Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Ոստիկանները Բացած են Բաղրամեան Պողոտան

Ոստիկանութիւնը բացած է Երեւանի Բաղրամեան պողոտան, որ Սեպտեմբեր 11-ի երեկոյեան փակած էին ելեկտրականութեան թանկացման դէմ պայքարող՝ «Ոչ թալան»ին նախաձեռնութեան անդամները այնտեղ նստացոյց սկսելով: Այս մասին կը յայտնէ tert.am-ը։

Ոստիկանութիւնը առաւօտեան 5-էն պարբերաբար ցոյցի մասնակիցներուն յորդորած է բանալ Բաղրամեան պողոտան, սակայն մասնակիցները չեն ենթարկուած: Առաւօտեան ժամը 5:30-ին իրաւապահները շղթայ  կազմած են ու նստացոյցի մասնակիցները հանած են պողոտայի երթեւեկելի հատուածէն: Ոստիկանութեան կողմէ բերման ենթարկուածներ կան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին