Եթէ ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւնները այլեւս չշարունակուին եւ խօսուի պատերազմական գործողութիւններու մասին, Հայաստանը կը ձեռնարկէ համապատասխան քայլեր, ներառեալ ԼՂՀ անկախութեան ճանաչումն ու ԼՂ անվտանգութեան երաշխիք ըլլալու համար անհրաժեշտ միւս քայլերը:
Այդ մասին ըստ PanARMENIAN.Net-ի՝ Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան միջեւ հերթական հարց ու պատասխանի ժամանակ յայտարարած է՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, պատասխանելով Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանճեանի հարցումին:
Արտաքին գործոց նախարարը նշած է նաեւ, որ Մինսքի խումբի համանախագահները արդէն ուղղորդուած ու հասցէագրուած յայտարարութիւններ կ՛ընեն այն մասին, թէ ով է այդ հրադադարի խախտման պատճառը ու կը նշեն, որ պէտք է անպայման ստեղծուի հրադադարի խախտման հետաքննութեան մեքանիզմ: «Ընդ որում նրանք յայտարարում են, որ Հայաստանը համաձայնւում է այդ մեխանիզմի ստեղծմանը, իսկ Ազրպէյճանը հրաժարւում: Այսինքն դրանով ասում են, որ հրադադարի խախտման եւ միջադէպերի ամբողջ պատասխանատուութիւնը ընկնում է Ազրպէյճանի վրայ», շեշտած է Նալպանտեան:
Ան յիշեցուցած է, որ նախօրէին նաեւ ԱՄՆ Գոնկրէսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոյսը եւ գոնկրէսական Էնկըլը նամակ գրած են Ճէմյս Ուորլիքին, կոչ ընելով յաւելեալ ջանքեր գործադրելու հրադադարի ամրապնդման իմաստով: Ըստ Նալպանտեանի խօսքը կ՛երթայ նաեւ հրադադարի խախտման վերահսկողութեան մեքանիզմի ստեղծման մասին:
«Եռանախագահների նախաձեռնութեանը աջակցել են ոչ միայն միջազգային կառոյցները, այլեւ տարբեր խորհրդարաններ, այդ թւում ամերիկեան Գոնկրէսը, որը բաց նամակ է գրում այդ հարցի շուրջ: Այսօր Ուորլիքն արձագանգել է` նշելով, որ ինքը միանգամայն ողջունում է այդ նախաձեռնութիւնը», ըսած է Նալպանտեան ընդգծելով, որ Երեւանը նոյնպէս կ՛ողջունէ այդ առաջարկը:
Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Ազրպէյճանի անդամակցութեան հաւանականութիւնը մեկնաբանելով, Նալպանտեան նշած է, որ «խօսակցութիւնները ընդամէնը ենթադրուող իրավիճակի մասին են, կառոյցն այսօր այդպիսի հարց չի քննարկում: Այդպիսի որոշումները պէտք է ընդունուեն կ’ոնսենսուսով», շեշտած է ան: