Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Պոլիս; Միջազգային «Հրանդ Տինք» մրցանակներ՝ KAOS GL-ին եւ Սամար Պատաուիին

Երեքշաբ­թի, Սեպ­տեմբեր 15-ին, Հրանդ Տին­քի ծննդեան 61-րդ տա­րեդար­ձին օրը, Պոլ­սոյ մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նար նա­հատակ հայ լրագ­րո­ղին անու­նը կրող մի­ջազ­գա­յին մրցա­նակաբաշխութեան հան­դի­սաւոր արա­րողու­թիւնը, որու ըն­թացքին, մրցա­նակները 7-րդ ան­գամ ըլ­լա­լով կը գտնէին իրենց դափ­նե­կիր­նե­րը:

Այս տա­րուան մրցա­նակին ար­ժա­նի նկատուած են Սաու­տա­կան Արա­բիոյ մէջ կի­ներու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեան հա­մար պայ­քար մղող Սա­մար Պա­տաուի եւ Թուրքիոյ մէջ՝ միասե­ռական­նե­րու եւ այ­լա­սեռա­կան­նե­րու իրա­ւանց պաշտպան Kaos GL կազ­մա­կեր­պութիւ­նը:

Բաց­ման իր խօս­քին մէջ, ծա­նօթ պատ­մա­բան Թա­նէր Աք­չամ ան­գամ մը եւս կրկնած է, որ «մարդկա­յին իրաւունքի» եւ «մարդկու­թեան դէմ ոճիր­ներ» ար­դա­րադա­տական ծանօթ եզ­րե­րը եւ անոնցմէ բխած՝ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բնու­թա­գրու­մը ուղղա­կի առըն­չուած են Թուր­քիոյ պատ­մութեան հետ: “Բնա­ջնջուած­նե­րու ար­ժա­նապատ­ւութիւ­նը վե­րադարձնե­լու, ար­դա­րու­թեան եւ խղճի զգա­ցու­մը վե­րահաս­տա­տելու, թշնա­մու­թեանց եւ հա­կամար­տութիւննե­րու առաջ­քը առ­նել կա­րենա­լու հա­մար հարկ է Պատ­մութեան հետ առե­րեսիլ” ընդգծած է ան:

Շա­րու­նա­կելով, ծա­նօթ պատ­մա­բանը ըսած է, թէ “այս հո­ղերուն վրայ աղէտ­նե­րու եւ քայ­քա­յումնե­րու պատ­ճառ դար­ձած՝ ազ­գա­յին հիմ­քե­րու յե­նող լու­ծումի փորձե­րը, սպա­ռազին­ման եւ սպա­նու­թիւննե­րէ շատ աւե­լի դիւ­րին՝ կենակցութեան մի­ջոցով կա­րելի է յաղ­թա­հարել եւ այդ տես­լա­կանին հա­մար՝ պէտք է ապ­րեցնել քա­ղաքա­ցիական իրա­ւունքնե­րու առա­ջատար Հրանդ Տին­քը”։

Ցու­ցադրուած են փաս­տագրա­կան ժա­պաւէն­ներ, գոր­ծադրուած է գե­ղարուես­տա­կան յայ­տագիր մը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին