Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ցեղասպանութեան Դարադարձին – Այց Հայ Յեղափոխութեան Կերտիչներէն Վահէ Արզուեանի Գերեզմանին

*ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ*

Քսանամեակ մը առաջ էր, երբ դէպի օդակայան ճամբուն վրայ, Նիւ Ճըրզիի մեր վաստակաւոր ընկերներէն մին Ֆէյրվիւէն անցած պահուն ըսաւ. «Հոս թաղուած է հայ յեղափոխութեան եզակի դէմքերէն Վահէ Արզուեանը»։ Երկու տասնամեակ էր պէտք, որ Ցեղասպանութեան դարադարձին, ուխտի կարենայի երթալ անոր շիրիմին։ Հաւանաբար «ՌԱԿի Համապարփակ Պատմութեան» աշխատասիրութեանս այս օրերուն, յաճախ հանդիպելով այդ մեծ անունին, յանցաւոր ըլլալու զգացումս մղեց զիս, որ մեր տան մերձակայքը գտնուող այս գերեզմանատան մէջ հանգչող մեր ընկերոջ շիրիմը այցելէի։

Մոռացութեան գիրկը նետուած անուն մը՝ մեր ազգային յեղափոխական կեանքի անցեալի անուններէն։ Կը լսենք մեր աւանդական երեք կուսակցութիւններու անձնազոհ յեղափոխական ծանօթ ընկերներուն անունները յաճախակիօրէն. արդէն մոռցուած անուն մը սկսած է դառնալ Վահէն, աւազանի անունով Ալեքսան(դր)ը։ Կեսարացի, ծնած է 1874ին եւ ազգային ուսումը ստացած Կ. Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանին մէջ։ Կը մեկնի Նանս (Ֆրանսա)՝ մասնագիտանալու երկրագործական մեքենաներու գիտութեան մէջ։ Կ. Պոլիս վերադարձին կ’աշխատակցի «Հայրենիք»ին։

1894-95 Հնչակեան յեղափոխական գործունէութեան մասնակցող ամէնէն յանդուգն երիտասարդ ուժերէն մին էր Վահէն, Արփիարեանի, Արթիւր Օհանջանեանի եւ Տիրան Քէլէկեանի կողքին։ Արփիարեան Փարիզ գալով Չօպանեանին կը վկայակոչէ Արզուեանը՝ որպէս կորովի ու նուիրուած յեղափոխական։

Անշուշտ լայնօրէն արձանագրուած պիտի ըլլայ՝ Արզուեանի յեղափոխական ու ազգային նուիրական կեանքը հատորաշարիս երկրորդին մէջ։ Սակայն հոս կ’ուզեմ տալ անոր կեանքին յատկանշական քանի մը երեսները։

Արզուեան կ’ունենայ կարեւոր դեր Պապ Ալիի 1895ի ցոյցին մէջ. անմիջապէս ետք Զէյթունի ապստամբութեան շրջանին, ան ապստամբներուն կը հասցնէ նիւթական լայն օգնութիւն։ Հայոց առաջին կոտորածէն յետոյ, Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ հայ բողոքարկու համախմբումին պարագլուխներէն ըլլալով կը ձերբակալուի ու բանտ կը տարուի։ Սակայն ֆրանսական դեսպանատան միջամտութեամբ կրնայ ազատուիլ։

Պոլսոյ Հնչակեան մասնաճիւղին կողմէ կը մեկնի Լոնտոն՝ հաշիւ պահանջելու Նազարբեկեանի գլխաւորած կեդրոնէն, որ Զէյթունի ապստամբութեան համար հասած մեծագումար նուէրները չէր փոխանցած ապստամբներուն, որ բողոքի ալիք մը յառաջացուցած էր հնչակեան շարքերուն մօտ։

Հնչակեան պառակտումը այլեւս անխուսափելի էր։ Արփիարեան, Արզուեան, Տամատեան, Ռշտունի, Սուրէնեան, Բաշալեան, Սվազլը, Մկրտիչեան եւ ուրիշներ կորսնցուցած էին հաւատքը Նազարբէկի եւ կովկասահայ հնչակեան գործիչներու նկատմամբ, մանաւանդ որ այդ արեւելահայերը առաւելաբար կ’առաջնորդուէին ընկերվարական իտէալներով, մինչ հայկական հարցը գերազանցապէս ազգային հարց մըն էր, հեռու միջազգային տնտեսական զանազան վարդապետութիւններէ։

Արզուեանի համար Կիլիկեան երազը կը մնար ամէնէն շօշափելի յենարանը՝ գալիք ազգային համընդհանուր յեղափոխական շարժումին։ Հայկական պետութեան մը ստեղծումի կորիզը Արզուեան կը տեսնէր Կիլիկիոյ մէջ։ Այսպէս ալ ան կը հաստատէ մնայուն եւ սիրալիր յարաբերութիւններ ֆրանսացի Փիէր Քիյեարին ու Վիքթոր Կերարին հետ։

Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք՝ Արզուեան, որ թրքական ոստիկանութեան կողմէ փնտռուող հայն էր, գաղտնաբար կը մեկնի Կ. Պոլիս՝ կուսակցական կազմակերպչական աշխատանք տանելու։ Սակայն կը ստիպուի դարձեալ գալ Փարիզ։ Ան կ’ուզէր փորձ մը կատարել Սուլթան Համիտի հետ ուղղակի բանակցութեան նստելու, կարգ մը զիջումներ պահանջելով անկէ։ Թէեւ «Հայ Յեղափոխական Կեդրոնական Քոմիթէ»ն փոքր խմբակ մըն էր Արզուեանի գլխաւորութեամբ, սակայն անոր տրուածը խոշոր անուն մըն էր։ Նոյն օրերուն Արզուեան կը ստիպէր, որ դաշնակցականներն ալ մասնակից ըլլային այդ բանակցութեան։ Թէեւ այդ պաշտօնապէս վերակազմեալներու նախաձեռնութիւնը չէր, սակայն Վահէն տեղակ կը պահէր բոլոր անցուդարձերուն։ Եթէ Սուլթանը այդ օրերուն զիջումներու տրամադրութեան մէջ անկեղծ ըլլար, թերեւս թրքահայ ժողովուրդին ծանր պայմաններուն բերէր որոշ բարելաւում։ Բանակցութեանց արդիւնքը եղաւ որոշ թիւով հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը։

Արզուեան մեծ դեր կատարեց հայ ունեւոր դասակարգին մօտ Հայ Դատի բրոբականտի աշխատանքին մէջ եւ ասոր որպէս արդիւնք այդ մեծահարուստներէն կրցաւ նիւթական միջոցներ ապահովել. սակայն ոչ անպայմանօրէն այդ օգնութիւնը հասաւ յեղափոխականներուն, հարկ եղաւ երբեմն գործածել բիրտ միջոցներ եւ սպառնալիքներ, որոնց զոհ գացին ծանօթ ազգայիններ։

Իբր խիզախ կուսակցական յաճախ տարակարծութիւններ ունեցած է գաղափարի իր ընկերներուն եւ յատկապէս Արփիարեանի հետ։ Ժողովներու մէջ եղած է սկզբունքային եւ անդրդուելի։ Մաղթած է մի՛շտ միացեալ ուժերով յառաջ տանիլ յեղափոխութիւնը, սակայն միշտ ալ դէմ յանդիման գտնուած է օրուան կուսակցական ղեկավարներուն հետ։ Արզուեան կենսական կը գտնէր դաշնակցականներու եւ հին հնչակեաններու միացումը վերակազմեալ հնչակեաններուն, նախ վերջ դնելու համար իրենց սպառիչ ու քայքայիչ հատուածական վէճերուն եւ համաձայնելու՝ իրենց ճիգերն ու ուժերը կեդրոնացնելու այն սահմանափակ եւ ամուր, հնարաւոր ու բեղմնաւոր ծրագրին վրայ, որ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան ծրագիրն էր եղած։ Թէեւ շրջան մը հին ու նոր հնչակեանները միացան, սակայն այդ երկար չտեւեց Մխօ-Շահէնի եւ Գարեգին Չիթճեանի եղբայրասպան անարգ սպանութիւններով։

Արզուեանի համար Կիլիկեան երազը մնաց առաջնահերթ ազգային կարեւորագոյն հարց։ Իրեն միացաւ Արշակ Չօպանեան։ Ցաւալի էր, որ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, որ բարոյական մեծ ուժ մը կը ներկայացնէր, ոչ կրցաւ միւս հայ կուսակցութիւններուն հետ միացումը յաջողցնել, ոչ ալ ինք գոյացնել իր համախմբած հոգեկան ուժերուն հետ` նիւթական կարեւոր զօրութիւն մը, որպէսզի կարողանար ձեռնարկել իր էական ծրագիրին գործադրութեան։ Արզուեան յամառօրէն աշխատանք տարաւ այդ միացումը գոյացնելու ծրագիրին։ Հեռու կը մնար կուսակցական ռէքլամի համար հապճեպ սարքուած ձեռնարկներէ եւ աւելորդ բրոբականտէ ու ժողովուրդը ապակողմնորոշող կոչերէ։

Կիլիկեան երազով ունեցաւ նաեւ հանդիպում Լորտ Պրայսի եւ ուրիշ քանի մը անգլիացի գործիչներու հետ՝ կրելով այն տպաւորութիւնը, թէ Անգլիա որոշում տուած չէր Կիլիկիայով մասնաւորաբար զբաղելու եւ ոչ ալ թրքահայ հարցը իր ուրոյն պաշտպանութեան տակ առնելու ծրագիր ունէր։ Պրայս ասով հանդերձ դարձեալ դիմում կատարեց անգլիական կառավարութեան մօտ՝ բայց ապարդիւն։

Սպասուած Կիլիկեան ապստամբութեան երազը փուլ եկաւ անգամ մը եւս ու մնաց միայն երազ։ Արզուեան զայրացած էր, պահ մը կարծած էր, թէ իր տարիներու այդ բաղձանքը մօտեցած էր. պատրաստ էր մեկնելու կռուի վայրը եւ կազմակերպելու այդ աշխատանքը։ Սակայն կը սկսէր մեղադրել իր ընկերներն ու բարեկամները, բայց այդ բոլորը անհիմն էին։ Ունեւոր հայեր թէեւ կային, բայց ծրագիրը կը պահանջէր մեծագումար դրամ եւ այդ կարելի չէր յատկացնել։ Հարուստներ հաւատք չունէին, որ հայը զէնքով կրնար ոեւէ արդիւնքի հասնիլ։

1916ին թէեւ Թրքահայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ հայ չէր մնացած, սակայն Ազգային Պատուիրակութեան եւ Ֆրանսական կառավարութեան միջեւ տեղի ունեցած բանակցութեան հետեւանքով` Թրքահայ Դատը նորէն կեանք կ’առնէր։ Կիլիկեան ինքնավարութեան մը հարցը մասնաւորաբար օրակարգի նիւթ կը դառնար։ Կը կազմուէր Արեւելեան (Հայկական) Լէգէոնը եւ դարձեալ հայ զինուորն ու յեղափոխականը կը մեկնէին ճակատ։ Սակայն Ֆրանսայի աղիտաւոր քաղաքականութեամբ Քեմալական Թուրքիոյ կը յանձնուէր Կիլիկեան։

Այլեւս յուսահատած Արզուեան կը քաշուի կուսակցական պատասխանատուութիւններէ։ Կը մնայ ջերմ ազգասէր մը` կը յանձնէ կտակ մը ազգային նպատակին համար։

Արզուեան եզական ուժ մըն էր, երկաթեայ նկարագիրով, որ իր բազմաթիւ յատկութիւններուն կողքին ունէր իր թերութիւնները։ Կրքոտ էր, ջղային, իր ամէն երազածը կարելի կարծող յեղափոխական մը։ Ան չկրցաւ իր մէջ կուտակուած գերմարդկային ուժը յայտնաբերել։ Տարիներով չարչարուեցաւ, մաքառեցաւ` առանց հասնելու լիակատար իրականացմանն իր իտէալին` մտնել երկիր ու պատրաստել ապստամբութիւնը։

Ան մեռաւ իր ժողովուրդէն հեռու, անձնական կեանքի մը մէջ ամփոփուած։ Ան գտած էր գոնէ մէկ մխիթարութիւն. իր կենդանութեան հաստատած էր Խորհրդային Հայաստանի արձանագրած յաջողութիւնը եւ 15 հազար տոլարի կտակ մը թողած էր օրուան վարչապետին՝ Հայաստանի մէջ ծրագիրի մը համար։

……………..

Չեմ գիտեր, թէ վերջին անգամ ո´վ եկաւ շիրմաքարիդ ծունկ մը աղօթք ընելու։ Դամբարանիդ վրայ կայ մէկ արձանագրութիւն միայն՝ ԱՐԶՈՒԵԱՆ։ Մեր Նիւ Եորքի ընկերներուն պարտաւորութիւնն է շուտով պատշաճ արձանագրութիւն մը դնել քու շիրիմիդ վրայ ու զայն ուխտատեղի դարձնել, այնպէս ինչպէս վերջերս մեր Պէյրութի ընկերները կատարեցին արմենական ընկեր Միքայէլ Նաթանեանի դամբարանին համար։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին