Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Հեթանոսութի՞ւն… Քրիստոնէութի՞ւն… Թէ ոչ «Կիկոսի Մահը»

*ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ*

Հեքեաթները մեր իրականութեան մէջ միշտ ալ երեւակայութեան ծնունդ չեն, այլ շատ անգամ անոնք քողարկուած իրողութիւններ են, որոնցմէ մէկն է Յովհաննէս Թումանեանի յայտնի «Կիկոսի մահը» հեքեաթը, որ իր մէջ յստակօրէն կ’արտացոլացնէ հայ ժողովուրդի հարազատ ու իսկական պատկերը, որովհետեւ մարդ մը ընդհանրապէս կը գրէ, կը պատկերացնէ այն իրողութիւնները, որ իր շուրջ կը տեսնէ, հետեւաբար այդ իրականութիւններէն մէկն ալ Թումանեանի այս հեքեաթն է:

«Կիկոսի մահը» հեքեաթին նիւթը անգամ մը եւս յիշեցնելու հարկը չենք զգար, նկատի ունենալով, որ գրեթէ բոլորս ալ ծանօթ ենք անոր, «Վա՜յ Կիկոս ճան, վա՜յ որդի ճան» արտայայտութեամբ, այլ կը բաւարարուինք անոր իրականացման հիմնական մի քանի կէտերը փոխանցելով:

Վերջերս հանդիպեցայ այնպիսի մարդոց, որոնք քրիտոնէական հաւատքը կ’ամբաստանեն՝ ըսելով, որ Հայաստանի ու հայութեան ներկայ ցաւալի իրավիճակին պատճառը ան է, որովհետեւ երբ Քրիստոէութիւնը ընդունուեցաւ իբր Հայաստանի պետական կրօն, Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ օրուան թագաւորութիւնը, հեթանոսական ու մեր անցեալին պատկանող բոլոր հարստութիւնները, մշակոյթը եւ գիտութիւնը ոչնչացուցած են, որ իրենց համոզումով աւելի վեհ ու վեր էր քան այն՝ ինչ որ եղած է յետ քրիստոնէացման ժամանակաշրջանին:

Այո իրականութիւն է, թէ Գրիգոր Լուսաւորիչ հեթանոսական բոլոր իրողութիւնները ոչնացուց. պատմութիւնը այդ քանդումներէն կը յիշէ հետեւեալները. «Գրիգոր պետական պաշտօնեաներու ընկերակցութեամբ գործադրութեան կը ձեռնարկէր, եւ Վաղարշապատէ մեկնելով նախ կը կործանէր Մեծամօրի մօտ Երազամոյն կոչուած տեղը` Տիրի մեհեանը, անկէ ետքը Արտաշատի մէջ եղող Անահիտի տաճարը: Արարատի գաւառին պտոյտը լրացնելով կ’անցնէր դէպ արեւմուտք Եկեղեաց կողմերը, եւ հետզհետէ կը քանդէր, Թորգանի մէջ Բարչամինայ, Հանի ամրոցին մէջ Արամազդայ, Երէզ քաղաքին մէջ Անահիտի, Թիլ աւանի մէջ Նանէի, եւ Բաղառիջ գիւղի մէջ Միհրի մեհեանները» (Ազգապատում):

Սակայն պէ՞տք է այս բոլորը որպէս կորուստ դիտել.

Ա.- Նախքա՞ն, թէ ոչ յետ քրիստոնէացման մեր մշակոյթը աւելի բարձր էր կամ է

Մարդիկ յաճախ կը շեշտեն, թէ մեր անցեալի մշակոյթը, բարքերը, սովորութիւններն ու գիտութիւնները նախքան Քրիստոնէութիւնը աւելի հարուստ եւ փառաւոր էին քան յետ Քրիստոնէութեան շրջանը, որովհետեւ Գրիգոր Լուսաւորիչ այդ օրուան թագաւորին ընկերակցութեամբ քանդելէ ետք այդ ամէն՝ չկրցաւ անոր տեղը հիմնել աւելի զօրաւորն ու նորը:

Անգամ մը նման կարծիքներ արտայայտող անձի մը դէմ վիճելէ ետք ըսի, որ ինծի տայ նախքան քրիստոնէական ժամանակաշրջանէն առնուազն երկու կամ երեք մտաւորականի, պատմիչի, փիլիսոփայի անուն… պատասխանը պարզ էր եւ յստակ. «Չեմ կրնար տալ, որովհետեւ անոնց մասին բան չենք գիտեր, որովհետեւ Քրիստոնէութիւնը զանոնք ոչնչացուց…»:

Այստեղ է, որ ծնունդ կ’առնէ Կիկոսի մահը հեքեաթի իրական երեսը… որով յետ քրիստոնէութեան մեր ունեցած բազմաթիւ մտաւորականները, պատմիչները, մատենագիրները, աստղագէտներն ու փիլիսոփաները կ’ափսոսան այն կորսուածին համար, որուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ անգամ չունին: Եւ ցաւալին այն է, որ այդպիսիները մեծաւ մասամբ տեղեակ չեն անգամ գոյութիւն ունեցող յետ քրիստոնէական մշակոյթէն. բազմաթիւ եւ մեծղի հատորներ, անհաշուելի երկեր եւ էջեր, որոնք երբեք կարդացուած չեն, սակայն մարդիկ հակառակ անոր վստահ են, որ գոյութիւն չունեցածն ու չկարդացուածը աւելի փառաւոր է՝ քան գոյութիւն ունեցածն ու դարձեալ չկարդացուածը:

Եւ միշտ ալ այսպէս հայութիւնը Կիկոսի մահը կ’ափսոսանք աշխարհով մէկ, որովհետեւ գոյութիւն չունեցածը աւելի կը գնահատենք՝ քան գոյութիւն ունեցածը: Քրիստոնէացումը ազգի եւ մշակոյթի կործանում նկատող անձերը վստահ եղէք, որ չեն կարդացած Խորենացի, Տաթեւացի, Մխիթար Գօշ, Այգեկցի, Երզնկացի եւ նման բազմաթիւ մատենագիր հսկաներու գործերը, սակայն ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ անոնց էութիւնը չճանչցած, մտային կարողութիւններուն եւ մտածումներուն չծանօթացած, զանոնք աւելի պակաս ու նուաստ կը նկատեն՝ քան գոյութիւն չունեցածը:

Պատմութիւնը կը փաստէ, որ յետ Քրիստոնէութեան մենք ունեցանք այնպիսի մշակոյթ ու գիտութիւն, որ միջնադարեան ժամանակաշրջանին գիտութեան կեդրոններէն մէկը կը նկատուէր Հայաստանը, ուր բազմաթիւ օտար ուսանողներ կու գային կատարելագործելու համար իրենց ուսումը: Այդ ժամանակաշրջանին ունեցած ենք Տաթեւի, Գլաձորի, Հաղբատի, Սանահինի եւ այլ համալսարանները:

Տաթեւի համալսարանը եղած է Հայաստանի դպրոցական կեանքին կեդրոնն ու կազմակերպիչը: Անիկա հայկական դպրոցներուն ուղարկած է բազմաթիւ ուսուցիչներ: Յատուկ խումբերով Տաթեւականները գացած են Հայաստանի տարբեր շրջանները եւ հաստատած են դպրոցներ:

Գլաձորի համալսարանը Մխիթարեան Միաբանութեան Վիեննայի մատենադարանի թիւ 571 ձեռագիրին մէջ, Մատթէոս Գրիչի կողմէ կոչուած է «Աթէնք Պանծալի», որ ցոյց կու տայ համալսարանին Յունական ուսումին հետ մրցակցութիւնն ու հաւասարութիւնը:

13րդ դարուն մեծապէս նշանաւոր էր Հաղբատի համալսարանը: Այդտեղ կ’ուսուցանէին փիլիսոփայութիւն, հռետորութիւն, Աստուածաբանութիւն, երաժշտութիւն եւ ձեռագիրներու նկարազարդում: Ունեցած է բազմաթիւ աշակերտներ, ժամանած աշխարհի զանազան կողմերէն:

Նման բազմաթիւ ուսումնարաններ հիմնուած են 6-14 դարերու ընթացքին, որոնք ծնունդ տուած են Դաւիթ Անյաղթներու, Անանիա Շիրակացիներու, Տաթեւացիներու եւ այլն, որոնք իրենց գիտութեամբ, փիլիսոփայական մտածողութեամբ դարեր ետք տակաւին կը մնան ու կը նկատուին հայ ազգի մեծերէն, շատ անգամ յարգուած նաեւ օտարներէն, որովհետեւ անոնցմէ շատերու երկերն ու գրութիւնները թարգմանուած են նաեւ օտար լեզուներու:

Անցեալին մեր «փառաւոր» մշակոյթէն ոչ ոք տեղեակ ենք մանրամասնօրէն, սակայն յետ քրիստոնէացման շրջանի ստեղծուած գրականութիւնն ու մշակոյթը եւս՝ կը ներկայացնէր հրաշալիք մը, որ իսկութեան մէջ կարելի չէ անտեսել երբեւէ:

Բ.- Ոչնչացածը

Նախ եւ առաջ կ’ուզենք յայտնել այն կարեւոր կէտը, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ հեթանոսական բարքերը ամբողջութեամբ չ՛ոչնչացուց, այլ ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ, որովհետեւ նախ եւ առաջ Քրիստոնէութեան տարածման գործին մէջ Գ. Լուսաւորիչ իր շուրջ հաւաքեց հեթանոս քուրմերը եւ անոնց է, որ Քրիստոնէութեան քարոզիչներ դարձուց, եւ այդ մէկը արդէն իսկ փաստ մըն է, թէ անոնք ամբողջութեամբ չվերացան երկրի երեսէն, այլ ինչպէս պատմութիւնը կը յիշէ, քուրմերը «օժանդակներ կը դառնային, եթէ իրենց օգուտն ալ ապահովուած տեսնէին: Միեւնոյն ատեն ժողովուրդին սովորական զգացումներն ալ իրենց գոհունակութիւնը կը գտնէին, երբոր իրենց հին սովորոյթներն ալ պահուած կը տեսնէին» (Ազգապատում, Գլուխ 68, Ա. Հատոր): «Առաւել զազգս պղծագործ քրմանց եւ զմանկունս նոցա ի նոյն ժողովել. եւ միանգամայն չէր մոռացուեր անոնց դարման ռոճկաց կարգել» (Ագաթանգեղոս, Գլուխ 438):

Պատմիչներ այլ տեղ խօսելով հայկական եկեղեցւոյ ծէսին մասին կը յայտնեն, թէ «Գրիգոր Լուսաւորիչ հետեւելով երկրին եւ ազգին պահանջին ու բնոյթին, եւ շատ ազգային սովորութիւններ հեթանոսական կրօնքէն փոխ առնելով քրիստոնէութեան մէջ մուծած է» (Ազգապատում, Գլուխ 69, Հատոր Ա.), որոնցմէ կը կարծուի ըլլալ Տեառնընդառաջը, որ մինջեւ այժմ հայ ժողովուրդը կը տօնէ:

Հետեւաբար անցեալը ամբողջութեամբ ոչնչացած չենք կրնար սեպել, որովհետեւ ոչ ամէն բան կործանեցաւ, գրեթէ ամէն քուրմ վերածուեցաւ քրիստոնեայ քարոզիչի, պահելով իր մտային զարգացման կարողութիւնները ու աւելի եւս զարգացնելով զանոնք, ամէն կործանած մեհեան վերածուեցաւ եկեղեցիի, իսկ գալով գրականութեան՝ կը կարծենք, թէ հայկական այբուբեն գոյութիւն չունենալուն պատճառով՝ այնքան ալ մեծ գրական հարստութիւն չունէինք, այլ այդ ժամանակաշրջանին ընդհանրապէս դուրսէն բերուած էին ասորերէն կամ յունարէն գիրքեր ու անոնց կորուստը չեմ կարծեր մեծ ցաւ մըն է մեզի համար, որովհետեւ նախ եւ առաջ մերը չէին:

Ցաւալին այն է, որ մեր սգացած կորսուածին ու ոչնչացածին ինչ ըլլալը տակաւին չենք գիտեր… սակայն հասած ենք այն եզրակացութեան, թէ աւելի բարձր է արժէքով քան անկէ ետք ստեղծուածը, սակայն ի՞նչ հիման վրայ է այդ տեսութիւնը… աստղագիտութի՞ւն… Շիրակացին մեծագոյն փաստերէն է նոր մշակոյթի աստղագիտութեան մեր գիտութեան չափանիշերուն. փիլիսոփայութի՞ւն… տասնեակ մը մեծ ու աշխարհի կողմէ յարգուած փիլիսոփաներու անուններ կրնանք տալ, գրականութի՞ւն… գիրերու գիւտի հրաշալիքէն մինչեւ օրս գրուած տասնեակ հազարներով գիրքերը փաստ են. երաժշտութի՞ւն… դարերէն եկող երգերը, շարականները, մեղեդիները փաստ են նոր շրջանի մշակոյթին: Յետ քրիստոնէացման շրջանին արդէն հասցուցինք ամէն բան իր կատարելագործութեան, ըլլայ գրչագրութեան, պատմագրութեան, ուսուման ու փիլիսոփայական միտքին մէջ։ Աշխարհով մէկ ճանչցուած երաժիշտներու ծնունդ տուինք, հայազգի հազարաւոր գիւտարարներ յայտնուեցան վերջին երկու դարերուն. ի դիմաց այս բոլորին մեր անգիտացած կորսնցուցածը ի՞նչ էր… վերացական ու անշօշափելի կարծեցեալ մշակո՞յթ մը…:

Գ.- Գոյատեւելու համար անհրաժեշտը

Բարեկամիս հետ այս նիւթի վէճը վերջ գտաւ հետեւեալ հաստատումովս. «Նոր մշակոյթով մենք կրցած ենք գոյատեւել աւելի քան 1700 տարի եւ այդ մէկը դուն ալ գիտես, սակայն ինծի կրնա՞ս փաստ մը ցոյց տալ, որ անցեալի մշակոյթով, կրօնով ու քաղաքակրթութեամբ մենք պիտի կարենայինք այնքան ժամանակաշրջան գոյատեւել…»:

Առարկութիւն կատարեց, թէ հզօր էինք, բանակի կողմէ, բերդեր ու ամրոցներ ունէինք. երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկաւ բերդերուն տեղ եկեղեցիներ շինեց…: Սակայն այդ մէկը փա՞ստ է, որ մենք կրնայինք գոյատեւել: Դուք եւս գիտէք, թէ բիւզանդացիները, հռոմէացիները, սելճուգներն ու մեմլուքները, մոնկոլական զանազան ցեղեր մեզմէ շա՜տ աւելի զօրաւոր եղած են ըլլայ բանակով, բերդերով եւ պաշտպանութեամբ, սակայն պատմութիւնը փաստ է, որ անոնք այժմ գոյութիւն չունին… սակայն կայ հայութիւն եւ կայ Հայաստան: Բերդերը եւ զօրքերը չկրցան փրկել այդ հզօր ցեղերն ու կայսրութիւնները. ի՞նչ համոզիչ տուեալ, որ մենք պիտի գոյատեւէինք…։

Բոլորս ալ գիտենք, որ մշակոյթը, պատմութիւնը, արուեստը, գիտութիւնը, փիլիսոփայութիւնը եւ գրեթէ ամէ՛ն բան կրօնական վանքերու մէջ են, որ զարգացում գտան, սկսեալ գիրերու գիւտէն՝ Մեսրոպ Մաշտոցէն, որ ինքն ալ հոգեւորական էր:

Յետ Քրիստոնէութեան շրջանին հիմնուեցաւ ու փոխանցուեցաւ հսկայական ժառանգութիւն եւ հարստութիւն, որ անփոխարինելի է այդ վերացական «փառաւոր» անցեալին հետ, սակայն մենք չկրցանք պահել այդ մէկը: Դժբախտաբար սովորութիւն ունինք յանցանքը նետելու ուրիշին վրայ, հասնելու 1700 տարիներ ետ մինչեւ Գրիգոր Լուսաւորիչ կամ Մեսրոպ Մաշտոց… սակայն անկէ ետք 16 դարերու ընթացքին հսկայական մշակոյթ, բարքեր, աւանդութիւններ, գիր-գրականութիւն, ուսումնարաններ, փիլիսոփայական հսկայ գիտութիւն ձգեցին իրենց ետին, բայց մենք ենք, որ չշարունակեցինք… մենք ենք, որ մինչեւ օրս բանալով չենք կարդար անոնց գանձերն ու հարստութիւնները:

Անցեալի չեղածը սգալով՝ «Կիկոսին մահը» ողբալով ազգ մը առջեւ չ՛երթար երբեք. չեղած անյայտը ջատագովելու տեղ, եթէ գոյութիւն ունեցածը մեծարէինք, այսօր մեր վիճակը կ’ըլլար տարբեր, քան ինչ որ ենք: Կարդացէ՛ք Խորենացիին, Այգեկցիին, Մխիթար Գօշին, Գրիգոր Լուսաւորիչին կեանքերը եւ տեսէք, թէ մարդիկ ինչքան յոգնած ու վազած են, հակառակ արդիական կարելիութիւններու պակասին, սակայն կրցած են դարեր իրենց անունները ապրեցնել. Մենք, որ այսօր ունինք ամէն դիւրութիւն, կ’ընենք ճիշդ հակառակը:

Ժամանակն է, որ հասկնանք, թէ ողորմած Կիկոսը երբեւէ յարութիւն պիտի չ՛առնէ իր մեռեալութենէն, սակայն գոյութիւն ունեցած մահամերձ հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը կարդալով եւ տարածելով՝ կրնանք զայն բուժել ու կոչել կեանքի:

Հազար յարգանք անձնուէր նուիրեալներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին