Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Համահայկական Խորհուրդը Պիտի Փոխարինէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Յանձնաժողովը

*ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ*
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»

Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը, 26 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ միաձայն որոշում ընդունեց՝ Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու մասին: Նիստին ներկայ էին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ աշխարհի 40 երկիրներէ, բացառութեամբ Արեւելեան եւ Արեւմտեան ԱՄՆի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:

Ձեւաւորուեցաւ 12 անձերէ բաղկացած Կազմակերպչական յանձնախումբ մը, որուն կազմին մէջ են Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ներկայացուցիչներ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի, ՀՌԱԿ-ի, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Ռուսաստանի Հայերու Միութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան:

Հաւանաբար անուշադրութեան պատճառով, Կազմակերպչական յանձնախումբի կազմին մէջ չէ ընդգրկուած Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ: Սակայն բանաձեւին մէջ յստակ սահմանուած է, որ Համահայկական խորհուրդի կազմին մէջ պէտք է ընդգրկուին Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, Սփիւռքի առանցքային կազմակերպութիւններու, պետական կառավարման կարեւորագոյն մարմիններու, հոգեւոր հաստատութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ընդունուած որոշումին համաձայն `

– Համահայկական խորհուրդը պիտի կրէ խորհրդատուական բնոյթ, պիտի ունենայ տարածաշրջանային եւ թեմատիկ յանձնախումբեր, եւ տարեկան նիստերը պիտի գումարէ Երեւանի մէջ.

– Խորհուրդը պէտք է իր մշտական օրակարգին մէջ ընդգրկէ հետեւեալ հարցերը. ա) աշխարհի հայերու վիճակի մասին համապարփակ ամէնամեայ զեկոյցի քննարկումը, բ) Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ անոր հետեւանքներու վերացման առնչուող խնդիրներու քննարկումը, եւ գ) համահայկական բնոյթի ձեռնարկներու համադրումը:

– Խորհուրդը պէտք է իր անդրանիկ նիստը գումարէ Երեւանի մէջ, 2016 թուականի Սեպտեմբեր 20ին:

– Կազմակերպչական յանձնախումբը պէտք է մշակէ եւ մինչեւ 2016 թուականի Ապրիլ 15ը յանձնաժողովի անդամներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն առաքէ՝ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման, հիմնադիր կազմի եւ կառուցուածքի մասին որոշման նախագիծը, պետական յանձնաժողովի անդամներուն մասնակցութեամբ կազմակերպէ խորհրդատուութիւններ Խորհուրդի հայեցակարգի, կառուցուածքի եւ գործունէութեան կարգի շուրջ, նախապատրաստէ Խորհուրդի առաջին նիստը եւ մինչեւ 2016ի Յուլիս 15ը իրազեկէ յանձնաժողովի անդամներուն առաջին նիստին իրականացման վայրի եւ ժամանակացոյցի մասին:

– Սփիւռքի նախարարը` ՀՀ արտաքին գործոց, մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու, պետական մարմիններու հետ փոխգործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ պետական յանձնաժողովի կազմին մէջ ներգրաւուած` Սփիւռքի կառոյցներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ խորհրդատուութիւններ կազմակերպելու միջոցով, պէտք է նախապատրաստէ «Հայերու վիճակը աշխարհի մէջ» առաջին զեկոյցը. մինչեւ 2016ի Մայիս 1ը զեկոյցի նախագիծը ներկայացնէ պետական յանձնաժողովի անդամներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն` վերջիններուս առաջարկութիւնները ստանալու եւ մինչեւ 2016ի Սեպտեմբեր 20ին կայանալիք նիստը ամփոփելու նպատակով, ինչպէս նաեւ խորհրդատուութիւններ իրականացնել տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ` նախապատրաստելով առաջարկներ Համահայկական խորհուրդի հետ վերջիններուս փոխգործակցութեան ընթացակարգերու վերաբերեալ:

Քննարկման ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան առաջարկեց, որ ի լրումն Համահայկական խորհուրդին, Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ ձեւաւորուին տարածաշրջանային յանձնախումբեր` 2016 թուականի Հայաստանի Հանրապետութեան 25րդ տարեդարձին, եւ 2018ի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 100 ամեակի ձեռնարկներուն կազմակերպման աջակցելու նպատակով:

Իմ խօսքիս մէջ հարցուցի, թէ ինչո՛ւ Համահայկական խորհուրդին մէջ չեն ընդգրկուած հանրութեան ներկայացուցիչներ, որպէսզի հայկական կազմակերպութիւններու անդամ չհանդիսացող հայերու մեծամասնութիւնը ներկայացուած ըլլայ Խորհուրդին մէջ: ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան պատասխանեց, որ իր աշխատակազմը նման գաղափար մը ուսումնասիրած է, սակայն հրաժարած է անկէ՝ հաշուի առնելով հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներու ընտրութեան բարդութիւնը: Ես նշեցի, որ գոյութիւն ունին մեքանիզմներ՝ հայ համայնքներէն ներկայացուցիչներ ընտրելու համար: Նախագահը խնդրեց, որ Կազմակերպչական խորհուրդը նկատի ունենայ նման առաջարկները: Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան եւ նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեան եւս արտայայտուեցան՝ Համահայկական խորհուրդին մէջ հանրութեան ներկայացուցիչներու հնարաւոր ընդգրկման մասին:

Ինչպէս բացատրած եմ իմ նախորդ յօդուածներուս մէջ` Համահայկական խորհուրդը կը վերացնէ իւրաքանչիւր հայկական ճգնաժամի կամ խնդիրի առիթով առանձին յանձնաժողովներ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Իմ կարծիքով նախընտրելի է, որ Խորհուրդի սփիւռքեան անդամները ընտրուին հայկական համայնքներու մէջ իրականացող ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով. սա շատ բարդ գործընթաց է, սակայն դրուատանքի արժանի` յաջող իրագործման պարագային…։

Եւ վերջաւութեան, Սեպտեմբեր 26ի նիստին քննարկում չեղաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան դերի մասին՝ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորումէն ետք: Կազմակերպչական խորհուրդը այս կարեւոր հարցը պէտք է դիտարկէ իր յառաջիկայ քննարկումներուն ընթացքին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին