Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայաստանի Խորհրդարանը Կողմ Քուէարկեց Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն

Հայաստանի ազգային ժողովին մէջ սկսաւ խորհրդարանական հերթական քառօրեան, որուն ընթացքին քուէարկութեան դրուեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը: Ազգային ժողովի անդամներուն մեծամասնութիւնը թեր քուէարկեց նախագիծին, որ ընդունուեցաւ 104 կողմ, 10 դէմ եւ 3 ձեռնպահ ձայներով: Իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Բարգաւաճ Հայաստանն ու ՀՅԴն թեր քուէարկեցին սահմանադրական բարեփոխումներուն, մինչ Ժառանգութիւնը, Հայ ազգային գոնկրէսն ու Օրինաց երկիրը դէմ: Նախագիծին կտրականապէս դէմ արտայայտուող Գոնկրէսն ու Ժառանգութիւնը, զայն կը համարեն սեփական վերարտադրութիւնը ապահովելու իշխանութիւններու փորձ, մինչդեռ Օրինաց երկիրը յայտարարեց, թէ խմբակցության անունով շարք մը փոփոխութիւններ առաջարկուած են նախագիծին մէջ, որոնք կը բարելաւէին զայն, սակայն հաշուի առնելով, որ այդ առաջարկները չեն ընդունուած, խմբակցութիւնը որոշած է դէմ քուէարկել Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագծին:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին