Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Հայաստանի Անկախութեան Նշումէն Օրեր Առաջ «Կիլիկիա» Օրաթերթի Իւրայատուկ Հաւաքածոն Երեւանի Մատենադարանին Նուիրուեցաւ

Հայկական մշակութային եւ պատմական արժէքները հայրենադարձուելու գործընթացը կանուխէն սկսած է՝ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան ենթարկուելէ եւ վերիվայրումներով արեւելեան Հայաստանի մէկ փոքր հողակտորին վրայ հայկական պետականութեան վերականգնումէն ետք, երբ թէկուզ փոքր խումբերով հայոց հայրենադարձութիւնը իրականացած է դէպի հայրենի վերջին հողակտոր։

Ժամանակի ընթացքին հայկական մշակութային շատ արժէքներ՝ գիրքեր, թերթեր, գեղանկարներ, զարդեղէններ եւայլն, հայ անհատներու թէ միութիւններու կամ կազմակերպութիւններու միջոցով սկսած են Հայաստանի մշակութային կեդրոնները նուիրաբերուիլ, այդպիսով հարստացնելով մեր մշակութային պահեստը եւ հնարաւորութիւն տալով հայ թէ օտար մասնագէտներուն զանոնք ուսումնասիրելու։

Թուականէս շաբաթ մը առաջ՝ Սեպտեմբերի 16ին Երեւանի Մատենադարանի հայ մամուլի հաւաքածոն հարստացաւ հազուագիւտ նմուշով մը՝ Ատանայի մէջ լոյս տեսած «Կիլիկիա» թերթի 1920-1921 թուականներու հաւաքածոն, որուն խմբագիրը եղած է Տիգրան Ծամհուր, իսկ տպուած է Պետրոս Քեհեայեանի տպարանը։ Այս եզակի հաւաքածոն Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանին յանձնեց՝ Գահիրէի մէջ յայտնի Տեվլեթեան ընտանիքի զաւակ, նորոգ հանգուցեալ վաստակաւոր ընկեր Նորայր Տէօվլեթեանի դուստրը՝ ընկերուհի Կասիա Տէօվլեթեան-Ճըղալեանը։ Մատենադարանի տնօրէնը խոստացաւ համապատասխան բաժինի մասնագէտներուն հոգածութեան յանձնել «Կիլիկիա»ի հաւաքածոն եւ ի պահ տալ մամուլի բաժինը, ուսումնասիրողներուն համար նախապէս թուայնացնելով թերթի հաւաքածոյին բովանդակութիւնը:

2

Գահիրէաբնակ ընկերուհի Կասիային հայրը՝ Նորայր Տեւլեթեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամագրուած էր երիտասարդ տարիքէն, հետագային դարձած է կուսակցութեան Եգիպտոսի շրջանի ատենապետը: Ան եղած է նուիրեալ ազգային գործիչ։ Իր պատուական հօր՝ Հայաստանի հանդէպ ունեցած սէրը իրեն ալ փոխանցուած է, որովհետեւ Հայաստանէն Եգիպտոս եկող որեւէ մտաւորական՝ անպայման հօր «Ոսկետառ» տպարանը եւ իրենց տունը այցելած է:

Նորայր Տէօվլեթեանի մահէն յետոյ, Կասիան տպարանը կարգի բերելու ժամանակ կը յայտնաբերէ թերթերու կապոց մը, որ զգուշօրէն կը բանայ, քանի որ թերթերը կը փշրուէին: Անոնք Ատանա հրատարակուող «Կիլիկիա» օրաթերթի 1920-1921 թուականներու օրինակներ էին, որ հոն պահուած էին: Կ՛որոշէ զանոնք Հայաստան բերել եւ յանձնել Ազգային գրադարանին, ուր հայ մամուլի բաւական հարուստ հաւաքածոյ մը կը գտնուի: Սակայն թերթերու մաշած վիճակը տեսնելով՝ յարմար կը նկատէ զանոնք յանձնել Երեւանի Մատենադարանին՝ անհրաժեշտ վերականգնում կատարելու: Մատենադարանը պահուող հայկական պարբերաթերթերու ցանկին մէջ «Կիլիկիա» օրաթերթի օրինակներ չկան, հետեւաբար ան կրկնակի արժէք կը ստանայ՝ որպէս հայ մամուլի պատմութեան եւս մէկ վկայութիւն:

Հայաստանի անկախութեան հերթական տօնակատարութենէն օրեր առաջ եղած այս օրինակելի նախաձեռնութիւնը, անգամ մը եւս կը վկայէ Հայրենիքի հետ կապուածութեան, սփիւռքահայու այսպիսի մտածողութեան կարեւորութիւնը՝ աշխարհի տարածքին սփռուած մեր մշակոյթի մասնիկները Հայաստանի մէջ կեդրոնացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Մասնաւորաբար անկախ Հայաստանի գոյութեամբ եւ հայկական պետականութեան առկայութեամբ, անհրաժեշտ հրամայական է լրջօրէն հետապնդելու հայկական մշակութային արժէքներու մէկտեղումը Հայրենիքի մէջ, որովհետեւ հոն է որ անոնք պիտի պահպանուին իբր ազգային արժէք եւ փոխանցուին յաջորդող սերունդներուն, որուն ապացոյցը ներկայի անկախ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող այդ արժէքներուն մեր կողմէ ընկալումն է վերջնականօրէն իբր մերը՝ հայկականը։

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին