Ստորեւ իր ամբողջութեամբ կը հրատարակենք թերթիս բարեկամ ու իր մասնագիտութեամբ, հմտութեամբ եւ հետեւողական միտքով բոլորին ծանօթ Դոկտ. Արա Սանճեանի Ֆէյսպուքի վերջին գրառումը:
Այս նիւթը մեր ալ սրտին խօսող նիւթ մըն է, նամանաւանդ համահայկական առումով՝ ու մեր հին եւ նոր ծրագիրը (միջ-կուսակցական ժողովի մը մէջ ալ մեր կողմէ առաջադրուած), ստեղծելու յիշատակի պանթէոն մը թէ՛ գրականութեան եւ թէ՛ կառոյցի մը (յուշակոթողի, աղօթատեղիի, ինչու չէ նաեւ թանգարանի) ձեւին տակ՝ ընդգրկելով բոլորը… ԲՈԼՈՐԸ:
Քաղաքացիական պատերազմը չխնայեց ո՛չ մէկուն: Կռուողին կողքին ինկաւ նաեւ բոլոր համայնքներուն պատկանող անմեղ քաղաքացին եւս: Լիբանանահայ գաղութին մէկ հատուածը չէ, որ տուժեց պատերազմին: Աւելին… մարդկայինին կարգին Լիբանանահայ տնտեսութիւնն ալ պատերազմին զոհը հանդիսացաւ: Մշակոյթն ալ եղաւ զոհ: Դպրոցն ալ: Ժողովրդագրական տեսանկիւնէն՝ տուժեց քանակը: Ընկերային տեսանկիւնէն՝ որակը:
Հետեւաբար մեր այս մէջբերումը առիթ մըն է (Դոկտ. Սանճեանի նման ուժերու օգնութեամբ՝ եթէ կամին), հրապարակաւ յանձնառութիւնը առնելու մինչեւ յառաջիկայ Ապրիլ 13 (Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմը յատկանշող տխրայիշատակ թուականը) լայնածաւալ ուսումնասիրութեամբ մը հանդէս գալու, որուն մէջ ներառուած ըլլայ Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի տարիներուն Լիբանանահայութեան նիւթաբարոյական կորուստի հաշուեկշիռն ու յուշագրութիւնը: Անոր մէջ ներառնելով անշուշտ (հակառակ դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը որդեգրած ըլլալուն) Լիբանանահայ մարդկային անփոխարինելի կորուստները, իրենց անուններով ու կենսագրականով՝ անկուսակցականներունն ալ, լիբանանեան այլ եւ այլ միլիսներու շարքային հայորդիներունն ալ, դաշնակցական տղոցն ալ, հնչակեաններուն ալ, ռամկավարներուն ալ, համայնավարներուն ալ… ԱՍԱԼԱի տղոցն ալ:
Հպարտ էինք քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ մեր միասնականութեամբ: Հպարտ պէտք է ըլլանք ըստ արժանւոյն եւ միասնաբար ոգեկոչելու անոր բոլոր զոհերուն յիշատակը, բոլորին անունները յիշատակելով կողք կողքի՝ առանց դոյզն երկմտանքի կամ վատ զգացողութեան։
«Խմբ.»
[divide width=»medium»]
Լիբանանի մէջ Դաշնակցութիւնը կը պատրաստուի հրապարակային ձեռնարկներու (արեւելահայերէն` միջոցառումներու) շարքով մը նշել քառասուն տարի առաջ սկիզբ առած քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին զոհուած կամ անոր մասնակցած հայ տղոց յիշատակը։ 15 տարի առաջ ալ, համարեա նոյն խորագրով հատոր մը դուրս եկաւ «Ազդակ»ի տպարանէն։ Փաստական հարուստ նիւթ պարունակող ժողովածու մըն է, որ քանիցս օգտագործած եմ գիտական ուսումնասիրութիւններուս ժամանակ։ Հոն եւս շեշտը տղոց վրայ է։ Կարծեմ ոչ մէկ իգական սեռի զոհ յանուանէ չէ նշուած։ Միաժամանակ, այդ հատորը բարացուցական է լիբանանահայութեան ժամանակակից կուսակցականացած մթնոլորտին տեսանկիւնէն։
Թէեւ կը հպարտանանք, թէ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ հայերս միասնական էինք, այդ հատորին մէջ բառ մըն անգամ չէք կրնաք գտնել նոյն պատերազմին զոհ գացած ոչ-դաշնակցական հայ դէմքերու` Զօհրապ Քեշիշեանի (Ռամկավար Ազատական «Զ.»), Ստեփան Տէօվլէթեանի (Հնչակեան «Զ.») կամ Հրաչ Գազանճեանի (Համայնավար «Զ.») մասին։ Դաշնակցական շրջանակէն դուրս, այդ հատորին մէջ յուշեր պատմած են միա՛յն 2000 թուականի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ պառակտուած հնչակեան կուսակցութեան այն ներկայացուցիչները, որոնք այդ տարի ընտրական դաշինք կապած էին Դաշնակցութեան հետ։ «Միւս» հնչակեան ղեկավարներն ու ռամկավարներն ամբողջութեամբ (որոնց թեկնածուներն, ի դէպ, յաղթական դուրս եկան այդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններէն) այդ հատորին յուշագրական բաժնին մէջ չկան։ Կը մնայ ցանկալ, որ 15 տարի ետք, յիշատակի գալիք հանդիսութիւնները պիտի ընդգրկեն պատերազմին հետ առնչուած բոլոր հայերը…։
Ամէն պարագայի, համեմատաբար բախտաւոր են 1975-1990-ի պատերազմին հայ զոհերը։ Գոնէ զիրենք յիշելու պատրաստակամութիւն ունեցող կայ, յուշակոթող մը ունին (թէեւ յստակ չէ թէ ո՛վ ընդգրկուած է այդ յուշակոթողին մէջ եւ ո՛վ` ոչ)։ 1958ի քաղաքացիական պատերազմին այլազան պատճառներով զոհ գացած քառասուն եւ աւելի հայազգի անձինք՝ 57 տարի ետք տակաւին մէկ հաւաքական հոգեհանգիստի իսկ չեն արժանացած։ Պատճառները կռահելը դժուար չէ, յատկապէս` լիբանանահայոց համար…։
ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
«Զարթօնք»