Հայ Աւետարանական եկեղեցիի յատուկ կարգադրութեամբ՝ ըմպելի ջուր կը տրամադրուի հալէպահայերուն:
Մեր պաշտօնակից «Արեւելք»ը զրոյց մը ունեցած է՝ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Սուրիոյ նախագահ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին հետ, որ ըսած է, թէ Բէթէլ եկեղեցւոյ մէջ նախաձեռնած են ըմպելի ջուրի հոր մը փորելուն եւ օգտագործելուն: Ըստ պատուելիին ջուրէն կ’օգտուին եկեղեցիին շրջանը բնակող հայ եւ տեղացի քաղաքացիներ: Ջուրը նաեւ կը հասցուի այն ընտանիքներուն, որոնք տարբեր հանգամանքներով չեն կրնար եկեղեցի հասնիլ: Վերապատուելին նշած է, որ քաղաքացիները ամէնօրեայ դրութեամբ 5-էն 6 ժամ ջուր ստանալու հնարաւորութիւն կ’ունենան: Վերապատուելի Սելիմեան նաեւ յիշեցուցած է, որ ըմպելի ջուր տրամադրելու նախաձեռնութենէն բացի, շրջանի բնակիչներուն բժշկական նախնական բուժօգնութիւն եւ խնամք կը տրամադրուի: