Շաբաթ, 13. 09. 2025

spot_img

Երեւանի Քաղաքապետարանը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Սուրիահայ Ընտանիքներուն

Սուրիահայ ընտանիքներուն համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ՝ ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի ալ կեանքի կոչուած են շարք մը ծրագիրներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

2015ի Յունուար–Օգոստոս ամիսներուն քաղաքապետարանին կողմէ ըստ վարչական շրջաններու, 1018 սուրիահայ ընտանիքներու տրամադրուած է բազմաբնոյթ աջակցութիւն: 92 ընտանիքներ ընդգրկուած են պետական ընկերային ծրագիրներու մէջ:

Նշուած ժամանակաշրջանին Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան բժշկական հաստատութիւններ դիմած են 1498 սուրիահայեր, որոնց ցուցաբերուած է անվճար բժշկական օգնութիւն եւ սպասարկում:

Հիմնականօրէն արտահերթ հիմքով Երեւանի մանկապարտէզներ ընդունուած են նախադպրոցական տարիքի 103 երախաներ, քաղաքապետարանի ենթակայութեան թիւով 84 դպրոցներու մէջ կը յաճախեն 452 սուրիահայ աշակերտներ:

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ՝ նոր ուսումնական տարուան նախօրեակին երեւանաբնակ սուրիահայ 1-4 դասարաններու 167 աշակերտներ նուէր ստացած են դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ:
Սուրիահայ երախաները մշտապէս մասնակցած են նաեւ մշակութային տարբեր ձեռնարկներու, անվճար այցելած են թանգարաններ եւ մշակութային այլ օճախներ:

3

 

4

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին