Դոկտ.ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Վրոցլավ
Պատանեկութեանս տարիներուն երբ կը մտածէի ծագումով կամ «արմատներով հայեր» եզրին մասին , անմիջապէս կը փորձէի քանակական տոկոս մը գտնել՝ ճշդելու այդ մարդոց հայկական ինքնութեան համեմատութիւնը, միշտ մտաբերելով երկու անխախտ համոզումներ, առաջինը Հայաստանի վէրքի երգիչին՝ Խաչատուր Աբովեանի իմաստուն բառերը․ «Մէկ ազգի պահողը, իրար միացնողը լեզուն ա ու հաւատը…» , իսկ երկրորդը Լէոյի հաստատումները․ «Օտարին ենթարկուելու, օտարինը իւրացնելու Հայի խիստ ենթարկուող բնաւորութիւնը չափազանց աչք ծակող պատմական մի իրողութիւն է ․..»: Իսկ այսօր «արմատներով հայեր» եզրին վրայ կ`աւելնան նոր եզրեր՝ «մուսուլման կամ իսլամացած հայեր», «ծպտեալ կամ թաքուն հայեր», «քիւրտ ծպտեալ հայեր», «որպէս ալեւի ներկայացող ծպտեալ հայեր»…եւլն :
Երեւութապէս իրարմէ անջատ կը թուին ըլլալ վերոյիշեալ հայկական ինքնութեան հետ առնչուող ընմբռնումները՝ դիտուած լեզուի, հաւատքի, հայ ազգին պատկանելու զգացումներէն եւ հայօրէն ապրելու պարտաւորութիւններէն, որոնք ազգային լուրջ հրամայականներ ու մարտահրաւէրներ են: Այսօր վկաներն ենք օր ըստ օրէ աշխարհասփիւռ ցրուող, աւելի սփիւռքացող հայութեան իրավիճակին, ուր ընդհանրապէս անծրագիր ու անզօր կը մնանք այդ սփռումի, սփիւռքացումի, համաշխարհայնացած հայութեան մը իրականութեան դիմաց: Եթէ ծագումով հայերու պարագային խախտած է հայ ինքնութեան եւ լեզուի հրամայականը, իսկ միւս՝ իսլամացած հայերու պարագային խախտած են շատ հիմնական եւ անփոխարինելի երկու հրամայականները՝ լեզուն եւ հաւատքը, այս մարտահրաւէրներու մտահոգութիւնները ի՞նչ չափով արդարացի կրնան հնչել՝ երբ կը լսուին արդարացնող անհեթեթ մեկնաբանութիւններ, թէ կարեւոր չէ ինչ լեզուով կը խօսի կամ ինչ կրօնի կը հաւատայ՝ կարեւորը ինքզինք հայ կը զգայ:
Կարելի է վերոյիշեալ` արմատներով հայեր եւ թաքուն հայեր եզրերը առանձնացնել ու զանոնք ընդունիլ իբրեւ իրարմէ տարորոշ եզրեր, բայց երկու եզրերու պարագային ալ մէկ բան յստակ է, որ հայկական ծիները կը թուին ըլլալ զօրեղ, երկարատեւ ու շեշտակի, ուր երկար տարիներու, տասնամեակներու, նոյնիսկ դարերու տեւողութիւնը անկարող է յաջորդող սերունդներուն մէջ արգիլելու կամ դիմակայելու՝ հայկական արմատներու պատկանելիութեան արտայայտչականութիւնը, անկասկած հայկական ծիները ունին յստակ, ներգործող ու յատուկ ինքնուրոյնութիւն մը: Նոր եւ հին իրականութիւններ, որոնք կը զբաղեցնեն մեր հայ մամուլի վերնագիրները եւ պէտք է կշռադատուած մօտեցումներով զբաղեցնեն նաեւ մեր ամբողջ համահայկական կեանքին` քաղաքական, ազգային թէ մշակութային ղեկավարութիւնները:
Ինքնութեան այս ընդհանուր պարունակին մէջ պէտք է ընդգծել, թէ այսօր Լեհահայութիւն ըմբռնումով կարելի է հասկնալ զիրար ամբողջացնող հիմնական երկու մասնիկներ կամ խումբեր, առաջինը ծագումով, արմատներով հայ, որ ընդհանրապէս կորսնցուցած է իր ազգային լեզուն, ազգային առանձնայատկութիւնները, կ՝ընդունի ու երբեմն հպարտ է իր հայկական արմատներով, հետաքրքրուած է հայկական իրականութեան ընթացքով, կը մասնակցի հայանպաստ հանրային կեանքին, հայկական ինքնութիւնը իրեն համար կը նշանակէ հայկական արմատներու յիշողութիւն, անխախտ կապուածութիւն ու հաւատարմութիւնը մասնաւորաբար` Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հանդէպ, լեհ ազգային կեանքի մէջ ինքզինք կը համարէ փոքրամասնութիւն մը, պահելով դարերու ընթացքին իրեն փոխանցուած որոշ հնաւանդոյթներ, կտակուած սովորութիւններ եւ համոզումներ։ Հակառակ ծագումով հայերու համեստ թուաքանակին, անոնք գործնական ծրագիրներով կը փորձեն ակներեւ պահել Լեհաստանի հայկական պատմական համայնքին յիշողութիւնը, լեհական մակարդակով եւ ուշագրաւ միջոցներով վերարտադրելու եւ նշանակալից յայտագիրներով վերակենդանացնելու լեհահայոց դարաւոր ժառանգութեան իրականութիւնը: Ըմբռնելի ու զատորոշիչ է նաեւ այս խմբակի մականուններու հայկական ծագումը՝ ինչպէս Ակոբսովիչ, Աբգարովիչ, Մանուկեվիչ, Տոնապիտովիչ, Պողոսեվիչ…եւլն:
Իսկ երկրորդ խմբակը ժամանակակից շրջաններու հայ գաղթականներն են, որոնք քսաներորդ դարու ընդհանրապէս երկրորդ կէսէն ետք, մանաւանդ Սպիտակի սրտաճմլիկ երկրաշարժէն` 1988 թուականէն ու յաջորդող տարիներուն Հայրենիքի տնտեսական տագնապալից պայմաններէն հեռացած եւ աւելի բարեկեցիկ նիւթական պայմաններ փնտռելու նպատակով Լեհաստան գաղթած ու հոն հաստատուած հայորդիներէ եւ ժամանակ առ ժամանակ Վրաստանէն ու նախկին Խորհրդային միութեան այլ հանրապետութիւններէ գաղթած հայերէ՝ համայնք մը, որ խումբ առ խումբ տարածուած է Լեհաստանի զանազան անկիւնները, անկազմակերպ է, տարուած է իր ազգային գիտակցութեան ու յարանուանական դժուարին գոյապայքարը ամրապնդելու եւ հայկական միակամ դիմագիծ մը որդեգրելու ջանքով:
Այս խորհրդածութիւններու շրջագիծին մէջ կարելի է ծանօթանալ ու ըմբռնել ծագումով հայ՝ Մօնիքա Ակոբսովիչի լեհերէնով հրատարակուած 350 էջնոց գեղատիպ հատորին իմաստն ու արժէքը, որուն կցուած DVD տեսահոլովակը կը պարունակէ 21 ձայնագրութիւններ ծագումով հայերու, լեհահայերու յիշատակներ եւ վկայութիւններ։ Գիրքը հարստացած է Ակոբսովիչներու ընտանիքի հինգ սերունդներու ընտանեկան տոհմածառով: Լեհերէն վերնագրով «Kresowe Pokucie : Rzeczpospolita Ormiańska», որուն թարգմանութիւնն է «Սահմանային Բոգուջէ` Հայկական Հանրապետութիւն», որ արժանացաւ 2014 թուի Լեհաստանի տարուայ լաւագոյն պատմական գիրքի մրցանքին: Լեհերէն` Բոգուջէ (արեւելահայերեն` Բոկուտիա), (ուքրաիներէն Покуття , Ռոմաներէն Pocuţia) Լեհաստանի արեւելա-հարաւային պատմական սահմանային ծայրամասն էր, իսկ այսօր Ուքրաինայի հարաւ – արեւմտեան տարածքի մէկ բաժինն է, որ մինչեւ սովետական զօրքերու ներխուժումը կը կազմէր Լեհաստանի պատմական հողատարածք: Այդ տարածքին մէջ, լեհերու կողքին ապրած են տարբեր փոքրամասնութիւններ` հայեր, հրեաներ, ռուսեր, ուքրաինացիներ, գերմանացիներ, ռոմանացիներ…եւլն, ստեղծելով բազմամշակութային քաղաքակրթութիւն մը:
Պատմական այդ տարածաշրջանին մէջ լեհահայերը նշանակալից դեր ունեցած են մշակութային ու տնտեսական կեանքի մէջ, այդ իմաստով հեղինակը այդ հողատարածքը իր գիրքի վերնագիրին վրայ կ՛որակէ իբրեւ գողտրիկ Հայկական Հանրապետութիւն, ուր մինչեւ 19րդ դարու վերջաւորութեան ունեցած է վերելքի ծաղկուն շրջան մը, օրինակ Աբգար Սուլթանի, Քայէթան Աբկարովիչի եւ այլոց գեղանկարչական ու զանազան արուեստի եւ մշակոյթի հարստութեամբ:
Հատորին նախաբանը ներկայացուցած է Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի դասախօս եւ Ուքրաինայի ու լեհահայոց պատմութեան մասնագէտ, հմուտ պատմաբան Փրոֆ. Անտժէյ Ժիէնպան: Գիրքը կը բաղկանայ հիմնական չորս գլուխներէ, որոնք գրուած են հետաքրքրական, վերլուծողի ու լուսաբանողի մօտեցումով, հեղինակը յատուկ ճկունութեամբ կը յաջողի վերականգնել ու ներկայացնել Լեհաստանի հանրապետութեան պատմական ժամանակահատուածի համայնապատկեր մը, մասնաւորաբար հարաւ արեւելեան տարածքին՝ Բոգուջէյի յատկապէս 19 րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 1945 թուականի ժամանակամիջոցի մանրապատումը, այսինքն մինչեւ Լեհաստանի բնակչութեան հարկադիր հայրենադարձութիւնը դէպի ներկայ Լեհաստանի հողատարածք:
Պատմական բազմարժէք ու հարուստ տեղեկութիւններու, Ակոբսովիչներու ընտանեկան ու արհասարակ լեհահայերու կեանքին հետ առնչուող մանրամասնութիւններու կողքին, գիրքը կը պարունակէ բազմաթիւ լուսանկարներ, մէջբերումներ, յուշագրութիւններ, նամակագրութիւններ, այդ ժամանակաշրջանի ընդհանրապէս լեհահայերու անձնանուններու ծաւալուն անուանաշարք մը եւ օգտագործուած լեհական աղբիւրներու հարուստ ցանկ մը:
Օսկար Հալիցքի լեհ պատմագէտի անուան նուիրուած՝ տարեկան պատմական գիրքի այս լուրջ մրցանակին նպատակն է սերմանել եւ տարածել պատմական նիւթերու ընթերցասիրութիւնը, ընդարձակել լեհական պատմութեան ծալքերը, ժողովրդականացնել արդի Լեհաստանի պատմութիւնը։ Այս ձեռնարկը կազմակերպելու իրենց ուշագրաւ մասնակցութիւնը կը բերեն երկրին հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի կազմերը, ծանրակշիռ դերը կ՝ունենայ ազգային յիշողութեան ինսթիթութը, իսկ իր լրջախոհ որոշումը կը յայտնէ գիտական դատական կազմը:
1939 թուի Սեպտեմբեր 1ին գերմանական բանակը կը յարձակէր Լեհաստանի վրայ եւ կը գրաւէր Լեհաստանի կէսը, 17 Սեպտեմբեր 1939ին Խորհրդային Միութեան Կարմիր բանակը կը յարձակէր եւ կը գրաւէր Լեհաստանի արեւելեան տարածքները, այսպիսով կը պայթէր Բ. Համաշխարհային պատերազմը: Կարմիր բանակի ներխուժումէն ետք հալածանքներ կը սկսին լեհերու հանդէպ, լեհահայերն ալ կը հալածուին խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ, հալածանքները կը շարունակուին մինչեւ նացիական Գերմանիոյ յարձակումը Խորհրդային Միութեան վրայ Յունիս 1941ին:
Բոգուջէյի բազմաշերտ մշակութային վերելքը ընդհատուեցաւ ոչ միայն Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի դժբախտութիւններով, մարդկային անմոռանալի արհաւիրքներով, բազում զոհերով, լեհերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու վերաբնակեցումով, այլ այս բոլորի կողքին պէտք է վերյիշել նաեւ, Լեհաստանի դէմ գերմանական զօրքերու եւ Խորհրդային Միութեան կողմէ իրագործուած բռնագրաւման իբրեւ հետեւանք՝ Լեհաստանի սահմաններու փոփոխութիւնը, մասնաւորաբար երբ Լեհաստանի արեւելեան բռնագրաւուած տարածքը դարձաւ խորհրդային ուքրաինական հաղատարածք:
Մենատիրութեան ախորժակներ գոհացնելու նպատակով, ուքրաինական ազգայնամոլ ծայրայեղականներու կողմէ իրագործուեցան սարսափելի կոտորածներ, գարշելի ու սահմռկեցուցիչ ջարդեր, որոնք շարունակուեցան մինչեւ 1945 ու մեծ թիւով լեհերու կեանքը խլեցին, անոնց մէջ ըլլալով նաեւ լեհահայերու ստուար թիւ մը: Ցաւալի այս պատմութիւնները կը կարդանք հատորի չորրորդ գլուխին մէջ՝ «Քութի ջարդը» վերնագիրին տակ, ուր լեհահայութիւնն ալ ըմպեց այդ քստմնելի եղելութիւններու արիւնոտ բաժակէն, ոչ միայն մարդկային զոհողութիւններով եւ զրկանքներով, այլ նիւթական մեծ կորուստներով, երբ անոնք կորսնցուցին սեփական ինչքեր, յարանուանական ու հոգեւոր կառոյցներ, եկեղեցիներ… եւլն:
Յետպատերազմի սովետական թէ լեհական համայնավարական քաղաքականութեան իշխանութիւնները՝ չկրցան լռեցնել կորուստներու ցաւի ճիչն ու յուզումը, արգիլել Լեհաստանի արեւելեան ծայրամասերէն (մեր ըմբռնումով երկրի, բնագաւառի) խլուած հողատարածքի վշտահար պոռթկումը, երկրի հանդէպ ցաւի յաւերժ կանչը, վերաբնակեցուած լեհերու եւ անոնց մէջ լեհահայերու պատմական ծագումի ոգեղէն ու նիւթեղէն պատկանելիութեան վշտամորմոք կապուածութիւնը, այրող կարօտ մը, որ կը շարունակուի տակաւին:
Նոյնօրինակ մանրամասնութիւններու, պատմական տեղեկութիւններու, յուշագրութիւններու առատ ու բազմաշերտ աղբիւրներ են նաեւ՝ արմատներով հայ Աննա Տանիլէվիչի «Չերեմոշի աջակողմը ապրող հայերը» (1994 թ.), «Ռումանական Պուքովինայէն դէպի Տոլնէ Շլոնսք, համառօտ պատմում երկար կեանքի» (2004 թ.), լեհերէնով հրատարակուած գիրքերն ու լոյս տեսած զանազան յօդուածները (տես տողերուս հեղինակին յօդուածը` «Երեք հայրենիքներու քնարերգուհին՝ Աննա Տանիլէվիչ», «Երթ» Սուրիահայութեան տարեգիրք, թիւ 2/2006 , Հալէպ, էջ 230-241, Ա. Ս.):
Ուշագրաւ է նաեւ ծանօթանալ ազնուահոգի Մ. Ակոբսովիչին, ծնած 1961ին, որ անգլերէն գրականութեան իր մասնագիտութեան կողքին, գործնական ու մեծ նուիրումով կապուած է իր հայկական արմատներուն, օգտաշատ մասնակցութեամբ կը սատարէ հայանպաստ ծրագիրներու, համակ սիրով կապուած է նաեւ պատմական Լեհաստանի արեւելեան հողատարածքի պապենական երկիրի իր պատկանելիութեան: Համահիմնադիրն է «Լեհահայ մշակույթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»ին, համահիմնադիրն ու խմբագիրն է նաեւ այդ հիմնադրամի համացանցի wiki.ormianie.pl կայքէջին, համահիմնադիրներէն ու խմբագրական կազմի անդամներէն է «Աւետիս» եռամսեայ երկլեզու լեհերէն-հայերէն ամսագիրին, որ լոյս կը տեսնէ Լեհաստանի մէջ Սեպտեմբեր 2009էն (աշունէն) սկսեալ: Համահեղինակ է լեհերէնով հրատարակուած մեծ չափով հատորին` «Հայոց Վարշավան» (Արմէն Արդվիխի, Քշիշթոֆ Սթօբքայի, Անտժէյ Ժիէնպայի հետ), որ լոյս տեսաւ Վարշավայի մէջ 2011 թուին եւ արժանացաւ զանազան մրցանքներու: Հեղինակն է «Լեհահայերու Դիմանկարներ» տարեկան օրացոյցին, որ լոյս կը տեսնէ 2008էն սկսեալ, կազմակերպած է զանազան ցուցահանդէսներ ինչպէս` «Մեծ մոռցուածը` լեհահայ Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Թէոտորովիչ (1864-1938) լեհ մեծանուն հոգեւորականն ու պետական գործիչը» (2008 թ.), «Հայացքը Արարատին. Հայերու Ճակատագիրը Լեհաստանի մէջ» (2009 թ.)…եւլն:
Օրինակելի է իր մշակումով ու կազմակերպութեամբ (պատմաբան Փրոֆ. Անտժէյ Ժիէնպայի մտայղացումով) եւ Վարշավայի «Լեհահայ մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»ի հրատարակչութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած ու լեհական ինքնակառավարման եւ թուայնացումի նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ հրատարակուած՝ հայերէն-լեհերէն երկլեզու 2015 թուականի բացառիկ մեծ չափի օրացույցը` «Հայեր 2015 – Եղեռնի մոխիրներէն վեր յառնող ժողովուրդ” վերնագիրով․ սոյն օրացոյցի նպատակն է ներկայացնել ժամանակագրական կարգով տարբեր վայրերու եւ ժամանակներու` Հայաստանի թէ հայկական Սփիւռքի մէջ հոգեւոր ու նիւթական իրականացած ձեռքբերումները, որոնց ճակատագիրը ողբերգական աւարտ ունեցաւ: Օրացոյցի պատրաստութեան մէջ իրենց յօդուածներով մասնակցեցան Հայաստանէն եւ Սփիւռքի զանազան երկիրներէն հանրածանօթ պատմաբաններ ու գրիչներ:
Մ. Ակոբսովիչի մրցանակի արժանի այս գիրքին մէջ ամփոփուած պատմական համայնապատկերը եւ յուշագրութիւնը կարելի է բնութագրել իբրեւ՝ լեհական պատմութեան եւ լեհահայերու մանրապատմութեան համակողմանի, ինքնամբողջ ու բազմաբովանդակ խճանկար մը: Այսօր պատմութեան յանձնուած են ու չկան լեհական Բոքուջէն, Պուքովինան, Չերեմոշն ու Քութը եւ այլ հողամասեր, ուր լեհահայերն ալ եղած են բաղկացուցիչ ու անբաժան մէկ մասնիկը, մասնակցած են այդ պատմութիւնը, համագոյակցութիւնն ու մշակութային ժառանգը կերտելու եւ զարգացնելու գործին մէջ, բայց կան այսօր ծագումով կամ արմատներով հայեր, որոնք այդ կերտուած պատմարժէք քաղաքակրթութիւնը վերակառուցելու եւ վերարտադրելու պիտանի կարելիութիւնը կը մատուցեն, ոչ միայն մեր ուշադրութիւնը սեւեռելու՝ այլ փունջ մը իմաստալից ու թելադրիչ դասեր քաղելու: