*Վարդգէս Գուրուեան*
Յաջորդ առտու, Յուլիս 14-ին Արարատին հրաժեշտ տալով, աւելի ճիշտ՝ ցտեսութիւն ըսելով ճամբայ ելանք դէպի Անի, Բագրատունեաց թագաւորութեան երբեմնի մայրաքաղաքը:
Ճամբան դարձեալ կանանչապատ, ընդարձակ դաշտեր մեր նախանձը կը քրքրէին: Հարուստ բազմապիսի պտղատու ծառերով, տեսակաւոր բանջարեղէններու դաշտագետիններով (որոնք կ՛ոռոգուէին Ախուրեանի ջուրերով): Շրջանը շատ կը նմանէր Քալիֆորնիոյ Սան Ուագիմ Հովիտին կամ Լիբանանի Պէքաայի դաշտին: Ուտելիքի հսկայական շտեմարան մը, որ ոչ միայն չի վերջանար, չի սպառիր, այլ ամէն տարի հարիւր հազարներով մարդ կրնայ կերակրել:
Կարգ մը տեղեր ճամբուն երկու կողմերը սօսեաց անտառներով ծածկուած էին: Տասնեակ հազարներով սօսի ծառեր, կարծէք անվերջանալի: Յիշեցի Արարատ լերան Հայաստանի կողմէն նկարուած այն տեսարանը, ուր Արարատի առջեւ երկուքուկէս Սօսիի ծառեր … բարեւ կու տան դիտողներուն: Հոս՝ սահմանէն քիչ մը ասդին, հազարներով երկիրը կանաչապատած էին: Ի՜նչ արդարութիւն է այս Աստուած իմ:
Դէպի Անի մեր ուխտագնացութեան ճամբուն վրայ Իկտիրէն անցանք: Միջին դարերուն ան կը կոչուէր Ցոլակերտ: 1826-1828-ի Ռուս – Պարսկական պատերազմէն ետք, Իկտիրը իր շրջանով անցաւ Ռուսական Կայսրութեան տիրապետութեան տակ: 1850-ին Իկտիրը մաս կը կազմէր Երեւանի Կառավարչութեան: Ըստ Ռուսական արխիւներուն, այդ ժամանակ շրջանի 71,370 մարդ հաշուող բնակչութեան 34,350-ը ազերի – թաթարներ էին (48.3 առ հարիւր), 22,100ը՝ հայեր (31.1 առ հարիւր) եւ 14,920-ը քիւրտեր (20.6 առ հարիւր): 1914-ին Իկտիր քաղաքը ունէր 10,000 բնակիչ:
Մուտրոսի Զինադադարէն ետք, Նոյ. 1918, Իկտիրի շրջանը անցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ: Սակայն 1920 Սեպտեմբերին, Մուստաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի հրահանգով Քեազիմ Քարապիքիր կը յարձակի Հայաստանի վրայ, Իկտիրը եւ Հայաստանը վերջնականապէս գրաւելու եւ հայերուն հաշիւը մաքրելու: Հայեր շատ զօրաւոր դիմադրութիւն ցոյց կու տան, սակայն Հոկտեմբեր 20-ին ստիպուած կը նահանջեն: 1921ի Կարսի Դաշնագրով Իկտիրը կը յանձնուի Թուրքիոյ:
Ճամբուն վրայ Օպա գիւղին մօտ պասը կեցաւ եւ մեզի ցոյց տրուեցաւ «Նահատակաց Յուշարձան» մը… «Իկտիր Սօյգիրիմ Անիթ-Միւզէսի» – «Իկտիրի Ցեղասպանութեան Յուշարձան – Թանգարան»ը: Իբր թէ հայերը, Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ժամանակ մէկ միլիոն թիւրք ջարդած են եւ ի յիշատակ անոնց՝ այդ յուշարձանը կանգնած է: Մեր ուղեկցորդը բացատրեց, որ ճիշդ այդ վայրին մէջ 500 թուրքերու դիակներ գտնուած են, ջարդուած հայերու կողմէ, եւ անոր համար այդ վայրին վրայ կանգնեցուած է յուշարձանը: 5 Հոկտեմբեր 1999-ին, Թուրք Պետական նախարար Ռամազան Միրզաօղլուի կողմէ բացումը կատարուած այս յուշարձանը ունի 43.5 մեդր բարձրութիւն, վերի մասը 5 սուրեր, ծայրերը միացած, գմբեթաձեւ, Արարատի նմանողութեամբ (ի՜նչ հեգնանք), իսկ վարը՝ թանգարանի սենեակները: Բնականաբար այս յուշարձանը կառուցուած էր հակազդելու համար հայերու Ցեղասպանութեան փաստարկումներուն եւ քարոզչութեան:
Անի քաղաքին ճիշդ հարեւանութեամբ գիւղ մը մտանք, ուր կարծես վերջին 50 տարիներուն նոր տուն կամ այլ կառուցուածք չէր եղած: Ցեխով շինուած, կիսափուլ ցանկապատերուն ետեւը քանի մը կովեր, էշեր եւ ոչխարներ արեւուն տակ սմքած մեզ կը դիտէին, մինչ տասնեակ մը հաւեր մեր պասին առջեւէն կտկտալով կը վազէին եւ մեր գալուստը կ՛աւետէին…: Ոտաբոպիկ թուրք կամ քիւրտ լակոտներ կը վազվզէին մէջտեղերը: Յուշանուէրներ ծախող քանի մը փոքր կրպակներու առջեւ, փոքր աթոռներու վրայ նստած տարիքոտ մարդիկ մեր պասը տեսնելով կը ժպտէին մեզի՝ այն յոյսով, որ իրենցմէ գնումներ պիտի ընէինք – զովացուցիչ, ուտելիք եւ յուշանուէրներ:
Կանգ առինք Անիի լուռ պարիսպներուն առջեւ: Տխուր էին պարիսպները: Տխուր էին որովհետեւ չէին կրցած պաշտպանել ներսի բնակչութիւնը, չէին կրցած տէր կանգնիլ հազար ու մէկ եկեղեցիներուն, պալատներուն, անմեղ ժողովուրդի արդար քրտինքով շինուած տուներուն: Տխուր էին սակայն հպարտ՝ իրենց անցեալի փառքով, իրենց հերոսական դիմադրողականութեամբ եւ հազարամեակի մը վրայ երկարող իրենց ծառայութիւններով: Խրոխտ այդ պարիսպները մեզ ներս կը հրաւիրէին՝ «ձերն է այս քաղաքը, եկէք, եկէք եւ բալասան բերէք մեր վիշտերուն» ըսելով…:
961 – 1045 Անին Բագրատունեաց Թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր: Ան երանկիւնաձեւ վայրի մը վրայ շինուած է, շատ գեղեցիկ միջավայրի մը մէջ, բնական պաշտպանութիւններով շրջապատուած: Արեւելեան կողմէն Ախուրեան գետի անդունդն է, արեւմտեան կողմէն Պօստանլար կամ Ծաղկացաձորը: Ախուրեան գետը Արաքս գետի մէկ հարկատու ճիւղն է, որ այժմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ սահմնագիծն է: Հազար ու մէկ եկեղեցիներու այս քաղաքը հարուստ էր բազմաթիւ եկեղեցիներով, պալատներով եւ ժամանակի ամենայառաջացեալ արուեստագիտական ու գեղագիտական շինութիւններով եւ կառոյցներով: Ան առեւտրական եւ վաճառականական կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկն էր «մետաքսի ճամբուն խաչմերուկին», որ Չինաստանը, Հնդկաստանը, Ռուսիան եւ արեւելեան այլ երկիրները կը կապէր Բիւզանդական Կայսրութեան , արաբական աշխարհին եւ Եւրոպային: Իր փառքի գագաթնակէտին Անին ունէր շուրջ 200,000 բնակիչ (ըստ ոմանց մինչեւ 500,000): Ան իր փառաշուք մեծութեամբ եւ հոյակապ շքեղութեամբ կը մրցէր Կոստանդնուպոլսոյ, Պաղտատի եւ Դամասկոսի հետ:
Ք.Ա. 12-րդ դարուն Ուրարտական թագաւորները կ’իշխէին այս շրջաններուն վրայ: Սումերները (7-րդ դար Ք.Ա.), պարսիկ Սասանեան թագաւորները (4-6-րդ դար, Ք.Ե.), 7-րդ դարուն Բագրատունիները (մինչեւ 1045), բիւզանդացիները (1045-1064), եւ 1064-էն ետք սելճուքներն ու մոնկոլները, թուրքերը, պարսիկներն ու ռուսերը փոխն ի փոխ տիրապետեցին այս զուտ հայկական հողերուն:
Եղիշէ եւ Ղազար Փարպեցի պատմիչները առաջին անգամ Անի քաղաքը կը յիշեն Ք.Ե. 5-րդ դարուն: Անին այն ժամանակ բլուրի մը բարձունքին բերդ մըն էր, որ Կամսարական նախարարական տան կը պատկանէր: Ոմանք կը կարծեն, որ «Անի»ն հայոց «Անահիտ» չաստուածուհիին կրճատուած անունն է:
961 թուին Բագրատունեաց Աշոտ Գ. թագաւորը (953-977), թագաւորութեան մայրաքաղաքը Կարսէն կը փոխադրէ Անի: Սմբատ Բ.-ի ժամանակ (977-987), Անին շատ արագ կը սկսի բարգաւաճիլ ու մեծնալ: 992-ին Էջմիածնի Կաթողիկոսը իր գահը կը փոխադրէ Անի: Այդ շրջանին Անին կ’ապրէր իր Ոսկեդարը: Այդ ժամանակներուն Անին կը ներկայացնէր հայ ժողովուրդի մտաւորական կարողականուաթիւնը, զինուորական ուժը, ստեղծագործ ոգին, շինարարական յատկութիւնները, ազատ եւ անկախ ապրելու ոգին ու հոգեմտաւոր թռիչքները: Միջին Արեւելքի մէջ Անին այն փայլուն աստղն էր՝ որուն նախանձով կը նայէին դրացի երկիրներու մայրաքաղաքները:
Անին իր փառքի գագաթնակէտին հասաւ Գագիկ Ա. թագաւորի օրով (989-1020): Իր յաջորդը՝ Յովհաննէս- Սմբատ վախնալով, որ Բիւզանդիոյ Վասիլ Բ. կայսրը իր վրայ կրնայ յարձակիլ, զինք իր յաջորդը նշանակեց: Երբ Յովհաննէս-Սմբատ 1041-ին մեռաւ, Բիւզանդիոնի նոր կայսր Միքայէլ Դ. Անիի գահը պահանջեց: Գագիկ Բ. թագաւորը ընդդիմացաւ: Բիւզանդիոն բանակներ ղրկեց, որոնք աւերներ գործելով հանդերձ, միշտ պարտուեցան հայերէն: Սակայն 1045-ին Կայսրը դաւադրաբար խաղի բերելով Գագիկ Բ. թագաւորը, զինք Կ.Պոլիս հրաւիրեց եւ հոն պատանդ պահեց: Բիւզանդացիք գրաւելով Անին վերջ տուին Բագրատունեաց թագաւորութեան եւ հայկական բանակը ցրեցին: Այպիսով ոչ միայն Հայաստանը անպաշտպան մնաց թրքական-սելճուգեան հորդաներու յարձակումներէն, այլ եւ Բիւզանդական կայսրութիւնը ենթակայ եղաւ թրքական ցեղախումբերու յարձակումներուն: Հայ պատմագիր Արիստակէս Լասթիվերտացի կը վկայէ որ Բիւզանդացիք չորս անգամ յարձակեցան Հայաստանի վրայ զայն աւերելով, բնակչութիւնը ջարդելով եւ բազմաթիւ գերիներ վերցնելով: 1064-ին Ալփ Արսլան սելճուգ եւ թուրք մեծաթիւ բանակներով շրջապատեց Անին ու վերջապէս 25 օր ետք գրաւեց զայն, աւերեց, կողոպտեց ու ժողովուրդը ջարդեց: Արաբ պատմագիր Շիպդ Իպն ալ Ճաուազի ականատես մը վկայակոչելով կը գրէ. «Բանակը քաղաք մտաւ, ժողովուրդը ջարդեց, կողոպտեց եւ այրեց: Փողոցները լեցուն էին դիակներով, չէինք կրնար քալել: Գերի տարուածներուն թիւը 50,000-էն պակաս չէր»:
1072-ին սելճուգները Անին ծախեցին քիւրտ ցեղախումբի մը՝ Շատտատիտներուն, որոնք յարաբերաբար աւելի մեղմ էին հայերուն նկատմամբ: 1199 թուականին Վրաստանի Թամար թագուհին գրաւելով Անին, զայն յանձնեց իր հայազգի զօրավար Զաքարէի եւ մինչեւ 1236 Զաքարեանները իշխեցին Աննի վրայ, երբ մոնկոլներ գրաւեցին քաղաքը, կողոպտեցին եւ բնակչութեան ահաւոր ջարդ տուին: Այդ թուականէն ետք Զաքարեանները որպէս մոնկոլ սուլթաններուն վասալները, ժամանակ մը եւս շարունակեցին կառավարել քաղաքը:
14-րդ դարէն ետք թրքական Գարա Գոեունլու (սեւ ոչխար) ցեղախումբերը եւ պարսիկները փոխն ի փոխ իշխեցին Անիի եւ շրջակայքի վրայ, մինչեւ որ անվերջ պատերազմներու, աւերումներու եւ կոտորածներու պատճառով հայեր կամաց – կամաց հեռացան շրջանէն ու Անին ամայացաւ:
Եթէ Բիւզանդիոնի յիմարացած կայսրերը իրենց քիթէն անդին տեսնէին եւ փոխանակ Բագրատունեաց թագաւորութիւնը ջնջելու դաշնակցէին անոր հետ, զինակցէին եւ միասնաբար դէմ դնէին թուրքական ցեղերու արշաւանքներուն, այսօր աշխարհի քարտէսը բոլորովին տարբեր կ’ըլլար: Հսկայական հարուստ Հայաստան մը կ՛ունենայինք, քրիստոնեայ յոյներուն դրացի եւ մեր զինուորական, մշակութային, ճարտարապետական, ճարտարարուեստի, մտաւորական ու գիտական ստեղծագործ ուղեղներով կ’իշխէինք՝ բազմապիսի հանգերով հագեցած ընդերքով եւ երկրագործական տարածքներով հարուստ աշխարհատարածքին վրայ ու խորհուրդ կու տայինք Ռուսաստանին, Չինաստանին, Եւրոպային եւ Ամերիկային ինչպէս վերաբերիլ աշխարհի քաղաքական բեմին վրայ: Մենք կրնայինք Միջին Արեւելքի ամենակարեւոր եւ ամենահզօր պետութիւնը ըլլալ: Թուրքը կը մնար Ասիոյ տափաստաններուն մէջ, մեզի համար դաշտագետիններ մշակելու, ոչխար եւ կով արածելու…: Ուրիշներու անմտութեան պատճառով մենք տուժեցինք, սարսափելիօրէ՜ն տուժեցինք:
1878-ին Կարսի շրջանը, Անին ներառեալ, մտաւ Ռուսական Կայսրութեան տիրապետութեան տակ: 1892-ին Նիքոլայոս Մարրի առաջնորդութեամբ եւ Սբ. Փեթերսպուրկի Գիտութիւններու Ակադեմիայի հովանաւորութեամբ պեղումներ սկսան կատարուիլ Անիի մէջ: Բազմաթիւ շէնքեր յայտնաբերուեցան եւ հազարաւոր պատմականօրէն թանկարժէք իրեր գտնուեցան: 1918-ի Հայ-Թրքական պատերազմներու ժամանակ, մինչ թրքական բանակը կը յառաջանար, հայեր 6000 հնապեղուած, թանգարանային արժէք ներկայացնող իրեր տեղափոխեցին Արեւելեան Հայաստան եւ Յովսէփ Օրփելիի կարգադրութիւններով՝ անոնք այժմ մաս կը կազմեն Երեւանի Պետական Թանգարանի պատմութեան բաժնին:
1921-ին Թուրքիոյ պետական նախարար Ռիզա Նուրի հրամայեց Թուրքիոյ Արեւելեան Ճակատի հրամանատար Քեազիմ Քարապէքիրին՝ Անիի բոլոր յուշարձանները քանդել եւ «Անին սրբել աշխարհի երեսէն»: Քեազիմ Քարապէքիր իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ ինք զօրաւոր կերպով ընդդիմացաւ այդ հրամանին, սակայն Նիքոլայոս Մարրի պեղումներուն եւ վերականգնած շինութիւններուն փճացումը ցոյց կու տայ, որ Ռիզա Նուրիի հրամանը գէթ մասամբ գործադրուած է:
Անսալով Անիի պարիսպներուն «հրաւէրին», ճակատնիս բարձր մտանք ներս: Քանի որ Անին երանկիւնաձեւ է եւ արեւելեան ու արեւմտեան կողմերէն խոր ձորերով եւ կիրճերով պաշտպանուած , քաղաքի հիւսիւսային կողմի պարիսպները ամենաամուրներն են: Երբ պարիսպներէն ներս մտանք, երկրորդ գիծի պարիսպներուն շարքին վրայ Բագրատունեաց Թագաւորներու խրոխտ առիւծը մեզի բարեւի կեցած էր: Պաշտպանութեան պարիսպներուն այս երկրորդ գիծը շատ աւելի բարձր էր եւ իրարու բաւական մօտ բազմաթիւ կիսակլոր աշտարակներ՝ պաշտպանութեան գիծը աւելի կը զօրացնէին: Սմբատ Թագաւորի կառուցած այս պարիսպները իր յաջորդներուն կողմէ աւելի բարձրացան, հաստցան եւ զօրացան, ինչպէս նաեւ նոր աշտարակներով ամրացան: Պարիսպներու վերաշինութեան ծախսերուն մէկ մասը հոգացուած էր Անի քաղաքի մեծահարուստներուն կողմէ:
Հիւսիւսային պարիսպները գլխաւոր երեք մուտքեր ունէին՝ Առիւծի Դուռը, Դուինի Դուռը եւ Կարսի Դուռը:
Առիւծի Դուռէն ներս մտանք: Անհաւատալի աւերածութիւն: Հոս ու հոն քանի մը եկեղեցիներու աւերակներէն եւ կիսափուլ մզկիթի մը քառակուսի մինարէէն բացի, ամէն ինչ քարուքանդ էր: Պարզուած տեսարանը պարզապէս անհաւատալի էր: Գետնի հաւասար, իրարու վրայ պառկած քարակոյտեր ամէն կողմ:
2010 Հոկտեմբերին Global Heritage Fund-ը Անի քաղաքը դասեց՝ աշխարհի հնագիտական ամենավտանգաւոր 12 վայրերէն մին, որ կրնայ անվերականգնելիօրէն կործանիլ եւ կորսուիլ: 2011 Մայիսին World Monument Fund-ը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ Մշակոյթի նախարարութեան հետ գործակցաբար՝ սկսած են պեղումներ կատարել Անի քաղաքին մէջ եւ պատմական եկեղեցիներուն ու այլ շինութիւններուն պահպանութեան եւ վերաշինութեան աշխատանքներուն սկսիլ: Վերջերս մամուլի էջերուն մէջ կը կարդանք, որ վերոյիշեալ մարմիններու պեղումներուն շնորհիւ, Անիի մէջ յայտնաբերուած են ընդյատակեայ նոր ճամբաներ եւ շինութիւններ: Կը սպասենք եւ կը հետեւինք պեղումներուն: Հաւանաբար Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է պահանջէ, որ հայ դէտեր նշանակուին որպէսզի կարենանք մօտէն հետեւիլ եւ հսկել պեղումներուն:
Քարուքանդ եղած քաղաքին մէջ իշխող գոյնը հրաբխային պազալթ քարի (տուֆա քարին մէկ տեսակը) երանգներն էին – մութ նարնջագոյն, սրճագոյնի զարնող դեղին, կարմրորակ-վարդագոյն, փայլուն սեւ: Ինչ որ «մարդ» կոչուած երկոտանիները չէին կրցած քանդել, երկրաշարժներն ու բնութեան աւերիչ տարրերը ամբողջացուցած էին:
Սբ. Աստուածածին Մայր Տաճարը իր տպաւորիչ տարողութեամբ եւ ճարտարապետական լուծումներով ՝ մագնիսացուց եւ իրեն քաշեց մեզ: 989 թուականին Սբմատ Բ. թագաւորի հրամանով, Տրդատ ճարտարապետ սկսաւ կառուցել այս տաճարը եւ 1001թուականին (ըստ այլ արձանագրութեան մը՝ 1010), հայկական սուրբ շարականներն ու անուշահոտ խունկերը մոմերու պլպլացող լոյսերուն հետ սկսան մատուցուիլ առ Աստուած: Տաճարին լուսանկարները շատ տեսած էի, բայց անոր վեհութիւնն ու տարողութիւնը զգալու համար, անպայման պէտք է ողջ աչքերով տեսնել զայն: Ներքին, զիրար գրկող, իրարու փակած սիւները եւ կամարները նորութիւն էին այն ժամանակ: Քանի մը դար ետք այս ոճը (կոթական) պիտի տեսնենք եւրոպական տաճարներուն մէջ…: Տաճարին պատերուն վրայ, գունատած սրբանկարներուն քով եւ անոնց վրայ «կրաֆիթի»ները տեսանելի էին: Մարդիկ հաճոյք կ’առնեն վանտալիզմէն:
Սբ. Աստուածածին Մայր Տաճարը երեք մուտքեր՝ դուռեր ունի. կաթողիկոսին, թագաւորին եւ ժողովուրդին՝ հասարակ մահկանացուներուն համար: Տպաւորիչ պատուհաններուն շուրջի զարդաքանդակները եւ մուտքի մայր դրան հայերէն արձանագրութիւնները՝ շատ բան կ’ըսեն Տաճարին կարեւորութեան մասին:
Յիսուսի Մօր նուիրուած տաճարը նորոգութեան մէջ էր: Բազմաթիւ հաստ, երկաթեայ սիւներ դուրսէն կը յենէին պատերուն, որպէսզի անոնք ալ չփլին: Տաճարին շուրջ թելերով ցանկապատեր քաշուած էին եւ յատնի էր, որ մեծ գործ յառաջ կը տարուէր հոն:
Երբ ուխտագնացներուս խումբը հաւաքուեցանք եւ ամէն անկիւններէն քանի մը հարիւր լուսանկարները եւ «վիտէո»ները ապահովեցինք, բնական էր որ այդ վեհութեան մէջ յիշէինք մեր անցած փառաւոր հազարամեակը եւ «Հայր Մեր»ը, «Սուրբ Սուրբ»ը եւ «Տէր Ողորմեայ»ն երգէինք քանդուած խորաններուն առջեւ: Կարելի չէ հոս արտագրել այն ապրումները, որ մեզմէ իւրաքանչիւրս կ’ունենար այդ պահուն: Բոլորիս աչքերը խոնաւ էին: Պարտուած՝ բայց հպարտ մարդիկ էինք ամէնքս ալ: Եթէ յաղթած ըլլայինք, այս տաճարը տակաւին կանգուն պիտի ըլլար եւ Անին՝ մերը: Հոս, այս կամարներուն տակ մեր Բագրատունեաց արժանաւոր թագաւորները եկեր ու աղօթեր էին: Հոս էին Հայոց Տիկնայք Փափկասունքի ազնուագոյն տիկինները իրենց աղախիններով: Հոս եկած էին Հայոց Բանակի զօրավարները Աստուծոյ, Միածինին եւ Անոր Մօր օրհնութիւնն ու պաշտպանութիւնը խնդրելու: Հոս սրբագործուած էր Հայ Զինուորին շողշողուն սուրը, նետը, աղեղն ու նիզակը՝ Հայրենիքն ու Հայուն պատիւը պաշտպանելու: Հոս, Հայոց Կաթողիկոսները երկխօսութեան մէջ էին մտեր Աստուծոյ հետ, Մարիամ Աստուածածինի Սուրբ միջնորդութեամբ: Տաճարին գմբեթը քանդուած էր, ուրեմն մեր աղօթքները անարգել պիտի հասնէին առ Աստուած: Արդեօք Աստուած լսե՞ց մեր թագաւորներուն, կաթողիկոսներուն, զօրավարներուն, քաջարի զինուորներուն կամ պարզ հաւատացեալներուն թախանձագին աղօթքները եւ զանոնք պաշտպանե՞ց բարբարոս ոհմակներէն…: Արդեօք Աստուած լսե՞ց մեր աղօթքները…:
Տաճարին մէջ հանդիպեցանք եօթանասուն տարիքին բարեւ տուած լեհ զոյգի մը, որոնք երրորդ անգամ ըլլալով Անիի աւերակները կ’այցելէին: Երբ ուզեցի տեղւոյն վրայ մեր Ցեղասպանութեան մասին խօսիլ՝ մարդը ըսաւ, որ շատ լաւ գիտէր մեր ողբերգութեան մասին եւ թէ «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» գիրքը կարդացած էր: Ան շատ բարձր խօսեցաւ հայ ժողովուրդի մշակոյթին մասին եւ յոյս յայտնեց, որ օր մը Անիի պատմական կոթողները կարելի կ’ըլլայ վերականգնել:
Շրջեցանք Անիի աւերակներուն մէջ: Միտքս եկաւ սա նախադասութինը. «Անի քաղաք նստեր կու լայ, Չկայ ըսող մի՛ լար, մի՛ լար»: Ո՞վ է հեղինակը այս տողերուն չեմ յիշեր հիմա:
Տեսանք Սբ. Ստեփանոս եկեղեցին, շինուած 1218-ին:
Տիգրան Հոնենցի (Անիի մեծահարուստ վաճառականներէն մին) շինել տուած Սբ. Գրիգոր եկեղեցին, ամենալաւ պահպանուած կառոյցն է Անիի մէջ: Եկեղեցւոյ արտաքին պատերը սքանչելիօրէն զարդարուած են կենդանիներու քանդակներով: Ներքնամասը հարուստ է սրբապատկերներով, որոնք Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Յիսուսի կեանքէն տեսարաններ ցոյց կու տան:
Սբ. Փրկիչ եկեղեցին կառուցուած 1035 թուականին Պահլաւունիներու կողմէ, արտաքնապէս 19 կողմերով իսկ ներքնապէս 8 պատերով մեծ գմբեթի մը ձեւը ունի: Այս եկեղեցին շինուած էր «Յիսուսի խաչափայտի մասունքէն կտոր մը պատսպարելու»: 1955-ին զօրաւոր փոթորիկի մը պատճառով եկեղեցիի գմբէթին արեւելեան մասը փուլ եկած է:
Զուարթնոց տաճարի նմանողութեամբ Գագիկ Թագաւորի շինած Սբ. Գրիգոր եկեղեցին (998), 1905-ի Նիքոլայոս Մարրի պեղումներուն շնորհիւ լոյս աշխարհ եկաւ: Կային անշուշտ Սրբոց Առաքելոց (1031),Ապուղամրենց Սբ. Գրիգոր (11-րդ դար) եւ այլ բազմաթիւ եկեղեցիներ, որոնք ճարտարապետութեան եւ քանդակագործութեան գլուխ գործոց հիանալի շինութիւնները ըլլալով հանդերձ, քանդուած են այսօր: Յուսանք, որ Անիի փլատակ եկեղեցիներն ու կոթողները քիչ մը արագ վերականգնին եւ հայ ժողովուրդի անցեալի փառքին վկաները ըլլան: Անիի փլատակ քարերն անգամ բաւարար են մեր անցեալի փառքը պատմելու: Անին եւ մեր պատմութիւնը չեն մեռնիր մինչեւ այն ատեն՝ երբ մեր սերունդները կը յիշեն մեր փառապանծ պատմութիւնը:
Ըսած էի, որ Անիի մէջ կար նաեւ մզկիթ մը՝ Մունիչիրի մզկիթը, որ շինուած էր քիւրտ Շատտատիտներու կողմէ շուրջ 1075 թուականներուն: Մզկիթին մինարէն կանքուն է տակաւին, որուն վրայ արաբերէնով գրուած է «պիսմիլլահ» (Աստուծոյ անունով):
Անիի մէջ կայ տակաւին Միջնաբերդը, որ տափարակ բլուրի մը վրայ շինուած էր: 7-րդ դարուն Կամսարական իշխանները զայն բարձրացուցած էին: Նիքոլայոս Մարրի պեղումներու ժամանակ երեւան ելան միջնաբերդին պարիսպները, Բագրատունեաց թագաւորներու պալատը, երեք եկեղեցիներ եւ զանազան պետական շէնքեր: Տեսանք նաեւ հեթանոսական շրջանէն մնացած ատրուշան մը, շատ հաստ, մութ մոխրագոյն կամ սեւ սիւներով ու իր կլոր զոհի սեղանով: Արդէն կրնաք պատկերացնել քուրմերու խումբը եւ սպիտակ զգեստներ հագած, ծաղկեթագերով աւելի գեղեցկացած հայ պարմանուհիները, որոնք երգերով եւ պարերով կ’առաջնորդէին զոհաբերուելիք կենդանիները:
Հոս կ’արժէ յիշել Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ Վահրամ Մավեանի պատմած մէկ պատմութիւնը: Անիի պարիսպներէն դուրս, մօտակայ քարայր-բնակարաններու մէջ ապրող հովիւներէն մէկուն կինը, կիրակի օր մը քաղաք եկեղեցի կ’երթայ: Եկեղեցիին մէջ հարուստ տիկիններ կը սկսին ծաղրել այս համեստ կինը: Տուն վերադարձին կինը կը սկսի լալ եւ գանգատիլ իր ամուսնոյն: Մեր հովիւն ալ կը խոստանայ մասնաւոր մատուռ մը շինել միայն իրեն համար եւ տարիներ աշխատելէ ետք կը կատարէ իր խոստումը: Այսպէսով Անին կ’ունենայ իր հազարումէկերորդ եկեղեցին՝ Հովիւի Եկեղեցին:
Քալելով գացինք այն բարձունքը ուրկէ Ախուրեան գետը կ’երեւէր: Գետին վրայի քանդուած կամուրջը աղաչական մեզի կը նայէր: Հոգիդ բերանդ կու գայ նման տեսարաններու առջեւ: «Խոստացանք» կամուրջին օր մը վերադառնալ, վերաշինել եւ միացնել արեւելեան Հայաստանը Անիին…: Կամուրջին միւս կողմը արդէն Հայաստանի Հանրապետութիւնն է: Մեր յաւերժակա՛ն Հայաստանը:
Փոքր խումբերով կը վերադառնայինք դէպի մեր պասը: Ես, Գէորգ Յակոբեանը, Սուրէն Ղազարեանը , Արամ Ղուկասեանը եւ Տիգրան Ղորղորեանը մէկ խումբ կազմած առջեւէն կ’երթայինք: Մեր ետեւէն կու գային մեր տիկինները (հայ ենք չէ՞): Չորս թուրք երիտասարդներու հանդիպեցանք, որոնք կը պտըտէին Անիի աւերակներուն մէջ: Անցանք: Երբ պարիսպներէն դուրսն էինք, տեսայ որ Քաթիա Ղորղորեանը յուզուած էր: Ըսի՝ բնական է: Երբ մօտեցայ նշմարեցի, որ միւս տիկինները կը փորձէին զինք հանդարտեցնել: Իմացայ, որ այդ չորս թուրք երիտասարդներէն մին, երբ Քաթիայի կուրծքէն կախուած խաչը կը տեսնէ, կը թքնէ վրան: Չեմ գիտեր ե՞ս, թէ այդ թուրք սրիկան աւելի բախտաւոր դուրս ելանք այս դէպքէն: Եթէ ես տեսնէի այդ դէպքը, վստահաբար պիտի չկարենայի ինքզինքս զսպել եւ Անիի քարերէն մէկը հաւանաբար այդ շունին գլխուն փակցնէի, ես ալ որպէս կռուարար կամ մարդասպան բանտարկուէի: Արդեօք «քրիստոնեայ աշխարհ»ը ոտքի պիտի ելլէ՞ր զիս պաշտպանելու…:
Շատ դժուար եղաւ Անիէն բաժնուիլը: Կարծես իրապէ՛ս հի՜ն սիրելիի մը «մնաք բարով» կ’ըսէինք, հարազատէ մը կը բաժնուէինք: Մերը բայց «ցտեսութիւն» պիտի ըլլայ…:
Դէպի Կարս մեր ճամբուն վրայ, պասին մէջ Գէորգ Յակոբեանը կէս կատակ կէս շիտակ հարցուց, որ եթէ Անին մեզի վերադարձնեն թուրքերը, ինչպէ՞ս պիտի վերաշինենք զայն, անհրաժեշտ միլլիոնները ուրկէ՞ պիտի բերենք: Ըսի շատ պարզ է: Երբ որ Անին մեզի վերադարձնեն, աշխարհի բոլոր Անիներուն վրայ տասը տոկոս եկամտային սիրոյ տուրք կը նշանակենք: Կ’ըսենք նաեւ, որ միայն անուշիկ եւ գեղեցիկ Անիներէն պիտի գանձենք այս տուրքը: Բայց այն Անիները որոնք ինքզինքնին շատ աւելի գեղեցիկ կը զգան, կրնան իրենց եկամուտին տասը տոկոսէն աւելին տալ Անիի վերաշինութեան սիրոյ տուրքի ֆոնտին: Կը կարծէ՞ք, թէ որեւէ մէկ Անի այդ տուրքը պիտի չտայ, կամ միայն տասը տոկոս սիրոյ տուրքը տալով պիտի բաւարարուի…:
Երբեմն երազելը լաւ բան է: