Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Հայոց Բանակին

Զուիցերիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, իմանալով Ղարաբաղի ու Հայ Ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ բախումներու ընթացքին ինկած Հայոց բանակի զոհերուն մասին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց.

«Խոր ցաւով իմացանք մեր զինուորներուն մահուան մասին։ Անոնց ընտանիքներուն կը յայտնենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը և Հայրական սէրն ու օրհնութիւնը։ Մեր զինուորները հերոսներ են ու նահատակներ, որովհետեւ անոնք Հայրենիքին, մեր անկախութեան ու իրաւունքներուն համար իրենց արիւնը թափեցին»։

Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք մեր քաջարի բանակին։ Հայոց բանակը երաշխիքն է մեր Հայրենիքին ապահովութեան ու անկախութեան։ Հզօր բանակ կը նշանակէ հզօր Հայրենիք։ Վստահ ենք, որ քաջ զինուորները վերանորոգ մարտունակութեամբ ձախողութեան պիտի մատնեն՝ Ղարաբաղի հողային տարածքին մօտենալ փորձող թշնամիին բոլոր տեսակի ճիգերը»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին