*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*
Երբ Էրզրումի մէջ Սանասարեան Վարժարանին առջեւ կեցած «պաճանախ»իս՝ Գէորգին, Տիգրանին եւ եղբօր՝ Տօքթ. Պերճ Ղորղորեանին հետ կը խօսէինք, ուշադրութիւնս գրաւեց ճամբուն միւս կողմը գտնուող խանութ մը, որուն ապակեփեղկին վրայ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջի գոյներով խանութին ազդը եւ անունը գրուած էր: Տղոց ըսի, որ կայ չկայ այդ խանութին տէրը դաշնակցական հայ մարդ մըն է…։ Գացինք ստուգելու: Ցուցափեղկին միւս կողմը քառասուննոց մարդ մը ենթադրելով, որ լաւ յաճախորդներ էինք, ժպիտով մեզի բարեւեց: Թրքերէնով հարցուցի, որ հա՞յ է: Կեղծ ժպիտով մը «ոչ» ըսաւ: Հարցուցի, որ իր հայրը կամ մեծ հայրը կամ մեծ մայրը հա՞յ էր, «հայիր» (ոչ) ըսաւ դարձեալ: Բացատրեցի, որ խանութին ցուցափեղկին վրայի գոյները Հայաստանի դրօշակին գոյներն են, եւ թէ աւելի քան հարիւր տարի առաջ, այդ դիմացի Սանասարեան դպրոցին մէջ «Դաշնակցական քոմիթաճիները» իրենց «մեծ ժողովը» ունեցած են: Մինչ մարդը սառած ժպիտով տակաւին մեզ կը դիտէր՝ հարցուցի, որ հայ կա՞յ այս քաղաքին մէջ: «Պիլմէմ» (չեմ գիտեր) ըսաւ: Բացատրեցի, որ այս շրջանները 100 տարի առաջ ամբողջ հայերուն կը պատկանէին, եւ թէ հազարաւոր հայեր պարտադիր իսլամացած էին եւ հոս կ’ապրէին: Ըսի, որ եթէ իր «պէիւք պապան» (մեծ հայրը) ողջ է, թող հարցնէ այս մասին: «Օլուր» (կ’ըլլայ) ըսաւ:
Էրզրում քաղաքը ծովու մակերեսէն 1757 մեթր (5766 ոտք) բարձր է: Իր 400,000 բնակչութեամբ ան Էրզրում նահանգին ամենամեծ քաղաքն է: Ան 2011-ին Ձմեռնային Միջազգային Դահուկարշաւի հիւրընկալ քաղաքն էր: Դահուկարշաւի մրցումներուն բացումը տեղի ունեցաւ «Քյազիմ Գարապէքիր»ի անուան հսկայ մարզահամալիրին մէջ (27 Յունուար – 6 Փետրուար 2011): Նկատի ունենալով իր պաղ կլիման, Էրզրումի շրջակայքը նշանաւոր է իր ձմեռնային մարզախաղերու մարզադաշտերով եւ դահուկարշաւի համար միջազգային մակարդակով պատրաստուած շրջաններով: Առ այդ բազմաթիւ ձմեռնային մարզաձեւերու միջազգային մրցումներ հոս տեղի կ’ունենան:
Մեր իջեւանած պանդոկը՝ «Polat Renaissance Hotel», 2011ի Դահուկարշաւի Միջազգային Մրցումներու մարզիկներուն իջեւանած գլխաւոր պանդոկն էր: Բնութեան հրաշալի գեղեցկութեամբ օժտուած լեռնալանջի մը վրայ շինուած շատ հանգստաւէտ վայր մըն էր: Սենեակներուն մէջ տեղաւորուելէ ետք իջանք ճաշարան: Հակառակ, որ պիւֆէն պատրաստ էր, սակայն Ռամազան ըլլալուն, տակաւին չէր բացուած: Մեր սեղաններուն վրայ նստելէ ետք նշմարեցինք, որ ճաշարանի միւս հիւրերը գլխաւորաբար երիտասարդներ եւ պատանիներ էին, հաւանաբար 8էն 25 տարեկան տղաք, քանի մը աւելի տարեց մարդոց ընկերակցութեամբ: Սպասաւորներէն իմացանք, որ ֆութպոլի ակումբի մը խումբերու մարզիկներն են, որոնք Էրզրում կը գտնուէին մրցաշարքի մը մասնակցելու համար: Այդ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հանդարտ եւ յարաբերաբար լուռ նստուածքը, մաքուր եւ կոկիկ հագուածքը, իրարու հետ քաղաքավար, մեղմ ձայնով խօսակցութիւնները մեզի քիչ մը զարմացուցին: Երբ Ռամազանի աւարտի ժամը եկաւ, պատասխանատու անձ մը շատ մեղմութեամբ ընթրիքի հրաւիրեց մարզիկները: Պիւֆէի սեղաններուն վրայ հաւանաբար քառասուն տարբեր տեսակի համադամ ճաշատեսակներ կային, անուշաբոյր եւ շատ գեղեցիկ կերպով հրամցուած: Ռամազանի առիթով աւելի քան երեսուն տեսակ շաքարեղէններ եւ անուշեղէններ ծաղկամաններու շուրջ դասաւորուած էին: Պէտք էր տեսնել այդ տղոց կանոնաւոր շարքը, զիրար հրաւիրելը, աչքը կուշտ պնակներուն մէջ ճաշերը լեցնելը: Պզտիկներու պարագային մեծերը կ’օգնէին տղոց ճաշերը լեցնելու: (Օր մը պիտի գրեմ թէ ինչպէ՞ս կարգ մը հայեր պիւֆէներէն կ’օգտուին… արդէն հասկցաք):
Էրզրումը մեր պատմական Կարին քաղաքն է, հիմնուած հայոց Կարանի թագաւորին կողմէ: Ան Արտաշէսեան եւ Արշակունեաց թագաւորութեանց ժամանակ, Մեծ Հայքի կամ Բարձր Հայքի Կարին նահանգին մայրաքաղաքն էր: 387 թուականին երբ Հայաստանը բաժնուեցաւ Արեւելեան Հռոմէական Կայսրութեան եւ Պարսկական Սասանեան Կայսրութեան միջեւ, շրջանը անցաւ Հռոմէացիներու տիրապետութեան տակ: Հռոմէացիները Կարին քաղաքը ամրացուցին եւ զայն վերանուանեցին Թէօտոսիոբոլիս, իրենց կայսրին անունով: Թէօտոսիոս կայսրի յաջորդները նոյնապէս քաղաքը նոր եւ հաստ պարիսպներով աւելի ամրացուցին ու բազմաթիւ ճակատամարտերով պաշտպանեցին զայն պարսիկներու յարձակումներուն դէմ:
701 թուականին երբ արաբ Ումայեատներու Ապտալլահ իպն Ապտ էլ Մալիքը Հայաստանը գրաւեց, արաբները քաղաքը կոչեցին «Քալիքալա»՝ հետեւողութեամբ հայերէնի «Կարնոյ քաղաք»ի: 949ին բիւզանդացիները վերագրաւելով քաղաքը, արտաքսեցին անոր արաբ բնակչութիւնը եւ յոյներով ու հայերով վերաբնակեցուցին զայն:
1071ի Մանազկերտի ճակատամարտէն ետք, սելճուգ թուրքերը 1049ին Արծն քաղաքը գրաւելով մեծ ջարդ մը տուին քաղաքի հայ, յոյն եւ ասորի բնակչութեան: Արծնի կոտորածներէն փախչողները Թէօտոսիոբոլիս ապաստանեցան եւ զայն սկսան կոչել «Արծն-Ռում», այսինքն «Հռոմէացիներու Արծնը»: Շրջանի իսլամ բնակչութիւնը քաղաքը կը կոչէր «Արզան առ-Ռում » եւ վերջը զայն կոչեցին «Էրզուռում»: Բիւզանդացիներու, վրացիներու, սելճուգներու, մոնկոլներու, Լենկ Թիմուրի եւ այլոց տիրապետութեան տակ իյնալէ ետք, 1514ին օսմանցիներու Սելիմ Ա. սուլթանը գրաւելով քաղաքը, զայն վերածեց այդ շրջանի մեծագոյն զօրանոցին:
1829 -1878 Էրզրումը տարուբերուեցաւ օսմանցիներու եւ ռուսերու միջեւ: 1894-1896ի Համիտեան ջարդերէն Էրզրումը անմասն չմնաց:
Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր 1895ին, մինչ հայեր իրենց առօրեայ գործերով զբաղած էին, թուրք կատղած ամբոխը մզկիթներէն ելլելով կը յարձակի հայկական թաղամասերուն եւ հայկական խանութներուն վրայ, մեծ թիւով հայեր սպաննելով: Մինչ թուրքեր զբաղած էին թալանով եւ ջարդով, հայկական զինեալ խումբեր կը սկսին պաշտպանել հայկական թաղերը: Թուրքերը անակնկալի գալով հայերու այս զինեալ ընդդիմադրութենէն կը նահանջեն: Մեծ թիւով հայեր կը ջարդուին եւ նիւթական ահաւոր վնասներ կը կրեն:
Դէպի Էրզրում մեր ճամբուն վրայ անցանք Սարիղամիշի ռազմադաշտի քովէն: Մեր թաթար ուղեկցորդը բացատրեց, թէ ինչպէս 90,000 թուրք զինուորներ ռուսերու կրակոցներէն, թիֆոիտէն եւ մանաւանդ ցրտահարութենէն սպաննուած կամ մահացած էին այս ճակատամարտի ընթացքին: Ան ըսաւ նաեւ, որ թուրքերը Էնվէր փաշան շատ չեն սիրեր, քանի որ ան պատճառ եղաւ, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին մէջ մտնէ եւ Թուրքիոյ մեծ վնասներ պատճառէ: Նոյնպէս իր ապիկարութիւնը Սարիղամիշի պատերազմին պատճառ դարձած է ահաւոր կորուստներու:
Սարիղամիշի Ճակատամարտը
Սարիղամիշի Ճակատամարտը տեղի ունեցած է 22 Դեկեմբեր 1914 – 17 Յունուար1915ին:
Թուրքիոյ Պատերազմական նախարար Իսմայիլ Էնվէր փաշայի անմիջական ծրագիրն էր Արտուինը, Արտահանը, Կարսը եւ Պաթումի նաւահանգիստը գրաւել: Էնվէր Փաշային հեռակայ նպատակն էր Թիֆլիսը գրաւել ու ապա յառաջանալ դէպի Կեդրոնական Ասիա եւ տեղւոյն մահմետականներն ու թուրանական ցեղախումբերը միացնելով՝ հիմնել Բան – Թուրանական նոր կայսրութիւն մը:
Գերմանական զինամթերքով զինուած Օսմանեան 3րդ բանակը կը գտնուէր Էրզրումի մէջ, Հասան Իզէթի հրամանատարութեան տակ: Ռուսական բանակները 25 քմ. հեռաւորութան վրայ դիրքաւորուած էին՝ Էրզրում-Սարիղամիշ գիծին վրայ:
Էնվէր փաշայի ծրագիրն էր երեք զօրաբաժիններով շրջապատել ռուսական զօրքերը եւ բնաջնջել զանոնք:
Ճակատամարտի երկայնքը 1250-1500 քմ. էր, Սեւ Ծովէն մինչեւ Վանայ լիճ: Շրջանը 1500-2000 մեթր (5000 – 6500 ոտք) բարձրութեան վրայ կը գտնուէր եւ շատ պաղ էր, ձիւնապատ ու ենթակայ ձիւնամրրիկներու:
Օսմանեան 3րդ բանակը Էնվէրի հրամանատարութեան տակ ունէր 180,000 զինուոր, 73 արագահարուած, 218 հրետանի եւ այլ մասշտապի զէնքեր: Բարեբախտաբար թուրք զինուորները ձմեռնային համազգեստներ չունէին եւ իրենց գլխաւոր սննդաղբիւրը հաց ու ձիթապտուղ էր:
Ռուսական Կովկասեան բանակը ունէր լաւ զինուած 65,000 զինուոր եւ շուրջ 40,000 հայկական կամաւորական գունդեր, ինչպէս նաեւ քանի մը հազար յոյն եւ վրացի կամաւորներ: Հայերը, յոյներն ու վրացիները վստահ էին ռուսական բանակի յաղթանակին եւ մեծ յոյսեր կապած էին պատերազմի վերջաւորութան ազատագրուելու օսմանեան արիւնարբու լուծէն:
29 Դեկտեմբեր 1914ին թրքական բանակները կը սկսին շարժիլ: 12,000 զինուորներով կը յարձակին Սարիղամիշի վրայ եւ 6,000 զոհ տալէ ետք կը նահանջեն:
Պատերազմի ճակատին վրայ բազմաթիւ ճակատամարտերէ ետք, 15 Յունուար 1915ին Օսմանեան բանակը վերջնականապէս կը պարտուի Սարիղամիշի մէջ: Ռուսական բանակին եւ հայկական կամաւորական գունդերուն յարձակումներուն որպէս արդիւնք՝ թուրքերը կ’ունենան 90,000 մեռեալ, 10,000 վիրաւոր եւ 50,000 պատերազմական գերիներ: Զէրոյէն վար 40 աստիճան ցուրտէն բազմահազար թուրքեր կը ցրտահարուին ու կը սառին: Ռուսական բանակը կ’ունենայ 16,000 զոհ ճակատամարտերուն մէջ եւ 12,000 մահ թիֆոյիտէ ու ցրտահարութենէ:
Հայկական կամաւորական գունդերը շատ արագաշարժ էին եւ քիչ մը ամէն տեղ բազմաթիւ յարձակումներով՝ շատ նեղութիւն կու տային թուրքերուն ու կը դանդաղեցնէին անոնց յառաջխաղացքը: Որպէս շրջանի բնիկները, անոնք շատ լաւ գիտէին ճամբաները, լեռնային արահետները եւ լաւ պաշտպանուած էին ցուրտէն: Որպէս կատաղի եւ վրիժառու կռուողներ, անոնք շատ մեծ օգտակարութիւն ունեցան Ռուսական բանակին: Շատ մը ճակատներու վրայ հայկական զօրագունդերը ուղղակի մենամարտերու մէջ էին թուրքերուն հետ եւ հազարաւոր թուրքեր Մուհամմէտին քով ճամբեցին…:
Էնվէր փաշան Իսթանպուլ վերարաձին իր պարտութիւնը արդարացնելու համար, գլխաւոր պատճառներէն մին նկատեց հայերուն «դաւաճանութիւնը» եւ կամաւորական գունդերը:
Ապրիլ 1915ին թուրքերը Էրզրումի շրջանէն ձերբակալեցին 450 հայ մտաւորականներ, համայնքի մեծերը, խմբագիրները եւ քաղաքի երեւելի հարուստ վաճառականները ու Մայիսին սպաննեցին զանոնք: Ջարդերէն առաջ աւելի քան 20,000 հայեր կը բնակէին Էրզրումի մէջ: Աքսորէն, ողջ-ողջ թաղուելէն եւ ջարդերէն ետք, 1919ին հազիւ 100 հայեր ողջ մնացած էին հոս ու հոն:
1917ին Զօր. Անդրանիկ իր 6,000 զինուորներով եւ շուրջ 150,000 գաղթականներով Էրզրումի շրջանին մէջ էր, երբ Պոլշեւիկներու յեղափոխութեան պատճառով Ռուսական բանակը սկսաւ քայքայուիլ: Ռուս զինուորները ամէն ինչ – հազարաւոր զէնքեր, զինամթերք, ուտեստեղէն, վրաններ եւայլն- թողած կը նահանջէին: Ռուսական բանակին մէջ կար նաեւ Ղարաբաղցիներու 5,000 զինուորներէ բաղկացած զօրագունդը: Զօր. Անդրանիկ կը խնդրէ Ղարաբաղցիներէն որ հոն մնան, միանան իրեն, օգտագործեն ռուսական զինամթերքը եւ միացեալ ուժերով ջախջախեն թրքական 12,000նոց բանակը: Զօրավար Անդրանիկ կ’ըսէ նաեւ, որ կարելի է տակաւին շուրջ 2,000 կռուողներ ունենալ գաղթականներուն մէջէն: Ղարաբաղցիք կը մերժեն Զօրավար Արդրանիկի առաջարկը: Անդրանիկ փաշան կը խնդրէ, որ գոնէ երկու օր սպասեն որպէսզի կարենայ 150,000 գաղթականներու նահանջը կազմակերպել եւ միացեալ ուժերով գաղթականները պաշտպանելով երթան աւելի ապահով վայր: Հակառակ, որ ղարաբաղցիք կը համաձայնին այս երկրորդ առաջարկին, նոյն գիշերն իսկ «կը նահանջեն»: Անոնք կը հանդիպին թրքական զօրքին եւ կը բնաջնջուին:
Կրնա՞ք երեւակայել, որ եթէ ղարաբաղցիք մնային հոն, Զօրավար Անդրանիկի հետ բնաջնջէին թրքական զօրքը, ու՞ր պիտի ըլլային այսօրուայ Հայաստանին սահմանները…, քանի՜ հարիւր հազար հայեր պիտի փրկուէին ստոյգ ջարդէ: Տակաւին շատ բան կայ այս մասին ըսուելիք եւ գրուելիք:
Մայիս 1918ին Պրէսդ Լիթովսքի Դաշինքով, Էրզրումը անցաւ թուրքերու տիրապետութեան տակ:
Այսօր Էրզրումը շատ արդիական քաղաք մըն է: Ամէն կողմ մաքուր, բարձրայարկ շէնքերով, լայն ճամբաներով, ծաղկապատ պարտէզներով, աւազաններով, հանրային պարտէզներով, հիւանդանոցներով, դպրոցներով եւ համալսարաններով: Հոս է «Աթաթիւրք Համալսարան»ը, որ իր 43,000 ուսանողներով Թուրքիոյ ամենամեծ համալսարաններէն մէկն է:
Այցելեցինք Սբ. Աստուածածին եկեղեցին: Հաստ եւ բարձր պարիսպներով «պաշտպանուած» էր ան: Գաւիթին մէջ նշմարեցինք վեց հատ հին թնդանօթեր… տակաւին հաւանաբար պեղումներ կը կատարուէին պարիսպներէն ներս: Եկեղեցիի յարակից շինութիւններու փլատակները աղերսագին մեզի կը նայէին:
Սբ. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1838 թուականին, կարմիրի զարնող սրբատաշ աւազաքարերով: 20 սիւներ վեր կը պահէին զարդաքանդակներով հարուստ գմբէթը: Կարծեմ առաջին անգամ կը տեսնէի եկեղեցիի մը քով առանձնապէս բարձրացած կլոր, մինարէի նմանող զանգակատուն մը, որ շատ բարձր էր: Մեր խումբի երիտասարդ տղաքը վեր բարձրացան, ես նախընտրեցի անոնց աչքերով զանգակատունէն դիտել շրջանի բնութեան գեղեցկութիւնները…։
Եկեղեցիին պարիսպին վրայ «յաղթականօրէն» կը ծածանէր հայու արիւնի մէջ թաթխուած թրքական դրօշակը:
Եկեղեցիին պարիսպներուն շուրջ հայկական թաղերն էին, որոնք կիսաւեր վիճակի մէջ մնացած էին: Փլատակ տուներուն մեծութենէն կրնայինք պատկերացնել հոն բնակող հայերուն նիւթական բարեկեցիկ վիճակը:
Ութը սրբատեղիներով հարուստ էր Էրզրումի շրջանը: Կաթողիկէ համայնքը ունէր մէկ եկեղեցի՝ Սբ. Աստուածածինը, կառուցուած 1840ին, Բողոքականները ունէին իրենց աղօթատեղին, շինուած 1847ին: Կ. Պոլսոյ երեք պատրիարքներ հոս ծառայած էին որպէս Առաջնորդներ – Յարութիւն Վեհապետեան (1874 – 1884), Մաղաքիա Օրմանեան (1896 – 1908) եւ Զաւէն Տէր Եղիայեան (1913 – 1922):
Էրզրումի մէջ կը գործէին Առաքելական մանչերու ութ եւ մէկ աղջկանց, երեք Կաթողիկէ եւ մէկ Բողոքական համայնքներու պատկանող վարժարաններ:
Սանասարեան վարժարանը հիմնուած էր 1881ին, Մկրտիչ Սանասարեանի բարերարութեամբ: Տպաւորիչ արտաքինով, երեք յարկերով այս Վարժարանին ուսուցչական կազմը գրեթէ ամբողջութեամբ համալսարանաւարտ տղաք էին: 1909ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր 11րդ (՞) ընդհանուր ժողովը գումարած էր հոն:
Հայ ժողովուրդի երեսին նետուած ամենահեգնական, ամենածաղրական երեւոյթներէն մէկն ալ ան է, որ 1919ին Աթաթիւրքը թուրք զանազան ազգայնական խմբակներու համաժողովը գումարեց Սանասարեան Վարժարանին մէջ եւ այդ քոնկրէսով ոչ միայն միացուց զանոնք եւ զինեալ պայքար սկսաւ Դաշնակիցներուն դէմ, այլ վստահօրէն կրնանք ըսել, որ արդի թուրք պետութիւմը հոն սաղմնաւորուեցաւ: ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ հաստատութեան կամ վարժարանի մը մէջ հիմնուեցաւ ԹՐՔԱԿԱՆ պետութիւնը: Մեր ամենաոխերիմ թշնամին ուրիշ տեղ չուներ համաժողով գումարելու եւ իր նոր պետութիւնը սաղմնաւորելու, բացի հայկական վարժարանէն…:
Սանասարեան Վարժարանը շրջան մը որպէս «Թրքական Լիսէ» ծառայելէ ետք, այժմ նորոգութիւններու եւ վերաշինութեան մէջ է եւ շուտով պիտի վերածուի «Աթաթիւրքի եւ Քոնկրէսի Թանգարան»ի: Արդէն իսկ Աթաթիւրքի արձանը կանգնեցուցած էին շէնքին առջեւ: (Հաւանաբար հիմա բացումը կատարուած է)։
Այցելեցինք Սբ. Մինաս եկեղեցին: Երբ ներս մտանք՝ տեսանք, որ պատերը տարօրինակօրէն սեւցած էին: Վստահաբար թուրքերը զանազան պատճառներով կրակ վառած էին հոն: Պատերուն սեւութիւնը քիչ մը ընկճող եւ նեղացուցիչ էր: Եկեղեցիին ներսը թէ դուրսը եւ մանաւանդ խորանին տակը բազմաթիւ փոսեր փորած էին, շատ հաւանաբար ոսկի փնտռելու: Ներքնապէս շատ տպաւորիչ եկեղեցի մըն էր, սիւնազարդ, ճարտարապետական հետաքրքրական եւ գեղեցիկ լուծումներով: Զարմանալիօրէն հոս չ’աղօթեցինք…։
Մուշը մեզ կը սպասէր… ուստի անմշուշ կլիմայով ճամբայ ելանք դէպի Մուշ: