Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Մկրտիչ Փորթուգալեան (1848-1921). Հայ Ազգային-Ազատագրական Շարժման Յառաջապահ Դրօշակիրը

Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեանի սոյն ուշագրաւ յօդուածը, նուիրուած Մկրտիչ Փորթուգալեանի ազգանուէր գործունէութեան գնահատման, որ Արմենական կուսակցութեան հիմնադրութեան 130րդ ամեակի սեմին, աւելի եւս կարեւորութիւն կը զգենու, այնտեղ անշահախնդիր դիտանկիւնէ վերագնահատման ենթարկուած ըլլալով ՄՓորթուգալեանի իսկապէս ազգային գործունէութիւնը, որուն համար շնորհաւորելի է յօդուածագիրը իր ցուցաբերած առարկայականութեան, փոխադարձ յանդուրժողականութեան եւ այն գնահատականին, որ կու տայ իր պատկանած կուսակցութենէն դուրս Հայրենիքի ու հայութեան ազատութեան սիրոյն պայքարած մարտիկներուն ։

                                                                                              «Խմբ»

*ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ*

9 ­Հոկ­տեմ­բե­րին կը նշենք (ինք) ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ ժողովուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կի­րին՝ Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի, որ իր յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րով, ազ­գա­յին լու­սա­ւո­րու­մի մեծ գոր­ծով, քաղաքական պայ­քա­րու­նա­կու­թեամբ ու անձ­նա­զո­հու­թեան վարքով՝ հու­նա­ւո­րեց հա­յոց ազ­գա­յին զար­թօն­քը դէ­պի նոր ժամանակ­ներ։

Թէեւ մաս­նա­ւո­րա­բար Ար­մե­նա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ստեղ­ծու­մին կա­պո­ւե­ցաւ իր ա­նու­նը, այդուհան­դերձ Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս հան­դի­սա­ցաւ՝ ընդ­հան­րա­պէս հայկական յեղափո­խու­թեան պայ­ծա­ռա­տես նա­խա­կա­րա­պե­տը։

Յատ­կա­պէս հայ ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թեանց եր­կուն­քի շրջա­փու­լը փա­կած ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դը, ներշնչ­ման իր աղ­բիւր­նե­րու շար­քին, ըստ ար­ժան­ւոյն մեծա­րեց Մ. ­Փոր­թու­գա­լեա­նի դերն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան զար­թօն­քին ո­գե­ւոր­ման մէջ։

Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեան պոլ­սե­ցի էր, ծնած 9 ­Հոկ­տեմ­բեր 1848ին ­Գում ­Գա­բու։ ­Հայ­րը սե­ղա­նա­ւոր մարդ էր, բայց ի տար­բե­րու­թիւն ժա­մա­նա­կի սե­ղա­նա­ւոր­նե­րու մեծ մա­սին՝ յա­տուկ հո­գա­ծու­թիւն ու­նէր հայ գի­րի ու գրա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ։ ­Պա­տա­նի ­Փոր­թու­գա­լեա­նի ազ­գա­յին-գաղափարա­կան կազ­մա­ւոր­ման մէջ վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցաւ իր հօր սե­փա­կան գրա­դա­րա­նը։

Յա­ճա­խեց ­Գում ­Գա­բո­ւի ­Մայր վար­ժա­րա­նը, որ այդ շրջա­նին նաեւ իբ­րեւ ժո­ղո­վա­տե­ղի կը ծառայէր ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը մշա­կող ­Պատ­րիար­քա­րա­նի յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րուն։ 1860ա­կան­նե­րու ­Սահ­մա­նադ­րա­կան եւ հա­կա-­Սահ­մա­նադ­րա­կան բուռն պայ­քա­րի օ­րե­րուն, ­Գում ­Գա­փո­ւի ­Մայր վար­ժա­րա­նը ին­կաւ Ա­մի­րա­յա­կան՝ հա­կա-­Սահ­մա­նադ­րա­կան շրջա­նակ­նե­րուն ձեռ­քը եւ պա­տա­նի ­Փոր­թու­գա­լեան, հա­մակ­րան­քով հա­կո­ւած ըլ­լա­լով ­Սահ­մա­նադ­րա­կան­նե­րուն կող­մը, նա­խընտ­րեց իր դպրո­ցը փո­խել եւ յա­ճա­խել ­Սահ­մա­նադ­րա­կան­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ գտնո­ւող ­Սա­մա­թիոյ ­Սա­հա­կեան վար­ժա­րա­նը։

1859ին կորսն­ցուց հայ­րը, իսկ 1865ին մայ­րը։ Որ­բա­ցած՝ հա­զիւ ­Սա­հա­կեան վար­ժա­րա­նէն շրջանա­ւարտ, 1867ին նե­տո­ւե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ։ ­Կարճ ժա­մա­նակ մը գրա­վա­ճառ-թերթավաճա­ռի մօտ աշ­խա­տե­ցաւ, բայց կ­’ու­զէր ու­սուց­չու­թեան նո­ւի­րո­ւիլ։ Սկ­սաւ հա­րուստ հայերու զա­ւակ­նե­րուն մաս­նա­ւոր դա­սեր տալ։ Եւ երբ ­Պո­լիս ապ­րող եւ­դո­կիա­ցի­նե­րը ի­րենց ծննդա­վայ­րի դպրո­ցին հա­մար յար­մար ու­սու­ցիչ մը կը փնտռէին ու իբ­րեւ այդ­պի­սին մօ­տե­ցան Փոր­թու­գա­լեա­նի, ան բնաւ չվա­րա­նե­ցաւ եւ տե­ղա­փոխո­ւե­ցաւ Եւ­դո­կիա:

Բայց Եւ­դո­կիա ուղ­ղա­կի ա­ղա­յա­կան մտայ­նու­թեանց բոյն էր եւ Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի նման լու­սա­միտ ու­սու­ցիչ մը շատ շու­տով բա­խու­մի մէջ պի­տի գտնո­ւէր։ Այդ­պէս ալ ե­ղաւ եւ Փորթուգալեա­նի ու­սուց­չա­կան եր­կա­րա­մեայ աս­պա­րէ­զը, ա­ռա­ջին այդ հանգրո­ւա­նէն սկսեալ, յատ­կան­շո­ւե­ցաւ մէկ կող­մէ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի կա­տա­րած բա­րե­կար­գում­նե­րով, իսկ միւս կող­մէ աղա­յա­կան խա­ւե­րու կող­մէ հա­լա­ծան­քով եւ կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ իր­բեւ յե­ղա­փո­խա­կա­նի ամբաս­տա­նու­թիւն­նե­րով։

Այդ օ­րե­րուն ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք ընտ­րո­ւած Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ ուղ­ղա­կի իր հովանաւորութեան տակ ա­ռած էր անձ­նո­ւէր ու­սու­ցի­չին, այ­դու­հան­դերձ խա­ւա­րա­միտ տար­րին ճնշու­մը շատ ու­ժեղ էր եւ ­Փոր­թու­գա­լեան կան­չո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս։

1874ին Խ­րի­մեան հրա­ժա­րած էր ­Պատ­րիար­քու­թե­նէն եւ ­Ներ­սէս ­Վար­ժա­պե­տեան յա­ջոր­դած էր անոր։ ­Վար­ժա­պե­տեան ­Պատ­րիարք եւս դրա­կան կար­ծիք ու­նէր ե­րի­տա­սարդ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի մա­սին, որ այդ օ­րե­րուն ստանձ­նած էր «Ա­սիա» թեր­թին խմբագ­րու­թիւ­նը եւ սկսած էր բուռն պայքար մղել հայ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեան դէմ։ ­Փոր­թու­գա­լեան դար­ձեալ ին­կաւ հակահարուածի տակ եւ այն աս­տի­ճան, որ ­Ներ­սէս ­Վար­ժա­պե­տեան իր մօտ կան­չեց ու խոր­հուրդ տո­ւաւ ա­նոր, որ ա­ւե­լի զուսպ ըլ­լայ։ ­Բայց ­Փոր­թու­գա­լեան գտած էր իր ու­ղին եւ անդր­դո­ւե­լի մնաց։ ­Պահ­պա­նո­ղակն­նե­րու պա­հան­ջին ան­սա­լով՝ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը փա­կեց ինչ­պէս ­Փոր­թու­գա­լեա­նի «Ա­սիա»ն, նոյն­պէս եւ ­Պա­րո­նեա­նի «­Թատ­րոն»ը։

Փոր­թու­գա­լեան վերջ­նա­կա­նա­պէս իր յոյ­սե­րը կտրեց ­Պո­լի­սէն եւ նա­խընտ­րեց եր­թալ գա­ւառ­նե­րը, ուր բուն ժո­ղո­վուր­դը կ­’ապ­րէր՝ եր­կու կրա­կի մէջ ին­կած. մէկ կող­մէ օս­մա­նեան կե­ղե­քում­նե­րը, իսկ միւս կող­մէ պահ­պա­նո­ղա­կան­նե­րու ճնշում­նե­րը անշն­չե­լի կա­ցու­թեան մատ­նած էին գաւառնե­րու հա­յու­թիւ­նը։

Ա­միս­ներ տե­ւող շրջա­գա­յու­թիւն մը կա­տա­րեց ­Փոր­թու­գա­լեան հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րուն մէջ։ Հա­սաւ մին­չեւ ­Թիֆ­լիս՝ «Մ­շակ»-ի խմբա­գիր Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի հետ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու եւ գոր­ծակ­ցու­թեան հի­մեր դնե­լու հա­մար՝ ի խնդիր երկ­րի տա­րած­քին հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու բաց­ման ու գա­ւա­ռի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան զար­թօն­քին։ ­Նոյն մի­ջո­ցին եւ նոյն ճամ­բով էր, նաեւ, որ Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի եւ Ար­փիար Ար­փիա­րեա­նի մի­ջեւ սկսաւ սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւն մը, որ պի­տի պսա­կո­ւէր Ար­մե­նա­կան կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­մով։

Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լէ ետք, 1870ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն ­Փոր­թու­գա­լեան հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Վան՝ իբ­րեւ տեղ­ւոյն նո­րա­բաց ­Վար­ժա­պե­տա­նո­ցի ու­սու­ցիչ։ ­Շուրջ չորս տա­րի ան­նա­խըն­թաց ո­գե­ւո­րու­թիւն ա­ռա­ջաց­նող գործ կա­տա­րեց ­Փոր­թու­գա­լեան։ Այդ շրջա­նին Խրիմեան ­Հայ­րիկ իր կար­գին վե­րա­դար­ձած էր ­Վա­րա­գայ վանք՝ կրթա­կան ընդ­հա­նուր շարժ­ման թա­փը ու­ժե­ղաց­նե­լով։ ­Նաեւ ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին եւ ­Պեր­լի­նի ­Դաշ­նագ­րին հե­տե­ւող եռեւե­փու­մի ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր, ինչ որ ­Փոր­թու­գա­լեա­նին առ­ջեւ լայն բա­ցած էր ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի իր գա­ղա­փար­նե­րը ա­ւե­լի յան­դուգն կեր­պով տա­րա­ծե­լու ու­ղին։

Փոր­թու­գա­լեան բա­ռին բուն ի­մաս­տով ոտ­քի հա­նեց ­Վա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը։ Պահպանողական շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ ան դար­ձեալ պե­տու­թեան մօտ ամ­բաս­տա­նո­ւե­ցաւ իբ­րեւ յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րու քա­րո­զի­չի, բայց ­Փոր­թու­գա­լեան այ­լեւս տե­ղի տո­ւո­ղը չէր։ Նոյնիսկ երբ Վար­ժա­պե­տա­նո­ցը փա­կել տո­ւին, ­Փոր­թու­գա­լեան զօ­րա­կից­ներ գտաւ, որ­պէս­զի անոնց օգ­նու­թեամբ իր սե­փա­կան դպրո­ցը՝ ­Վա­նի ­Կեդ­րո­նա­կա­նը հիմ­նէ եւ յա­ւե­լեալ խիզախութեամբ շա­րու­նա­կէ նո­րա­հաս սե­րուն­դի գա­ղա­փա­րա­կան ո­գե­ւոր­ման գոր­ծը։

Այս ան­գամ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կարծ­րու­թեամբ մի­ջամ­տեց եւ 1885ին ուղ­ղա­կի Օս­մա­նեան Կայսրու­թե­նէն դուրս՝ Ֆ­րան­սա աք­սո­րեց ­Վա­նի յե­ղա­փո­խա­կան շունչն ու ո­գին դար­ձած Փորթուգա­լեա­նը։ Ան հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Մար­սէյլ, հիմ­նեց «Ար­մէ­նիա» թեր­թը եւ ամ­բող­ջա­կան նուի­րու­մով փա­րե­ցաւ՝ ա­նոր մի­ջո­ցաւ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան կրա­կը համայն հա­յու­թեան հասց­նե­լու աշ­խա­տան­քին։

Նոյն տա­րին ­Վան մնա­ցած իր հե­տե­ւորդ­նե­րուն հետ, ­Փոր­թու­գա­լեան հիմ­նեց «Ար­մե­նա­կան» կուսակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն գա­ղա­փա­րա­կան հու­նա­ւոր­ման ծա­ռա­յե­ցուց իր թերթն ու գրի­չը։

Մին­չեւ 1921ի իր մա­հը, ­Փոր­թու­գա­լեան հա­ւա­տա­րիմ մնաց հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայքա­րի կրա­կը ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­յու­թեան հասց­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան։

Պատ­մա­կան ծա­նօթ ի­րո­ղու­թիւն է, որ «Ար­մե­նա­կան» ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս զի­ջե­ցաւ նախ Ս.Դ. Հն­չա­կեան ­Կու­սակ­ցու­թեան եւ ա­պա Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան առ­ջեւ՝ ա­նոնց ծա­ւա­լած յեղա­փո­խա­կան-կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծի յան­դուգն մա­կըն­թա­ցու­թեան տակ։ Այ­դու­հան­դերձ Մկրտիչ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի ցա­նած գա­ղա­փա­րա­կան սեր­մե­րը՝ պայ­քա­րի դաշտ մղե­ցին հա­յոց երիտա­սարդ սե­րունդ­նե­րը եւ այդ­պէ՛ս, հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը նո­ւա­ճեց հայ ժողո­վուր­դի ու ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան վե­րա­կանգ­նու­մի մեծ ոս­տու­մը։

Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կի­րին ծննդեան տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած յուշատետ­րի այս հա­կիրճ ակ­նար­կը կ­’ար­ժէ ա­ւար­տել՝ Հ.Յ.Դ. ա­ռա­ջին սե­րուն­դի ա­կա­նա­ւոր դէմքե­րէն եւ ­Մեծ Ե­ղեռ­նի նա­հա­տակ­նե­րէն ­Յա­րու­թիւն ­Շահ­րի­կեա­նի վկա­յու­թեամբ.-

«Ինձ թւում է, թէ 1875-1885 թո­ւա­կան­նե­րի թրքա­հայ սե­րուն­դի այն փոք­րա­թիւ մա­սը, որ նուիրուել է հա­սա­րա­կա­կան դա­տին եւ գնաց միա­նա­լու ե­րեք յե­ղա­փո­խա­կան կուսակցութիւններից մէկն ու մէ­կին, ան­պայ­ման կրել է ­Փոր­թու­գա­լեա­նի ու նրա «­Հա­ւա­տամք»ի սկզբնա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի՛ն կ’ա­սեմ. ­Փոր­թու­գա­լեան մե­նա­կը ե­ղաւ թրքա­հա­յոց մէջ եւ մենա­կը մնաց իբ­րեւ հիմ­նա­դիր ու կազ­մա­կեր­պիչ ըմ­բոս­տաց­ման՝ ընդ­դէմ բռնա­տի­րու­թեան։

«Եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին եմ տես­նում նրա մե­ծու­թիւնն ու ար­ժա­նի­քը, եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին եմ բե­րում նրան իմ ակ­նա­ծան­քի եւ յար­գան­քի հա­ւաս­տի­քը»։

«Ազատ Օր»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին