Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայկական Վարժարաններու Տնօրէններու Հաւաք Գարակէօզեան Հաստատութենէն Ներս

Ուսման եւ կրթութեան կողքին հայ մանուկը խաղաղ միջավայրի մէջ պահելու եւ անոր Ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան առողջ աճում ապահովելու միտումով՝ ,Գարակէօզեանե հաստատութեան տնօրէնութիւնը Չորեքշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ կազմակերպեց ժողով-հաւաք մը։

Այս ժողով-հաւաքին հրաւիրուեցան Լիբանանի տարածքին գտնուող 23 հայկական վարժարաններու տնօրէններն ու պատասխանատուները։

Ներկայ գտնուեցան Ազգային առաջնորդարանի գործավարուհին եւ ընկերային ծառայողը, ՀԲԸՄ-ի կրթական խորհուրդի եւ Հայ Աւետարանական կրթական խորհուրդի ատենապետները, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի, Հայ կաթ. Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի, ՀԲԸՄ վարժարաններու, Հայ աւետ. Փ եւ Է Թորոսեան վարժարանի, Հայ աւետ. Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի, Հայ աւետ. Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետ. Գոլէճի, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի, Ազգային Ռուբինեան վարժարանի, Սահակեան Լ. Մկրտիչեան վարժարանի, Վահան Թէքէեան վարժարանի եւ Հայ կաթ. պատրիարքութեան Ս. Խաչ Հարպոյեան վարժարանի տնօրէններն ու պատասխանատուները, իսկ Ազգային Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարանը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանն ու Հայ կաթ. Սրբուհի Ագնէս վարժարանները ներկայացան իրենց ներկայացուցիչներով։

2

3

Ժողովի բացման խօսքը արտասանեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը։ Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ 2014-2015 տարեշրջանի հաստատութեան կատարած գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ 2015-2016 տարեշրջանի կատարուելիք ծրագիրներուն եւ յետմիջօրէի սերտարանի մատուցած ծառայութիւններուն։

Իր խօսքի աւարտին Պրն. Օհանեան ըսաւ. ,Որպէս մանկախնամ կեդրոն մեր տեսիլքն է, գործակցաբար հայ վարժարաններուն՝ հայ մանուկը տեսնել օժտուած առողջ միտքով, մարմինով, լիացած ուսմամբ, վայելելով մեր ազգային ամբողջական սէրն ու գուրգուրանքը, որպէսզի ապագային դառնան մեր ազգի ամուր սիւներըե։

Ժողովի առաջին զեկուցաբերն էր, հաստատութեան առողջապահական բաժանմունքի պատասխանատու՝  հիւանդապահուհի Նանօր Քլընճեանը։

4

5

Ան փաուըրփոյնթի վրայ ներկաներուն ըսաւ, թէ ըստ Համաշխարհային Առողջապահական կազմակերպութեան վիճակագրական տուեալներուն, 2030 թուականին աշխարհի տարածքին պիտի կրկնապատկուին ոչ փոխանցիկ հիւանդութիւնները, ինչպէս  շաքարախտը, գերճնշումը, եւայլն։

Ան աւելցուց. ,Նկատի ունենալով, որ 15 տարի ետք մեր աշակերտները ենթակայ պիտի ըլլան այս հիւանդութիւններուն, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է կանխարգիլել անոնց մօտ այս հիւանդութիւններու ներթափանցումը՝ կազմակերպելով յաճախակի առողջապահական դասախօսական շարքեր, տալով մարզանքի եւ սննդականոնի յատուկ ուղղութիւններ ու կատարելով հետեւողական ստուգումներե։

Ան նաեւ բացատրեց հաստատութեան ,Դպրոցական Առողջապահութիւնե բաժանմունքին նպատակն ու գործունէութիւնը։

Իր խօսքի աւարտին Ն. Քլընճեան ըսաւ, որ հաստատութիւնը իր սովորական գործունէութեան կողքին պատրաստ է նաեւ՝ հայկական վարժարաններուն տրամադրել բժշկական այլազան ծառայութիւններ ըստ պահանջի։

Երկրորդ զեկուցաբերն էր ,Ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող մանկավարժական կեդրոնեի տնօրէնուհի Յասմիկ Նալպանտեանը։

6

7

Ան եւս փաուըրփոյնթի վրայ ներկայացուց կեդրոնի նպատակը, աշխատանքներն ու աշխատակազմը։

Ան ներկաներուն տեղեկացուց, թէ 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանին կեդրոնը` գործակցաբար Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկին, հայկական վարժարաններէն ներս պիտի ապահովէ դպրոցական յատուկ կրթութեան ծառայութիւններ։

Այս ծրագիրի իրականացման համար յատուկ անձնակազմ մը՝ բաղկացած երկու մասնագէտներէ, մէկ ուղղախօսէ եւ մէկ հոգեբանէ, դասաժամերու ընթացքին պիտի այցելեն վարժարանները եւ աշակերտներուն պիտի տրամադրեն հարկ եղած աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի կատարեն ուսուցչաց մարզումներ եւ ծնողական դասախօսական պահեր։

Երրորդ զեկուցաբերն էր ընկերային ծառայող Քրիստին Սարգիսեանը, որ իր կարգին խօսեցաւ ,Ընկերային ծառայութիւնը դպրոցներուն մէջ եւ բարեգործական իրազեկումը աշակերտներուն մօտե նիւթին մասին։

8

Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց, որ մեր պարտականութիւնն է մանուկ հասակէն աշակերտին հոգեկան աշխարհէն ներս սերմանել՝ տալու առաքինութիւնը եւ սորվեցնել իր նմանին օգտակար դառնալու պարտաւորութիւնը։

Ան հաստատութեան տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական այն վարժարաններուն, որոնք իրենց տարեկան ծրագիրին մէջ արդէն իսկ ներմուծած են տուեալ գաղափարը եւ տարբեր առիթներով այցելած են Գարակէօզեան հաստատութիւն՝ աշակերտներուն ձեռքով յանձնելու նուէրները իրենց նմաններուն։

Իր խօսքի աւարտին Ք. Սարգիսեան եւս հաստատեց, թէ հաստատութիւնը պատրաստ է դպրոցներէն ներս կազմակերպել ծնողական դասախօսական պահեր ըստ առաջարկուած նիւթերուն։

Աւարտին ներկայ տնօրէնները փոխանցեցին իրենց շինիչ առաջարկները եւ դրին խնդիրներու համար լուծումներ գտնելու օգտաշատ առաջադրանքներ։

Կոկիկ հիւրասիրութեամբ վերջ գտաւ հաւաքը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին