*ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ*
Նիւ Եորք
Պատկեր Առաջին
Վերամուտ է: 2015-2016 տարեշրջան: Հայ դպրոցներուն դռները բաց են: Ցեղասպանութեան 100-ամեակը շեփորող ձեռնարկները աշխարհով մէկ կը շարունակուին:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարին «ՀԱՐՈՒՍՏ» Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ Ամէնօրեայ վարժարան կը փակուի:
Մինչ Հալէպի պատերազմական այս օրերուն հայուն ստեղծագործ շնորհքով ի՜նչ յուսադրիչ գոյներով՝ այս վերամուտին կը դիմաւորուին հայ դպրոցականները:
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին՝ Նիւ Եորքի ՄԻԱԿ Ամէնօրեայ վարժարանին փոքրիկ գրասենեակին մէջ ծուարած կ՛աշխատիմ: Նոյն սենեակին մէջ ենք ես եւ վարժարանի քարտուղարուհին: Ցաւակից իրարու հետ՝ յաճախ կը խօսինք հայ մամուլին մէջ գրուածներուն մասին:
Առաջին հերթին իմ սիրտս ճմլող հարցը կու գայ … չեմ համարձակիր բարձրաձայն ըսելու…
- Մենք որքա՞ն պիտի դիմանանք արդեօք:
Հեռախօսը կը հնչէ:
- Պարոն Այսինչեանը..․ ձեզ կ՛ուզէ, կ՛ըսէ քարտուղարուհին եւ գիծը կը փոխանցէ ինծի:
Ընկալուչը ձեռքիս կը լսեմ: Ցաւակից ազգային մըն է:
– Լսեցի՞ր, հայաշատ Գալիֆորնիայի մէջ Հայ Դպրոց մը փակեր են:
– Այո՛, ցաւով կարդացի այդ մասին …։
– Է՜հ, դո՛ւք քանի՞ աշակերտ ունիք հիմա…։
Պահ մը (պաուզա ..․ պիտի ըսէին մեր արեւելահայ քոյր-եղբայրները), շատ կարճ պահ մը չեմ պատասխաներ: Յակոբ Պարոնեանը աչքիս առջեւ կու գայ իր տխուր խոշոր աչքերով …իր ցաւին մէջ շուրջիններուն ամբողջ դար մը հիւմոր բաշխող անմահ Պարոնեանը:
- Օ՜, պարոն Այիսնչեան…, չեմ գիտեր որքան հեռու էք մեր դպրոցէն, մէկ հատ դուրս ելէք մեր թաղը տեսէք … ամբողջ Օշիանա փողոցին երկայնքին մայթը լեցուն է- եկեղեցիին դռնէն մինչեւ 58-րդ պողոտան հերթ կայ: Գիտե՞ս որ այս Մեծն Խնձոր կոչուած Նիւ Եորք քաղաքին մէջ որքան հայութիւն կայ: Կարծեմ մէկ հինգերորդն է միայն, որ եկած է այսօր եւ շարքի կեցած՝ պոչ բռնած է: Մեզի այդքա՛նն ալ կը բաւէ: Արդէն մեծ շէնք ալ չունինք: Յիսնամեայ գոյութիւնը նշելու պատրաստուող այս Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանը (ՍՆԱՎ)շատ փոքրիկ շէնքի մը մէջ ծուարած է եկեղեցիին ետեւ: Միայն Կիրակնօրեայ Վարժարանի համար նկատի առնուած է եղեր այս շէնքը: Սակայն Հայուն յամառութեամբ, ամէնօրեայ ճիգերով այս վարժարանը իր գոյութիւնը կը պահպանէ մինչեւ հիմա:
Այս անգամ լռութիւնը լսափողին միւս կողմն էր:
Քիչ մը աւելի երկար պաուզա…։
Մեր Պարոնը չի հաւատար լսածին: Ինչո՞ւ հաւատայ: Երբ վարժուած ենք միայն անյաջողութիւն մը պատահելէն ետք հեռաձայնել, «հալ ու խաթր հարցնել»՝ «ախ ու վախ» ըսելու եւ բնաւ չմտածելու պատահելէն շատ առաջ ըլլալիքին առաջքը առնող գործնական քայլեր առնելու:
Պարոնը շատ լաւ գիտէ՛ր մեր տալիք ճիշդ պատասխանը: Սակայն չեմ գիտեր հայո՞ւ սովորութիւն է, թէ ուրիշ ազգեր ալ ունին այս բնաւորութիւնը: Կարծես պատրաստուած էր տխուր լուր մըն ալ ինձմէ լսելու:
Տալիք «ախ վախը» պարապի ելաւ…։
- Օ՜ Օ՜, ինչ ուրախ եմ, Աստուած փափաքիդ, երազիդ համաձայն տայ տիկին…։ Ինշալլահ օր մը այդ երազդ իրականութիւն եղած կը տեսնենք:
Շա՜տ զբաղած ենք 100-ամեակի ձեռնարկներով: Ամէն մէկ ճաշկերոյթին կամ համերգին 100 մը եւ անմոռուկ մը փակցնելով՝ ինքնագոհ անկողին կը մտնենք հանգիստ ննջելու:
Իսկ առաւօտեա՞ն․․․ դպրո՛ց կը փակենք, կը մտահոգուինք գոյութիւն պահպանող դպրոցներուն աշակերտութեան թիւով..․ եւ վերջ…։ Ի՜նչ հեռանկարային որոշումներ…։
Օ՜, ո՛չ՛ ներողութիւն, «ախ վախ» ըսելով կը հանգստանանք…։
Այս մտածումներով դուրս ելայ գրասենեակէն: Հեռաձայնով իմ ըսածներէս ե՛ս ազդուած՝ քիչ մը օդ շնչելու: Լուսանկարչական մեքենան ձեռքիս ուսուցիչներուն զարդարած պատի վահանակները նկարելու եւ դիմատետրի վրայ դնելու եւ աշխարհին իմաց տալու, որ ՍՆԱՎը կը գոյատեւէ գոյներով, հոգիով եւ ..․ ոգի ի բռին…։
Յանկարծ դպրոցին մուտքին ապակի դռնէն դուրս տեսայ մեր համայնքին շատ ծանօթ, նուիրեալ, տարիներով եկեղեցիին եւ դպրոցին համար կամաւոր աշխատող մեծ մայր Տիկին Վիքթորիան: Մեր սիրելի մեծ մայրը իր ծոռան ձեռքէն բռնած, իր քովէն քալող երիտասարդ մայր թոռնուհիին եւ երախայի կառքին մէջ մշիկ մշիկ քնացող երկրորդ ծոռան հետ չորսով ներս կու գային:
Ահաւասիկ արձանագրութեան շա՛րքը:
Կատակս իրականութիւն դարձաւ: Կամ իրականութեան մօտ բան մը:
«Մէկ ծաղիկով գարուն չի գար» կ՛ըսէ առածը: Սակայն այդ պահուն զուգադիպող ա՛յդ տեսարանը՝ զիս դուրս հանեց յոռետես տրամադրութենէս:
Երանի չէ՞ր, որ ամէն մեծ մայր իր զաւակին եւ թոռան խօսք հասկցնէր, ձեռքէն բռնած հայ դպրոց առաջնորդէր: Իսկ ամէնէն կարեւորը՝ ամէն մէկ զաւակ եւ թոռնիկ լսէր ու հետեւէր մեծ մօր ընտրած ճանապարհին:
Մինչ ես դուռը բաց պահելով կը դիմաւորէի զիրենք, հրճուանքով կը դիտէի երեք սերունդ հայերը, որոնք ՀԱ՛Յ ԴՊՐՈՑԷՆ ներս կու գային – յանկարծ գլխի եկայ պահը անմահացնելու: Չէ՞ որ լուսանկարչական գործիքը ձեռքս էր…։
Երբ ներս առաջնորդեցի բոլորին, մեծ մայրը թոռնիկին դառնալով ըսաւ․
- Հայտէ՛ աղջիկս, դուն վեր գրասենեակ ելիր զաւակդ արձանագրէ, ես այս պճըլիկին կը նայիմ, վերջն ալ վարի սրահը իջնեմ, եկեղեցւոյ ֆէսթիվալին համար մանթը շինելու պիտի օգնեմ…։
Ահաւասիկ 90-ին բարեւ տուող հերոս մեծ մայրն է մեր Տիկին Վիքթորիան:
Այդ օր ինծի համար 100-ամեակի զոհերը վերապրեցնել տուող իսկական տօն մըն էր, անմոռուկը սրտիս վրայ:
Պատկեր Երկրորդ
Խաչվերաց է:
Նիւ Եորք քաղաքը երեք հայ յարանուանութեանց պատկանող եօթը եկեղեցի ունի: Մէնհէթըն կղզին միմիայն՝ հայ համայնքին կը ծառայէ չորս եկեղեցիով: Ամուսնոյս հետ մեր որոշումը այդ Կիրակի 187-րդ փողոցի վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցին երթալ էր: Ոչ միայն եկեղեցւոյ անուան տօնը յարգած ըլլալու համար, այլ ուրիշ կարեւոր պատճառ մըն ալ ունէինք:
Անցնող 5-6 տարիիներու ընթացքին ամէն տարի մեր վարժարանի սաներէն մի քանիներ քաջալերուած են՝ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մապէլ Ֆէննէր բարերարուհիին հաստատած կրթաթոշակի ֆոնտէն:
Ամէն տարի փափաքած եմ ներկայ գտնուիլ կրթաթոշակները յանձնելու արարողութեան, սակայն անցնող տարիներուն այս կամ այն խաչաձեւումով ներկայ չեմ կրցած ըլլալ: Մտահոգութիւններէն մին ալ – շատ կարեւոր հարց է Մէնհէթընի համար- ինքնաշարժը կապելու, «փարք» ընելու տեղ գտնելն էր: Ի զարմանք եւ ի հանգստութիւն միտքի, Եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդը արտօնութիւն առած էր ժամուորներուն համար, որպէսզի եկեղեցւոյ թաղին երկու կողմի երկայնքին կարեւոր մէկ մասը, Կիրակի օրերուն զոյգ շարքով կարենան ձգել ինքնաշարժը առանց տուգանուելու վախին, իւրաքանչիւր ինքնաշարժին համար եկեղեցւոյ անունը կրող թուղթեր տուող պահակ մըն ալ ապահովելով:
Եկեղեցին լեփ-լեցուն էր, իսկ պատարագիչը Արեւելեան թեմի Առաջնորդ՝ Բարձ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը: Կոմիտաս երգչախումբի աւանդական հոգեպարար երգեցողութեամբ, եկեղեցին վերածուած էր հոգիի սնունդ բաշխող բացառիկ մթնոլորտի: Չարխափան Սուրբ Աստուածածնի մասունքը կրող Սրբապատկերով օրհնուած այս եկեղեցին, իր գիրկին մէջ, խորանին մօտիկ թաղուած կը պահէ նաեւ եղերական մահով վախճանած Եղիշէ Արք. Դուրեանին աճիւնները:
Իրար յաջորդող արարողութիւններէն ետք- պատարագ, հաղորդութիւն, Սրբազան հօր պատգամ, աւանդական Ռեհանով զարդարուած Խաչով Անդաստան, ժողովուրդը հրաւիրուած էր սրահ՝ օրուան յատուկ յայտագիրին եւ մատաղին:
Սքանչելի կազմակերպուած ձեռնարկ էր- մատաղի անվճար առատ սեղանով, ներկաներուն առատաձեռնութեան թողլով սեղանի ծրարներուն պարունակութիւնը:
Գիշերուան մինչեւ ուշ ժամերը եկեղեցւոյ խոհանոցէն ներս կամաւոր աշխատողներուն հոգատար վերաբերմունքը՝ բացայայտ էր բոլոր մանրամասնութիւններով:
Յայտագիրի հանդիսավար Պարոն Գրիգոր Անուշեան, աւագ սերունդի ներկայացուցիչ -սիւներէն է այս եկեղեցւոյ, Կօզպոյիքեան ամոլին հետ, որոնց միացած է նաեւ Ճան Սիմոնեանը իր ընտանիքով՝ հայր, մայր եւ որդի, երեքին անմնացորդ նուիրումով եւ խումբ մը այլ կամաւորներով:
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւՍրբազան հօր Սեղանի օրհնութեամբ, որուն յաջորդեց եկեղեցւոյ այցելու հոգեւորական Տ. Պետրոս Քհնյ. Գատէհճեանին կենաց մաղթանքը :
Հաճելի անակնկալ էր ականատես ըլլալ Տէր Պետրոսին քահանայական ծառայութեան 10-ամեակը նշող յատուկ շնորհաւորականներուն, որոնք յղուեցան Սրբազան հօր եւ Ս. Ներսէս Ճեմարանի Տնօրէն Տ. Մարտիրոս Քհնյ. Չեւեանին կողմէ:
Տէր Պետրոս Նիւ Եորքի մեր երիտասարդ հոգեւորակններէն է (Միօրեայ Լուսաւորչեան վարժարանէն իմ նախկին աշակերտներէս մին), որ փոքր տարիքէն զգացած էր հոգեւոր կեանքին նուիուելու կոչումն ու նուիրումը: Ուրախ էի թէ՛ իրեն, թէ ծնողքին եւ մանաւա՛նդ հայ համայնքին համար, որ տակաւին կան երիտասարդներ որոնք հոգեւոր ծառայութիւնը կ՛ընտրեն որպէս իրենց կեանքին իմաստը:
Յայտագիրին յաջորդող ժամը ծաղկեփունջ մըն էր երաժշտական վայելքի, ուր ելոյթ ունեցան խումբ մը պատանի ջութակահարներ, ղեկավարութեամբ ինքնին բացառիկ ջութակահար Տիանա Վասիլեանին: Այս խումբին մէջ ալ կային Հայ Ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտներ:
Ջութակի վայելքէն ետք բեմ բարձրացաւ, արեւելեան այս ափին մեծ համբաւ վայելող հրաշալի դաշնակահար Կարինէ Պօղոսեանը, որ «Ըսթայնուէյ» դաշնակի պէտք չուներ իր հմտութեամբ հիացնելու ներկաները, բեմին վրայ տեղադրուած փոքրիկ դաշնակին (քի պորտ) հետ մենք տեսանք տաղանդաւոր կատարողը:
Ժամը հասած էր կրթաթոշակի մրցանակաբաշխութեան: Երէց Ճան Սիմոնեանը, փորձառու ելեւմտագէտ մը ասպարէզով, կրցած էր իր յանձնախումբին հետ հասութաբեր որոշումներով յաջողիլ եւ Մապէլ Ֆէնէր Հիմնադրամին տոկոսէն գոյացած կոկիկ գումարով քաջալերել՝ համայնքի երիտասարդութեան զանազան տարիքի ներկայացուցիչները: Անոնց մէջ կային թատերագիր երիտասարդուհի մը, համալսարանական երիտասարդ մը, որ Ցեղասպանութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւն-դէզ մը կը պատրաստէր, երաժշտութեան հետեւող ուսանողուհի մը, Սուրբ Ներսէս Սեմինարի երկու ուսանողներ եւ երեք նախակրթարանի աշակերտներ՝ Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանէն:
Հպարտ էի ՍՆԱՎի աշակերտներով, որոնք արժանացան այդ գնահատանքին:
Ահաւասիկ մեր համայնքէն ներս կատարուող մէկ այլ քաջալերական կեցուածք մը՝ ՀԱՅ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին կողմէ:
Մեր համայնքը քանի՜-քանի՜ հանգիստ պայմաններու մէջ ապրող հայորդիներ ունի, եկեղեցիներ եւ միութիւններ հիմնադրամներ ունին, որոնցմէ կարելի է բաժին հանել ներկայ երիտասարդութիւնը քաջալերելու եւ դպրոցներուն դռները բաց պահելու … մինչեւ թաղին ծայրը արձանագրուելու համար պոչ բռնած ՀԱՅ ընտանիքներով
Կ՛անդրադառնամ եւ ի սրտէ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այս բարերարուհիին , ՍՆԱՎին նեցուկ կանգնող այն մեծ հայրիկին, որ անանուն բարերար մըն է եւ մեր վարժարանէն ներս երկու սաներու կրթաթոշակը մեծ մասամբ ի՛նք կը վճառէ:
Այո՛, մէկ ծաղիկով գարուն չի գար, սակայն այս օրինակները կ՛ըսեն, թէ ԿԱՄԵՆԱԼԸ ԿԱՐԵՆԱԼ է՛:
ԱԶԳՈՎԻ՛Ն ԿԱՄԵՆԱԼ Է ՊԷՏՔ՝ Դպրոցներուն դռները բաց պահելու, Հայ աշակերտը ինչ գնով ալ ըլլայ քաջալերելու համար:
Չէ՞ որ անոնցմէ է, որ ծնունդ պիտի առնեն ապագայի մեր հոգեւոր հայրերն ու ղեկավարները:
Շնորհակալութիւն Ղեւոնդ Երէցի ոգիով առաջնորդուող Մէնհէթընի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին: