Ոեւէ անհատի համար կեանքի ամենասրբազան յիշատակներէն մէկը, տակաւին պատանեկութեան կամ երիտասարդութեան սեմին ՝ Մայր Հայրենիք այցելելու պատեհութիւնը պիտի ըլլար անկասկած: Ուր մնաց, որ այդ ուղեւորութիւնը յիշատակներու պրիսմակին մէջ քանդակուէր անդրանիկ այցելութեան քաղցրայուշ տպաւորութիւններով:
Արդարեւ 31 անդամ-անդամուհիներէ բաղկացած Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. փողերախումբը, Հ.Ե.Ը. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Անթիլիասի ատենապետ եղբայր Վաչէ Աւետիքեանի գլխաւորութեամբ , Չորեքշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 2015-ին, մեկնեցաւ Հայաստան: Օդանաւը Զուարթնոցի միջազգային օդակայանը բարեյաջող վայրէջք կատարելէ ետք, փողերախումբի անդամները բարձրացան Քանաքեռ, իջեւանելու Հ.Բ.Ը.Մ.ի Վահէ Կարապետեան Կեդրոնը:
Հայրենիք այցելութիւնը լաւագոյն առիթն էր ծանօթանալու մեր ժողովուրդի պատմամշակութային կոթողներուն: Միւս կողմէ այցելութիւնը հայրենի ժողովուրդին ընձեռեց Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. փողերախումբին բարձր կատարողականութեան ծանօթանալու պատեհութիւնը:
Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը փողերախումբը Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբերին այցելեց Խոր Վիրապ եւ Նորավանք: Յաջորդ օրը մեր հիւրերը այցելեցին Գառնի- Գեղարդ: Նոյն օրը երեկոյեան անոնք այցելեցին Նորք՝ Հայորդաց Տուն: Հայորդաց Տան տնօրէնուհի Այտա Անդրէասեան արժեւորեց՝ Սփիւռքի մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. մեծ ընտանիքի ազգապահպանման ծառայութիւնները:
Այդ միջոցին Նորքի Հայորդաց Սաները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Օգտուելով առիթէն մեր փողերախումբը հնչեցուց կարգ մը երգեր: Յուշանուէրներու փոխանակումէն ետք, փողերախումբի անդամ-անդամուհիները վերադարձան իրենց գիշերային կացարանը:
Շաբաթ, 5 Սեպտեմբեր 2015ի առաւօտեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. փողերախումբը այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, յարգանքի տուրք մատուցելով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին: Փողերախումբը կատարեց հայ ժողովուրդի Մեծ Արհաւիրիքին պատշաճ նուագներ: Ապա փողերախումբին անդամ-անդամուհիներէն իւրաքանչիւրը մեխակներ զետեղեց Յաւերժութեան Կրակին շուրջ, վերանորոգելով նահատակներու կտակին հաւատարիմ մնալու ուխտը:
Կիրակի, 6 Սեպտեմբեր 2015: Հ.Բ.Ը.Մ.- Հ.Ե.Ը. փողերախումբը տիկին Հերմինէ Տիւզեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Սուրբ Էջմիածին Տաճարը, մօտէն ծանօթանալով Մայր Աթոռի պատմական թանգարանին, մշակութային գանձերուն: Այս առիթով փողերախումբի կազմը նաեւ ստացաւ Սուրբ Հաղորդութիւն:
Երկուշաբթի առաւօտեան փողերախումբի անդամ-անդամուհիները մեկնեցան Սեւանայ Լիճ, այցելելով Սուրբ Յակոբայ եւ Սուրբ Կարապետի վանքերը: Զբօսանաւով շրջեցան Սեւանի ափերը: Շարունակելով իրենց պտոյտը՝ այցելեցին Հաղարծին, Ապարան եւ ուշ երեկոյեան վերադարձան Քանաքեռ:
Երեքշաբի, 8 Սեպտեմբերը յատկացուած էր ծանօթանալու մայրաքաղաք Երեւանին: Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի փողերախումբը այցելեց Յաղթանակի Այգի, Մայր Հայաստան յուշարձանը եւ կից թանգարանը, նորակառոյց «Գասգատ» շրջանը, ապա Սասունցի Դաւիթի արձանը: Չորեքշաբթի օր փողերախումբը այցելեց մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենափառապանծ էջերէն մէկուն՝ Սարդարապատի յուշահամալիրը, ծանօթացաւ Սարդարապատի պատմական թանգարանին: Սարդարապատի յուշարձանին առջեւ, Թուրքիոյ սահմանին կից՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. փողերախումբի «խենթերը» ապրումով եւ ոգեւորութեամբ կատարեցին ազգային, հայրենասիրական նուագներ, յատկապէս Սարդարապատ յաղթերգը, թշնամիին զգուշացնելով, թէ ինչպէս միշտ, հայ ժողովուրդը այսօր եւս ունի Հայրենիքի ազատագրութեան համար անթիւ «Խենթեր» …:
Յաջորդ օրը փողերախումբը այցելեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի Երեւանի նորակառոյց շէնքը, ծանօթանալով անոր ենթաբաժանումներուն, պաշտօնէութեան եւ գրասենեակներուն: Խումբը դիմաւորեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի գրասենեակի փոխտնօրէն տիար Յովիկ Էօրտեքեանը, որ բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, նորանոր յաջողութիւններ եւ յարատեւ վերելք մաղթեց Հ.Ե.Ը.ի փողերախումբին: Կատարուեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Նոյն օրը երեկոյեան, մեր փողերախումբը Հայսաստանի եւ Հ.Ե.Ը.ի դրօշները բարձրացուցած, տողանցք մը կատարեց Հիւսիսային Պողոտայէն դէպի Օփերա: Հիւիսային Պողոտայի վրայ «Ֆլեշ Մոպ»ի դրութեամբ կազմակերպուած սոյն հաւաքը, անմիջապէս գրաւեց անցորդներուն ուշադրութիւնը: Փողերախումբի գեղարուեստական որակեալ կատարողականութիւնը, երաժշտական սարքերու ներդաշնակութիւնը աննկատ չմնացին հայրենի հասարակութեան աչքերէն, խլելով անոնց սրտաբուխ ծափերն ու գնահատանքները: Տողանցքին կամաւոր ընկերակցեցան հարիւրաւոր հայրենակիցներ: Սոյն միջոցառումին ներկայ գտնուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահին ազնուափայլ կողակիցը՝ տիկին Վերա Սեդրակեանը:
Հայաստանեան ուղեւորութեան վերջընթեր օրը, փողերախումբը այցելեց հիւսիսային Հայաստանի մայրաքաղաք Կիւմրի քաղաքը: Կիւմրիի գլխաւոր կեդրոններուն ծանօթանալէ ետք, փողերախումբը այցելեց ԳՈՀԱՐ համոյթի երաժշտանոցը, ուր վայելեց ԳՈՀԱՐ համոյթի փորձ ելոյթ մը:
Կ’արժէ նշել, որ հայրենական մամուլը եւ հեռատեսիլի կայաններ լուսարձակի տակ առին՝ Հ.Բ.Ը.Մ.- Հ.Ե.Ը. փողերախումբին Հայաստան կատարած այցելութիւնը:
Յաջորդ օրը՝ Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2015, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. փողերախումբը վառ յիշատակներով եւ հայրենասիրական նոր աւիւնով ներշնչուած վերադարձաւ Լիբանան: