Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումը Յաղթական Շաբաթավերջ Մը Բոլորեց Իր Զոյգ Խարուկահանդէսներով

Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ սկաուտական Շարժումը փառապանծ շաբաթավերջ մը բոլորեց: Արդարեւ Լեռնալիբանանի գեղատեսիլ   երկու տարբեր   վայրերու մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեան, Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Հ.Ե.Ը. – Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումներուն զոյգ խարուկահանդէսները պսակուեցան  կազմակերպչական, քարոզչական եւ   համազգային փայլուն յաղթանակներով:

Զոյգ խարուկահանդէսները եկան ապացուցելու, թէ լիբանանահայութիւնը յատկապէս եւ  Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումը՝ ի մասնաւորի, յանձնառու կը մնան հայապահպանութեան, հայեցի դաստիարակութեան եւ Հայ Դատի հետապնդման առաքելութեան:

Խարուկահանդէսները սկաուտական գիտելիքներու արտայայտութեան, տարուան մը տքնաջան աշխատանքներու արգասիք չէին լոկ, այլ հայրենասիրութեան, Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւններու ամրապնդման, հայ ժողովուրդի մշակութային, պատմական արժէքներու պահպանութեան, առողջ սերունդներու դաստիարակութեան արտայայտութիւն:

Սովորական արարողութիւններ չէին   Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Սեւանի եւ Հ.Ե.Ը -Անդրանիկ Անթիլիասի խարուկահանդէսները :    Հ.Բ.Ը.Մ. -Հայ Երիտասարդաց   Ընկերակցութեան    դրօշին տակ, թիթեռներու, արծուիկներու, գայլիկներու, արենոյշներու, սկաուտներու, քառավելներու, երէցներու ելոյթները, արտասանած խօսքերը, ասմունքն ու պարերը, կենդանի ապացոյց են, թէ Հայու Ոգին վառ կը մնայ սփիւռքահայութեան սրտերուն մէջ, պայքարի կորով   եւ վստահութիւն ներշնչելով ոչ միայն Հ.Ե.Ը. մեծ ընտանիքին, այլեւ համայն հայութեան:

Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական   Շարժումը  Վերանորոգեց ՝  Հաւատք, Յոյս Եւ Միութիւն  Ուխտը

IMG_4713

 

Շաբաթ,  29  Օգոսոտս  2015-ի երեկոյեան, հոծ  բազմութիւն մը  «խուժած» էր  Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի    Այրունի  բանակավայրը:  Այնտեղ էին,  Հ.Ե.Ը-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ տիար  Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, մեծ թիւով   հիւրեր, Հ.Ե.Ը-Անթիլիաս  Գործադիր Մարմինի,  ծնողաց  վարչութեան  անդամներ, ծնողներ, հարազատներ, Հ.Ե.Ը-ի   զանազան վարչութիւններու ներկայացուցիչներ: Բանակավայրի  մուտքէն  արդէն  անկարելի էր   չտեսնել  Սկաուտական  Շարժումի պատրաստած  կայմը, որուն վրայ կը  ծածանէին  Հայաստանի,  Լիբանանի,  Հ.Ե.Ը.-ի ,« Սքութ Տիւ Լիպան»ի եւ  «A.E. L»ի դրօշները:

Ուղիղ  ժամը  եօթին, Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ  փողերախումբը, գեղարուեստական  ղեկավար  Կարօ  Կէօքէօզեանի  գլխաւորութեամբ  մուտք  գործեց  խարուկահանդէսի վայրը:  Անոր յաջորդեց  Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումի  բոլոր   միաւորներուն մուտքը:  Լիբանանի, Հայաստանի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Ը.-ի  քայլերգներու  յոտնկայս  ունկնդրութենէն  ետք,  Անդրանիկ Անթիլիաս Շարժումի ընդհանուր խմբապետ  եղբայր  Էտի Թորամանեան  բարի գալուստ  մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց Հ.Ե.Ը. – Անդրանիկ  Անթիլիաս  Գործադիր  Մարմինի ատենապետ, Հ.Ե.Ը –  Կեդրոնական Վարչութեան անդամ   եղբայր Վաչէ Աւետիքեանը փոխանցելու   օրուան խօսքը:   Վաչէ Աւետիքեան   մէկ առ մէկ շնորհաւորեց   Սկաուտական ընտանիքի  բոլոր անդամները: Ան բարձր  գնահատեց  Ծնողաց  Վարչութեան    եւ բոլոր այն  կամաւորներուն  շնորհակալ աշխատանքը, որոնք  նպաստեցին  բանակումին  յաջողութեան:  Վաչէ Աւետիքեան  շեշտեց, թէ   Հ.Ե.Ը.-Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումը    պիտի  մնայ հայեցի  դաստիարակութեան եւ  հայապահպանութեան  օրրան:

Ապա  Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական  Վարչութեան ատենապետ  եղբայր  Վիգէն Չերչեան  հայերէն եւ Արաբերէն  լեզուներով փոխանցեց   Կեդրոնական  Վարչութեան խօսքը:    Ան  շնորհակալութիւն յայտնեց  Տհուր Շուէյրի եւ  Այրունի քաղաքապետութիւններուն՝ բանակավայրը սիրայօժար տրամադրելու առիթով, ինչպէս նաեւ  «Սքութ Տիւ  Լիպան»ի   եւ 8 «A.E.L»ի ղեկավարութեան:   Ապա ան շեշտեց  հայեցի  դաստիարակութիւն   ջամբելու ուղղութեամբ Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Անթիլիաս  Սկաուտական  Շարժումին  երախտաւոր աշխատանքը,  ընդգծելով, որ Հ.ԵԸ -Սկաուտական Շարժումը     հայապահպանութեան,  հայեցի  դաստիարակութեան եւ  Հայ Դատի  հետապնդման  դարբնոց մըն  է  սփիւռքահայ   իրականութեան մէջ:  Եղբայր Վիգէն  Չերչեան  իր կարգին   շնորհակալութիւն  յայտնեց  Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումի  բոլոր  միաւորներուն  եւ կոչ ուղղեց  հաւաքական  կամքով  եւ միասնականօրէն  շարունակելու   միութեան առջեւ  ցցուող մարտահրաւէրները:

Եղբայր  Վիգէն Չերչեան   յատուկ   երախտագիտութիւն յայտնեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանակային Վարչութեան՝  Հ.Ե.Ը.-ին  մատուցած   նիւթական եւ բարոյական   աջակցութեան համար:

Իր խօսքի աւարտին,  եղբայր Չերչեան   յայտարարեց, թէ  գնահատելով Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ   Սկաուտական Շարժումին  աշխատանքը,  Տեմիրճեան Կեդրոնի  Մենէյճմընթը  եւ   ի մասնաւորի   տիկին Սեդա  Տեմիրճեան  տասը  հազար  տոլարի  իշխանական նուիրատուութիւն մը  կատարած  են  Հ.Ե.Ը.-   Անդրանիկ Սկաուտական  երկու  մասնաճիւղերուն  եւ  փողերախումբին:

Հանդիսաւոր  խօսքերէն  ետք,ՀԵԸ-Անդրանիկ Անթիլիասի Ծնողաց  վարչութեան անդամները հրաւիրուեցան   վարելու  խարոյկը:    Խարոյկի  ճարճատող   կրակին  զուգահեռ   գործադրուեցաւ գեղարուեստական  պատշաճ  յայտագիր՝   պար, արտասանութիւն, «սքեչ»ներ, երգ:  Գեղարուսետական  յայտագիրի  ընթացքին, ներկաները  մեծ պաստառի վրայ  կը  դիտէին   համապատասխան   խմբակներու  գործունէութեան վերաբերեալ  դրուագներ:

Այս  ուրախ   մթնոլորտին տակ  տեղի  ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:  Օրուան  վերջաւորութեան  Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ  Անթիլիաս  Սկաուտական  Շարժումի   բոլոր անդամները «Հրաժեշտի  Երգ»ով  աւարտած յայտարարեցին   խարուկահանդէսի   երեկոն, յառաջիկայ տարի   հանդիպելու  մաղթանքով:

Հայ  Ժողովուրդը  Խորհրդանշող  Խաչը  Եւ Դրօշը՝   ՀԵԸ  Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի Տարեկան  Բանակումին Խորհրդապատկերը

AS

Կիրակի, 30  Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան,  Լեռնալիբանանի  Շպենիյէի  գեղատեսիլ  ամարանոցին մէջ   տեղի ունեցաւ  Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սեւան  Սկաուտական Շարժումի  տարեկան  խարուկահանդէսը:   Նախքան  խարուկահանդէսը,   երեք  շաբաթներու  վրայ երկարող,   Սկաուտական  Շարժում, Ծնողաց Վարչութիւն  եւ կամաւոր  սատարողներու   միասնական  ջանքերով   գնահատելի այս    բանակումը   թեւակոխած  էր իր   վերջին ժամերը:

Հասած էր   երկար սպասուած  խարուկահանդէսի  օրը:  Հանդիսաւոր այս արարողութեան ներկայ  կը  գտնուէին,  Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ  եղբայր Վիգէն Չերչեան,  Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ,  արտասահմանէն  ժամանած  հիւրեր, Հ.Ե.Ը-Ադրանիկ Սեւան   Գործադիր Մարմինի,  ծնողաց  վարչութեան  անդամներ, ծնողներ, հարազատներ, Հ.Ե.Ը-ի   զանազան վարչութիւններու ներկայացուցիչներ:

Որքա՜ն   մեծ  ոգեւորութիւն  պատճառեց   Հ.Ե.Ը.-ի  փողերախումբին      հնչիւններուն տակ, Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի  անդամներուն՝   թիթեռներ,  արծուիկներ, գայլիկներ, արենոյշներ, սկաուտներ, քառավելներ, երէցներ  յաղթական  մուտքը խարուկահանդէսի վայրը: Յատուկ  գնահատանքի արժանացաւ  Հայաստանի,  Հ.Ե.Ը.-ի եւ  «A.E.L»ի  դրօշներով ՝   Հ.Ե.Ը-Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումին պատրաստած  կայմը:

Լիբանանի, Հայաստանի,   Հ.Բ.Ը.Մ.-ի   եւ  Հ.Ե.Ը.-ի   քայլերգներուն յոտնկայս   ունկնդրութենէն ետք, յանուն  Հ.Ե.Ը- Անդրանիկ Սեւան  Սկաուտական Շարժումին   եղբայր Սեւակ Ապատեան  բարի գալուստ  մաղթեց  ներկաներուն:  Ան դիտել տուաւ, թէ  սոյն խարուկահանդէսով  իր լռումին կը հասնէր   2014-2015  տարուան սկաուտական   տարեշրջանը: Ապա, ան թուեց  Հ.Ե.Ը.-  Անդրանիկ Սեւանի  նուաճուները,սկսելով   «Միշտ Պատրաստ»  ամսաթերթի լոյս  ընծայումէն:   Եղբայր   Ապատեան բացատրեց  Սկաուտական կայմին խորհուրդը: Կայմին գագաթը գտնուող Խաչին եւ Եռագոյն դրօշին իմաստը : խորհրդապատկերը կը ներկայացնէր աշխարհի չորս  ծագերուն  վրայ   հայ  ժողովուրդը:

Ապա  քոյր  Գարին Առաքելեան,  Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումին անունով   Արաբերէն լեզուով      հաճելի ժամանց  մաղթեց  ներկաներուն: Ան  յատուկ  շնորհակալութիւն  յայտնեց   քոմիսէրներ  Զէյնա Խուրիին եւ  Փէրուզ Թիւթինճեանին,  ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք սատարեցին  բանակումին   յաջողութեան:

Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Սեւան Գործադիր Մարմինի ատենապետ, Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր   Յակոբ  Թելվիզեան  ողջունեց  նեկաները  եւ   արժեւորեց  Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ Սեւան   Սկաուտական Շարժումին գործունէութիւնը, մաղթելով   նորանոր նուաճումներ:  Ան յատկապէս   շնորհակալութիւն  յայտնեց  Հ.Ե.Ը . –Անդրանիկ Սեւանի  Ծնողաց Վարչութեան:

Հ.Ե.Ը.- Վեթերան Սկաուտներու ատենապետ   քոյր Մայտա Քիւրեճեան հաճելի անակնկալ մը  մատուցեց ներկաներուն, յայտնելով, թէ    բանակավայր   կը  գտնուէր Հ.Ե.Ը.- Սկաուտական  Շարժումի  երախտաւորներէն  եղբայր   Սեպուհ Պաղտոյեանը:  Այս  առիթով,  քոյր  Մայտա   Քիւրեճեան,  բանակավայր  գտնուող   վեթերան  Սկաուտներու հետ   յիշատակի  վզնոցով մը  պարգեւատրեց  եղբայր Սեպուհ Պաղտոյեանը:

Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ  եղբայր  Վիգէն Չերչեան  շնորհաւորեց   Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սեւան  Սկաուտական Շարժումը՝ բանակումին արձանագրած յաջողութեան առիթով  եւ  հաւաքական  աշխատանքով  վերելք մաղթեց Հ.Ե.Ը.-ի բոլոր   միաւորներուն:

Հասած էր   խարոյկը  վարելու պահը:   Հերթաբար   հրաւիրուեցան   Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական  Վարչութեան ատենապետ եղբայր Վիգէն  Չերչեան,  Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ Սեւանի   նախկին  երախտաւոր խմբապետներ   Գէորգ Սանթուրեան,   Յակոբ Թելվիզեան, Սեպուհ Պաղտոյեան եւ Հայկ Կոճիկեան վարելու  խարոյկը:

Գեղեցիկ եւ  տպաւորիչ այս  մթնոլորտին  մէջ     գործադրուեցաւ գեղարուեստական    գնահատելի  յայտագիր մը:  Հայ բանաստեղծութեան,  գոհարներէն  քառեակներ,   հայերէն՝ ժողովրդային եւ ազգային երգեր, «սքեչ»ներ,   յաջորդեցին  զիրար, արժանանալով ներկաներուն  բուռն  ծափահարութիւններուն:   Ուրախ  եւ  հաճելի այս  մթնոլորտին մէջ կատարուեցան  սրտաբուխ  նուիրատուութիւններ:

Գեղարուեստական    յատագիրի  վերջաւորութեան,   մեծ պաստառի վրայ  ցուցադրուեցաւ Հ.Ե.Ը-Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի  տարուան  գործունէութիւնը  խտացնող  տեսահոլովակ մը:

Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի  տարեկան  բանակումը  վերջ գտաւ   հայրենասիրական երգերու խմբային  կատարողութեամբ եւ  տօնական   հրավառութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին