Անկախ պետութիւն ունենալ կը նշանակէ ունենալ առողջ հաւաքականութիւն մը, որ երաշխիքն է հզօր ու զարգացած երկրի մը:
Այս ուղղութեամբ պետութեան կարգին եւ անոր զուգահեռ կենսական է՝ ընկերային հասարակական կազմակերպութիւններու գոյութիւնն ու գործունէութիւնը տուեալ երկրի մը մէջ:
Մեր աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան պարագային, «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամը օրհնաբեր նախաձեռնութիւն մըն է նուիրուած հայ ժողովուրդի ծառայութեան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի կարգ մը ծրագրային դրոյթները․
«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը հիմնադրուել է Հայրենիքի եւ Սփիւռքի սերտ համագործակցութեան արդիւնքում, մի շարք նուիրեալ մարդկանց եւ կազմակերպութիւնների ջանքերի շնորհիւ: Հիմնադրամն ունի հայապահպան նշանակութիւն, այն է միաւորել ողջ հայութեան ջանքերն ու հնարաւորութիւնները` ի նպաստ հայ մշակոյթի, գիտութեան եւ արուեստի զարգացմանն ու տարածմանը ոչ միայն Հայաստանում, այլ նաեւ Սփիւռքում:
«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամն իրականացնում է մշակութային, կրթական, սոցիալական եւ այլ մարդասիրական ծրագրեր, որոնց իրականացման համար միջոցները գոյանում են մասնաւորապէս Թէքէեան Պիզնես Կեդրոնի հասոյթից, ինչպես նաեւ բազմաթիւ նուիրատուութիւններից:
«Թէքէեան Կեդրոն» hիմնադրամի առաքելութիւնն ու հիմնական նպատակները
Թէքէեան Կեդրոնը հիմնադրամ է, որի գործունեութեան հիմնական նպատակն է սատարել Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ յարակից կազմակերպութիւնների գործունէութեանը` իրականացնելու մշակութային, կրթական, սոցիալական եւ այլ մարդասիրական ծրագրեր: Հիմնադրամի շահառուներ կարող են հանդիսանալ նաեւ այլ հասարակական կազմակերպութիւններ եւ անհատներ:
«Թէքէեան Կեդրոն» hիմնադրամի նպատակներից է նաեւ օժանդակել վերոյիշեալ կազմակերպութիւնների Հայաստանի եւ Սփիւռքի կառոյցների փոխադարձ համագործակցութեանը: Հիմնադրամն ունի հայապահպան նշանակութիւն, այն է միաւորել ողջ հայութեան ջանքերն ու հնարաւորութիւնները` ի նպաստ հայ մշակոյթի, գիտութեան եւ արուեստի զարգացմանն ու տարածմանը ոչ միայն Հայաստանում, այլ նաեւ Սփիւռքում»:
Աւելի եւս ծանօթանալու համար «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի Հայրենիքի մէջ տարած կրթամշակութային՝ նամանաւանդ հայ աշակերտին, որ պիտի դառնայ ապագայ մարդն ու Հայրենիքի առողջ քաղաքացին, մտահոգեկան առողջութեան եւ դաստիարակութեան նուիրուած գործունէութեան, վերջերս Երեւանի իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցանք անոր Հանրային Կապերու պատասխանատու Տիկ. Սեդա Խաչատուրեանին հետ, ունենալով հետեւեալ շահեկան զրոյցը:
Ծանօթացնելով կրթական ծիրէն ներս տարուած աշխատանքը Տիկ. Խաչատուրեան յայտնեց. «Մենք կ’աշխատինք Թէքէեանի անուան դպրոցներուն հետ, որոնց 4 հատը կը գտնուին Հայաստան իսկ մէկը Արցախ: Անոնք կը գտնուին Երեւան, Կիւմրի, Ստեփանաւան եւ Աշտարակ շրջաններուն մէջ: Անոնցմէ ամէնէն հինն է Երեւանի Թէքէեան վարժարանը, իսկ Կիւմրիի Թէքէեան դպրոցը երկրաշարժի ժամանակ վնասուած եւ ապա նորոգութեան ենթարկուած է: Դպրոցաշէնքերէն մի քանին կը գտնուին ահաւոր իրավիճակի մէջ եւ մենք կը փորձենք Թէքէեանական շրջանակներու միջոցով բարեկարգումներ իրականացնել, վնասուածքները նորոգել եւ նոյնիսկ ձեռնարկել նոր շէնքերու շինութեան, որովհետեւ վերանորոգելը շատ անգամ իմաստ չունի, որով անոնց հիմքերը կայուն չեն: Մենք այս կապակցութեամբ տեսակցութիւններ կ’ունենանք կառավարական զանազան ներկայացուցիչներու հետ, անոնց օգնութեամբ իրագործելու համար այս ծրագիրները»:
Դպոցներու սեփականութեան մասին Տիկ. Խաչատուրեան յստակացուց ըսելով. «Դպրոցները մեզի չեն պատկանիր եւ մենք նիւթական մեծ օժանդակութիւններ ալ չենք կրնար կատարել, այլ պարզապէս ծրագիրեր կ’իրականացնենք, անոնց մակարդակը աւելի առաջ տանելու նպատակով»:
Աւելի եւս պարզաբանելով տարուած աշխատանքը, Տիկին Խաչատուրեան շեշտեց, որ «Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը մշակութային զանազան աշխատանքներ կը տանի Հայրենիքի մէջ, սակայն «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի կեդրոնացումը հիմնականօրէն դպրոցի մարզին մէջ է»: Ան շարունակեց ըսելով. «Մեր դպրոցական ծրագիրները ամէնամեայ են եւ կը գործեն 2010 թուականէն սկսեալ: Մենք ընդհանրապէս տարին կը սկսինք գիտելիքներու մրցումով, որ առարկայական մրցում է, որուն կը մասնակցին լաւագոյն աշակերտները եւ մրցանակներ կը ստանան: Ապա մրցումին կը յաջորդեն թանգարաններու եւ տեսարժան վայրերու այցելութիւնները, որ աշակերտներուն հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու Հայաստանի մշակութային տարբեր շրջաններուն, որովհետեւ կան աշակերտներ, որոնք պարագաներու բերումով իրենց շրջանէն դուրս ելլելու առիթ չեն ունեցած»:
Մանրամասնութիւններ տալով, թէ քանի աշակերտ կ՛օգտուի այս ծրագիրներէն, Տիկ․ Խաչատուրեան պարզեց, որ «5 տարուան ընթացքին մեր այս երկու ծրագիրներուն մասնակցած են 4300 աշակերտներ: Աշակերտները թէ՛ պտոյտներու ընթացքին եւ թէ այլուր ոչ մէկ գումար կը վճարեն կազմակերպութեան, այլ այդ մէկը ամբողջութեամբ կազմակերպութիւնը ինք կը հոգայ: Շատ անգամ կազմակերպութիւնը կը հոգայ նաեւ աշակերտներուն գրենական պէտքերու ծախսերը»:
Խօսելով դպրոցական կառոյցներու իրավիճակին մասին ան յայտնեց, որ «մաս մաս կը փորձենք իրականացնել դպրոցներու շէնքերու բարեփոխութիւններ, օրինակ փոխել պատուհանները, դուռերը, գրասեղանները աւելի աղուոր միջավայր ստեղծելու համար աշակերտութեան»:
Չբաւարարուելով դպրոցական տարեշրջանին վրայ երկարող գործունէութեամբ՝ իմացանք, որ «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամը ունի նաեւ ամառնային ծրագիրներ: Տիկ․ Խաչատուրեան ըսաւ, որ «Կազմակերպութիւնը ունի նաեւ ամառնային ճամբար, ուր դպրոցի աշակերտները 7-8 օրով ներկայ կը գտնուին զանազան գիտելիքներ սորվելու համար: Նպատակ կայ նաեւ այդ ճամբարը ընել Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեամբ, դուրսէն դասախօսներ հրաւիրելով, ինչու չէ նաեւ մեր աշակերտները եւս Սփիւռք ճամբարներու ղրկելով»:
Գալով դպրոցներու մակարդակին Տիկ. Խաչատուրեան պարզաբանեց ըսելով․ «Դպրոցները բոլորն ալ նոյն մակարդակը չունին, օրինակ Կիւմրիի Վահան Թէքէեան դպրոցը միայն միջնակարգ ու երկրորդական բաժիններ ունի, մինչ Երեւանի Թէքէեան դպրոցը միայն մանկապարտէզ ու նախակրթարան»:
Մեր հանդիպումը զուգադիպելով վերամուտին, Տիկ․ Խաչատուրեան ծանօթացուց վերամուտի ծրագիրները ըսելով, որ «մենք տարեշրջանը կը սկսինք Թէքէեան մարզական խաղերով, որոնք ընդհանրապէս տեղի կ’ունենան Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներու ընթացքին, որոնք մարզական մրցոյթներ են, որոնց նպատակն է պահ մը աշակերտութիւնը հեռացնելով համակարգիչներէն ու արդիական սարքերէն՝ մօտեցնել մարզական աշխարհին»: Անոնց դրական արդիւնքին մասին ան վկայեց. «Աշակերտներուն կողմէ այս բոլորին արձագանգը դրական կ՛ըլլայ, մանաւանդ անոնց ուսուցիչները կը վկայեն, որ աշակերտները աւելի կորովով կը սկսին տարեշրջանը եւ ամբողջ տարին մթնոլորտը աւելի առողջ տեսք կ’ունենայ: Այս բոլորը պատճառ կ’ըլլան, որ Թէքէեան վարժարաններուն մէջ աշակերտութեան թիւը աճ արձանագրէ եւ ծնողքները վստահութեամբ իրենց զաւակները դպրոց ղրկեն՝ նկատի ունենալով, որ այդտեղ միայն դասաւանդութիւն չէ որ կը կատարուի, այլ կայ նաեւ ընկերային ու հաւաքական կեանք»:
Խօսելով ֆինանսաւորումին ու անոր թափանցիկութեան մասին, Տիկ. Խաչատուրեան յստակացուց․ «Մենք մեզի օգնող նուիրատուներուն միշտ նամակով կը տեղեկացնենք, թէ անոնց յատկացուցած դրամը բարեսիրական ինչ նապատակներու համար գործածուած է եւ քանի երախաներ անկէ օգուտ ստացած են»:
Գալով տեղեկատուութեան Տիկ. Խաչատուրեան յայտնեց, որ «Մենք այս բոլորը կը տեղադրենք մեր կայքին, Facebook-ի եւ YouTube-ի էջերուն վրայ ու ամէն մարդ կրնայ այդտեղէն տեսնել եւ կարդալ բոլոր այն նորութիւններուն կամ իրագործումներուն մասին, զորս մենք կը կատարենք»:
Մեր կողմէ նշենք, որ «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի համացանցային կայքի հասցէն է www.tekeyancentre.am իսկ Ֆէյսպուքի հասցէն՝ www.facebook.com/tekeyancentre
Կը մնայ շնորհաւորել «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամը՝ իր առաքելութեան հաւատարիմ ազգօգուտ գործուէնութեան համար, մաղթելով անոր աւելի եւս զարգացում ու կատարելագործում: