոց պիտի կառուցուի: 20 տարի ակումբի վթարային շէնք յաճախելէ յետոյ, կումպուրտոցիները պիտի յաճախեն եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան դպրոց: Այս մասին «Հայերն այսօրը» քաղած է jnews.ge կայքէն:
Ծնունդով ջաւախքցի 5 բարերարներ միացած են եւ որոշած Կումպուրտօ գիւղին համար նոր դպրոց կառուցել: Նոր դպրոցի շինարարական աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են: Դպրոցը նախատեսուած է 392 աշակերտի համար: Ան պիտի ըլլայ երկյարկանի, տիպային դպրոց մարզական բոլոր յարմարութիւններով յագեցած` մարզական գոյքէն մինչեւ տարբեր մարզադաշտեր: Դպրոցը պիտի զբաղեցնէ 1700 քառակուսի մեթր տարածք: Շէնքի երկրաշարժային կայունութիւնը 10 աստիճան պիտի ըլլայ:
Բարերարները չեն ուզեր, որ իրենց անունները հրապարակուին, կարեւորը գործն է: Շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտին հասցնել 2017ին:
Այս տարի մինչեւ ցրտելը կը նախատեսուի աւարտել դպրոցի հիմքերու շինարարութիւնը: Նոր դպրոցի շինարարութիւնը ամբողջութեամբ մօտաւոր հաշուարկներով պիտի արժէ 3 մլն տոլար:
1997ին Կումպուրտօ գիւղի դպրոցը հրդեհուած է, եւ այդ ժամանակէն դասերը կ’ընթանան գիւղի ակումբի շէնքին մէջ: Ակումբի վթարային շէնքը այս տարեշրջանին կը յաճախեն 342 աշակերտներ, որ 2014-15ին եղած է 308:
Դպրոցի նոր շէնքի շինարարութիւնը աւարտելէ յետոյ, բարերարները զայն պիտի փոխանցեն Վրաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան:
Պետական միջոցներով այս տարի հիմնովին վերակառուցուած է Ախալքալաքի շրջանի հայաբնակ Պուղաշէն գիւղի դպրոցը, մասնակի վերանորոգման աշխատանքներ իրականացած են Ախալքալաքի հայաբնակ շրջաններու 8 դպրոցներու մէջ: Նոյեմբեր ամիսէն կը նախատեսուի սկսիլ հայաբնակ Գարտիկամ գիւղի դպրոցի հիմնովին վերանորոգման աշխատանքները: Այդ աշխատանքներու իրականացման համար արդէն ելեկտրոնային մրցոյթ յայտարարուած է: Իսկ գարնան կը նախատեսուի վերանորոգում քաղաքի Դերենիկ Դէմիրճեանի անուան թիւ 4րդ դպրոցին մէջ: