Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ: «Զարթօնք»ի յարգելի բարեկամուհիներ եւ բարեկամներ,
Բարի եկած էք ձեր տունը՝ Թէքէեան Կեդրոն: Բարի եկած էք միասնաբար տօնելու բոլորիս սիրելի «Զարթօնք»ին տարեդարձը:
Ձեր ու մեր թերթը այսօր 78 տարեկան է: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Զարթօնք» պաշտօնաթերթի երկունքը եղած է երկար, որպէսզի ան լոյս տեսնէ հաստատ հիմքերու վրայ ու յարատեւէ հասնելով իր այսօրուայ պատուաբեր 78 Ամեակին:
Արդարեւ, Կուսակցական Պաշտօնաթերթ մը ունենալու պահանջը զգացուած է այն առաջին օրէն երբ Կիլիկիոյ աղէտէն ու պարպումէն եւ բազմահազար հայերու Սուրիա եւ Լիբանան հաստատուելէն ետք, 1922-ին իսկ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կորիզ մը կար Պէյրութի մէջ:
1924-ին արդէն Հ Յ Դաշնակցութիւնը ունէր իր «Փիւնիկ» թերթը: Գոյութիւն ունէր նաեւ այս վերջինին հակադրուող անհատական թերթ մը՝ «Լիբանան», սակայն ՌԱԿ-ը չունէր իր սեփական թերթը: ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանակին մէջ սակայն առկայ էր սեփական մամուլ ունենալու փափաքը:
Հոկտեմբեր 1923-ին, Հալէպի մէջ գումարուող ՌԱԿ-ի Սուրիոյ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովին Պէյրութի մասնաճիւղը կ’առաջադրէր «Սուրիոյ շրջանին համար մասնաւոր թերթ մը հրատարակել»: 1925-ին, Պէյրութի ՌԱԿ-ի մասնաճիւղի անդամական ժողովներուն կրկին նիւթ կ’ըլլայ թերթի հարցը:
1926-ի սկիզբը Պէյրութ կ’այցելէ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Հրաչ Երուանդ եւ իր ներկայութեամբ գումարուած ՌԱԿ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան 29 Յունուար 1926-ի նիստին մամուլի հարցը լրջօրէն կը քննուի:
Հարցը օրակարգի վրայ կը մնայ մինչ կուսակցական վերին մարմիններ նախապատուութիւն կու տան Հալէպին: Արդարեւ, Հալէպի մէջ է որ 1927-ին լոյս կը տեսնէ ՌԱԿ-ի «Եփրատ» եռօրեան, որ յետագային օրաթերթի կը վերածուի: ՌԱԿ Պէյրութի մասնաճիւղը կը ջանայ «Եփրատ»ով լեցնել Լիբանանի շրջանակի իր մամուլի բացը, առանց հրաժարելու սեփական թերթի բաղձանքէն:
1933 թուականին փոթորկած էր սփիւռքահայ կեանքը (դրօշակի խնդիր, Ղեւոնդ Արք. Դուրեանի սպանութիւն, ցեղակրօններու կազմութիւն, եւայլն):
Լիբանանի մէջ ալ սպաննուած էր Միհրան Աղազարեանը, ինչ որ մղած էր ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնը հաշտ աչքով չդիտելու հայ քաղաքական կազմակերպութեանց գործունէութիւնը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Այս վերջին կառավարութեան հրամանով ջնջուեցան կուսակցութիւնները ու շրջան մը ՌԱԿ-ը «Մերսինի Հայրենակցական Միութիւն» անուան տակ հրապարակային եւ ներքին հանդիպումներ ունեցաւ:
23 Յունիս 1935-ին, ՌԱԿ-ի կեդրոնէն «բացառիկ իրաւասութիւններով» լիազօրուած, Միհրան Տամատեան կը կազմէ նշանակովի ՌԱԿ Լիբանանի եւ Հարաւային Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւն մը, կեդրոն ունենալով Պէյրութը:
Միհրան Տամատեան եւ ուրիշ գաղափարակիցներ, Պէյրութի իրենց տան մէջ, կը ծեծէին հրատարակութիւնը ծրագրուած թերթին հիմնադրման, անունի, ուղղութեան եւ անոր տեւականացման ու խմբագիր-արտօնատէր որոշելու հարցերը: Վերոնշեալ Շրջանային Վարչութիւնն էր, որ խորհրդակցական ժողովի հրաւիրեց մտաւորական եւ ղեկավար ընկերներ, որոնցմէ կազմուեցաւ թերթի մը հրատարակութեան համար հիմնադիր մարմին մը:
Մարմնի նկատի առած հարցերն էին.
- Հայթայթում տպագրական կապարէ տառերու (ինչպէս գիտէք այդ օրերուն չկար անշուշտ համակարգիչ եւ այսօրուայ արհեստագիտութիւնը),
- 2. Պատրաստել 500 լիբ. ոսկի՝ պետութեան մօտ տեփոզիթ դնելու համար,
- Գտնել թերթին արտօնատէր մը,
- Աշխատանքի լծուիլ պետութենէն արտօնագիր ստանալու համար,
- Ճարել խմբագիր մը:
Արդարեւ, արխիւային նիւթերը եւ ատենագրութիւնները կը հաստատեն վերոյիշեալները: Շրջանային Վարչութիւնը 21 Յուլիս 1935-ին կ’որոշէ դիմել Դոկտ. Յակոբ Թոփճեանին (բոլորիս ծանօթ ՀԲԸՄ Յովակիմեան Մանուկեան Վարժարանի մեծանուն տնօրէն Արա Թօփճեանի հայրը), որ ստանձնէ ծրագրուած թերթի խմբագրապետի պաշտօնը:
Կը կազմուի հանգանակիչ մարմին մը, որուն մէջ այլ մեծանուն ընկերներու շարքին մեծ դեր կ’ունենայ Մկրտիչ Մսըրլեանը (մեր մէջ գտնուող Հայ Աւետարանական Գոլէճի բազմավաստակ տնօրէն՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի հայրը):
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը թերթի հրատարակութեան համար պիտի յատկացնէ 500 սուր. ոսկի: Ապա կ’առաջադրէ գոյացումը 2,500 ս.ո.-ի հիմնադրամի մը, որուն 500 ս.ո. կեդրոնէն, 500-ական խմբագրապետէն եւ թերթի տնօրէնէն եւ մնացեալը պիտի գոյանայ հանգանակութեամբ:
30 Մարտ 1936-ին Շրջանային Վարչութեան նիստին ծրագիրը ընդունուած է, ըստ որուն թերթին արտօնութիւն պիտի ստացուէր կուսակցականի մը անունով, իբր չէզոք, անկախ թերթ, եւ թերթը իր ձեւին մէջ պիտի ըլլար անհատական ձեռնարկ մը, որուն խմբագրապետը պիտի նշանակուէր Շրջանային Վարչութեան կողմէ, իսկ խմբագրապետն ու թերթին տնօրէնը պիտի գործէին Շրջանային Վարչութեան հաւաքական վերին հսկողութեան տակ:
Խմբագրապետի պաշտօնն այս անգամ առաջարկուած էր Միհրան Տամատեանին, որովհետեւ Դոկտ. Յակոբ Թոփճեան ՀԲԸՄ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան տնօրէն կը նշանակուի: ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան 2 Ապրիլ 1936-ի նիստին կ’որոշուի հրատարակուելիք թերթը կոչել «ԶԱՐԹՕՆՔ», որ նախապէս ծրագրուած էր կոչել «Լոյս»:
Ժողովականները կ’որոշեն դիմել ծրագրուած հանգանակութեան: Ըստ Փրոֆ. Բ. Թովմասեանի յուշագրութեան, ի միջի այլոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկոս՝ 25, Մկրտիչ Մսըրլեան 25 դեղին ոսկի կը խոստանան: Խոստում տուողներուն մէջ էր նաեւ պետական երեսփոխան Վահրամ Լէյլէկեան: Կը մնար արտօնատէր մը գտնել: Յարմարագոյնը կը նկատուի Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան: Արտօնագրի ուղղութեամբ սակայն պետական դժուարութիւններ կը ծագին, սակայն ի վերջոյ արտօնագիրը կ’առնուի, շնորհիւ կուսակցական հազարապետ Պօղոս Թուրսարգիսեանի, Օգոստոս 1936-ին: Մինչ այդ թերթի հրատարակութեան ծրագիրը հարուած կը ստանայ Միհրան Տամատեանի լուրջ անհանգստութեամբ տառապելուն ու անկողնոյ ծառայելուն: Միհրան Տամատեանին գործէ քաշուելով մահացու հարուած մը կը ստանար ծրագիրը: Կը պակսէր նիւթական միջոցը, որուն մէջ Տամատեան մեծ ներդրում պիտի ունենար եւ մանաւանդ պիտի ըլլար մարդը, որ պիտի գլխաւորէր զայն:
1 Հոկտեմբեր 1936-ին խորհրդակցական ժողով մը կը գումարուի ներկայութեամբ այդ օրերուն Լիբանան գտնուող Վահան Թէքէեանի: Այդ ժողովին Վահան Թէքէեան կ’ընդունի խմբագրապետութիւնը: Ծրագիրը չի յաջողիր եւ Վ. Թէքէեան 27 Հոկտեմբեր 1936-ին կը վերադառնայ Գահիրէ: Վ. Թէքէեան շուտով կը յայտնէ, թէ չի կրնար Պէյրութ երթալ եւ կեդրոնը կը յետաձգէ տառերուն ապսպրանքը: Հոս է որ արտօնատէր նշանակուած Բարունակ Թովմասեան յաջորդական նամակներ կը գրէր Վահան Թէքէեանին համոզել ջանալով ու պնդելով, որ Վահան Թէքէեան ստանձնէ խմբագրապետութիւնը, մինչ վերջինը կը ծրագրէր գրական հանդէս մը լոյս ընծայել Եգիպտոսի մէջ, որուն ի տես, առանց վհատելու Բ. Թովմասեան 11 Մայիս 1937 թուակիր երրորդ նամակ մը կը գրէր, որմէ կը մէջբերենք հետեւեալը. «Զարթօնք»ի վերաբերմամբ առած Ձեր որոշումը մեծապէս տխրեցուց զիս: Ինծի համար երկմտութիւն չկայ: Ես պիտի ձեռնարկեմ այդ գործին՝ որքան ալ պակսին յաջողութեան հաւանականութիւնները: Հաւանաբար Հոկտեմբերէն առաջ ամսագրի հրատարակութեան չսկսիք: Եթէ այդպէս է, պիտի խնդրեմ որ նկատի առնէք բարեփոխուած առաջարկս եւ կարգադրէք երկու ամիս Լիբանան անցընել, եթէ կ’ուզէք, ձեռնարկին հիմը ամրացնելու համար: Որուն ի տես Վահան Թէքէեան կը պատասխանէր իր 25 Մայիս 1937 թուակիր նամակով. «… Կացութիւնը քիչ մը աւելի որոշ ըլլալով, ի վիճակի եմ յայտնելու, թէ անկարելի չէ ներկայութիւնս, այն պարագային ուր «Զարթօնք»ը մօտերս լոյս տեսնէ: Թէեւ կը փափաքիմ, բայց կը վախնամ թէ օգուտ պիտի չունենայ Ձեզի անգամ մը եւս խորհուրդ տալ, որ լաւ կշռէք Ձեր որոշումին հետեւանքները: Սկսիլ եւ շուտով կանգ առնելը մահացու հարուած մըն է ապագային համար…»:
Ու այսպէս սիրելիներ լոյս տեսաւ »Զարթօնք»ը 26 Սեպտեմբեր 1937-ին առանց շուտով կանգ առնելու եւ հակառակ բոլոր դժուարութեանց քալեց դէպի ապագայ հասնելով մեզի:
Դէպի ապագայ իր երթին ընթացքին «Զարթօնք»ի խմբագրապետի պաշտօնը ձեռնհասութեամբ վարեցին շարք մը մտաւորական ընկերներ, որոնց մէջ յատկանշուեցաւ մեծանուն Գերսամ Ահարոնեանը, որ 31 տարուայ պաշտօնավարութեան ընթացքին «Զարթօնք»ը հասցուց այդ ժամանակի իր ոսկեդարին իր կուռ խմբագրականներով ու գաղափարական յօդուածներով:
Ահարոնեանի այս աշխարհէն անժամանակ մեկնումէն ետք, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը գտնուէր իր դէժ վիճակին մէջ ու արդէն գործած էր իր աւերը, լիբանանահայութեան ոչ միայն քանակին վրայ, այլ նաեւ որակին:
Ատենի մեծաթիւ ու մշակութային երուզեռ ապրող գաղութը նոսրացաւ աներեւակելիօրէն, բնականաբար նաեւ ազգային այլ հաստատութիւններու կարգին տկարացաւ նաեւ մեր շրջանակը ապրելով վերիվայրումներ, որ բնականաբար ազդեց նաեւ «Զարթօնք»ին վրայ:
Արտաքին եւ ակամայ տուեալները կարծէք չէին բաւեր, անոր վրայ եկան աւելնալու անձնական խնդիրներ կուսակցական եւ միութենական վերնախաւին մէջ աւելի եւս ցնցելով մեր այլ կառոյցներու կարգին նաեւ մեր սիրելի «Զարթօնք»ը:
Երկրորդ աշխարհամարտը, պաղ պատերազմը, 1958ի եղբայրասպան դէպքերն ու Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը վերապրած »Զարթօնք»ին վիճակուած էր նաեւ ապրիլ ներքին պայքար, որուն հետեւանքով «Զարթօնք» շրջանի մը համար չգործեծ: Ներքին խափանարութիւնը հասած էր այն աստիճանի, որ կարգ մը ընկերներ համարձակած էին զարտուղի միջոցներով կասեցնել «Զարթօնք»ի լոյս ընծայումը:
Բարեբախտաբար սակայն մեր համեստ անձին միութենական, կուսակցական եւ Լիբանանեան քաղաքական պաշտօններ ստանցնած ըլլալու պարագան եւ անկէ բխող կապերով է, որ կրցանք երկու տարի շարունակ անխոնջ ու հետեւողական աշխատանքով փրկել «Զարթօնք»ը անոր օրինական գոյավիճակին մէջ արմատական փոփոխութիւն մը մտցնելով, անոր սեփականութիւնը անհատներէ փոխադրելով հաստատութեան մը հասկացողութեան: Այժմ «Զարթօնք» կը պատկանի «Շիրակ» Լիբանանեան առեւտրական ընկերակցութեան, որուն օրինական բաժնետէրերը Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինն ու Լիբանանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնն է (զորս ատենին մենք դարձեալ խոհեմութիւնը ունեցած էինք օրինաւորապէս արձանագրել պատկան մարմիններու մօտ), որուն տնօրէնութիւնը ժամանակի ընթացքին վարած են շարք մը վաստակաւոր ընկերներ: «Շիրակ» առեւտրական ընկերակցութեան այժմու տնօրէնն է եւ զայն ձեռնհասութեամբ կը վարէ՝ վարչագիտական մարզի մէջ փորձարու ընկեր Արտեմ Պիւլպիւլեանը :
Այս կարգադրութեան եւ հաստատ ու առողջ հիմերու վրայ «Զարթօնք» դարձեալ սկսաւ լոյս տեսնել նախ ամսական դրութեամբ, ապա շաբաթական վերջը եռօրեայ վերջապէս վերադառնալով իր սովարական օրաթերթի դրութեան:
Այսօր «Զարթօնք» գտած է իր բնական հունը եւ սկսած է դիավարել գտնելով իր առաջուայ տեղը մամուլի աշխարհին մէջ:
Վահան Թէքէեանի, Գերսամ Ահարոնեանի, Երուանդ Ազատեանի, Յակոբ Աւետիքեանի, Պարոյր Աղպաշեանի նման վաստակաշատ խմբագրապետերու եւ խմբագիրներու երկար հոյլին որպէս յաջորդ այս տարի մենք ունեցանք նոր գլխաւոր խմբագիր մը, շարունակելու իր նախորդներուն մեզի ձգած սուրբ աւանդը: Այս պատասխանատու պաշտօնին վրայ մենք յարմար տեսանք նշանակելու ընկեր Սեւակ Յակոբեանը, որուն գաղափարական պատկանելիութեան ու նուիրուածութեան, արհեստվարժութեան եւ ժամանակիս յատուկ արհեստագիտական ունակութեան վրայ մեր դրած յոյսերը մեծ են «Զարթօնք» պահելու այն բարձրունքին վրայ, որուն արժանի է եւ միասին քալելու դէպի աւելի եւս փայլուն ապագայ:
Ինչպէս կը տեսնէք սիրելիներ, որքան դժուար եղած է «Զարթօնք»ի երկունքը այնքան նաեւ դժուար անոր կտրած ճանապարհը: 78 տարիներ առաջ ան երկար երկունքէ ետք լոյս աշխարհ գալով կտրած է 78 տարիներու պատուաբեր ճանապարհ մը եւ պիտի շարունակէ դէպի մեր թերթին տեսիլքին իրականացումը, չխնայելով ոչ մէկ միջոց, որպէսզի ան ոչ միայն արդիականացման եւ ժամանակի արհեստագիտութեան հետ քայլ պահէ, այլ՝ ըլլայ այդ ուղղութեամբ իւրաքանչիւր նորութեան ռահվիրաներէն:
«Զարթօնք» պիտի գոյատեւէ քանի կան Ռամկավար Ազատականներ, որոնք ունին բարձր գիտակցութիւնը ծառայելու մեր ժողովուրդին ու այդ ուղղութեամբ «Զարթօնք»ին կենսական ըլլալու յամոզումը եւ ոչ մէկ խոչընդոտի առաջ տեղի տալու կամքն ու նուիրումի ոգին: «Զարթօնք» պիտի գոյատեւէ քանի կան «Զարթօնք»ին հաւատացող ու անոր նիւթապէս ու բարոյապէս անվարան նեցուկ կեցող՝ ձեր նման ընկերներ ու բարեկամներ: Անոնցմով ու ձեզմով եւ այսպէս է, որ «Զարթօնք» պիտի շարունակէ ընթանալ դէպի իր հարիւրամեակը…. դէպի հարիւրամեակներ: