Հինգշաբթի, 11. 09. 2025

spot_img

Սարգսեան-Փութին Հանդիպում Մոսկուայի Մէջ

Աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպեցաւ՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Նախագահները քննարկեցին Ղարաբաղեան խնդիրը, ինչպէս նաեւ Եւրասիական միութեան Հայաստանի անդամակցութենէն ետք ստեղծուած իրավիճակը, երբ ապրանքաշրջանառութիւնը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջև զգալիօրէն նուազած է՝ Ռուսիոյ տնտեսական ճգնաժամին հետևանքով։ Ղարաբաղեան թեմայով արծարծուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սարգսեան -Ալիև հնարաւոր հանդիպումը, որ կրնայ կայանալ այս ամիս Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի ծիրէն ներս։ Սարգսեան -Փութին հանդիպման ընթացքին որոշ մանրամասներ յայտնի դառձած են՝ նախօրէին Պաքուի մէջ կայացած ռուս – ազրպէյճանական բանակցութիւններէն։

Յիշեցնենք, որ նախապէս Պաքուի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լավրով, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի հետ հանդիպման ընթացքին յոյս յայտնած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթաց արձանագրուի, իսկ մինչ այդ՝ անցեալ Յուլիսին, Մոսկուայի մէջ Մամետիարովի հետ հանդիպման ընթացքին Լավրով ըսած էր, որ պետք է աշխուժացնել Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման բանակցութիւնները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին