Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Փաթրիք Ֆիորին Պիտի Երգէ Ստեփանակերտի Վերածնունդի Հրապարակին Մէջ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ Սեպտեմբեր 17-19-ը պիտի կայանան «Ֆրանսական օրեր Արցախի մէջ» փառատօնը, որու ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան Ֆրանսան եւ անոր մշակոյթը ներկայացնող  շարք մը ձեռնարկներ։ Փառատօնի նպատակն է սերտացնել Արցախի ու Ֆրանսայի միջեւ հաստատուած բարեկամական կապերը եւ ընդլայնել երկխօսութիւնն ու համագործակցութեան ոլորտները։ Այդ փառատօնին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ ֆրանսացի երգիչ, ծագումով հայ Փաթրիք Ֆիորին։ Այս մասին կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութենէն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին