Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

«Հայերու Վերջը Պիտի Գայ, Մենք Ձեր Վերջը Պիտի Տանք». Թրքական «Սապահ»ի Հրապարակումը

Թուրք-քրտական հերթական զինուած բախումներէն մէկուն ժամանակ սպաննուած՝ թուրք ոստիկան Օլգուն Քուրպանօղլուի յուղարկաւորութեան ընթացքին քաղաքացի մը, որուն ինքնութիւնը չի նշուիր յայտարարած է, թէ ՔԲԿ-ի (PKK) բոլոր ներկայացուցիչները իրականութեան մէջ ոչ թէ քիւրտ են, այլ հայ:

Նշենք, որ «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը» (PKK-ՔԲԿ), թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ճանչցուած է որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

Քաղաքացիին վերոնշեալ մերկապարանոց յայտարարութիւնը որպէս լուր իր կայքին մէջ հրապարակած է՝ Թուրքիոյ իշխանամէտ «Սապահ» թերթը հետեւեալ վերտառութեամբ` «ՔԲԿ-ականները բոլորը հայեր են»,կը փոխանցէ ermenihaber.am-ը:

Լուրին կից տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէս քաղաքացին ոգեւորուած է եւ սպառնալից կը պառայ. «Այս ՔԲԿ-ականները բոլորը հայեր են, իրենց ինքնութիւնը կը թաքցնեն: Ես քիւրտ եմ, ես իսլամ եմ, բայց ես հայ չեմ: Հայերուն վերջը պիտի գայ: Մենք ձեր վերջը պիտի տանք: Ինչ ալ ընէք` ի զուր է, այ հայեր: Մենք ձեզ գիտենք: Ինչ ալ ընէք` ի զուր է»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին