Չորեքշաբթի, 11. 06. 2025

spot_img

Իրաքահայ Վաստակաւոր Գեղանկարիչ Անդրանիկ Օհաննէսեանի 100 Նկարներու Ցուցահանդէսը՝ Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշումներու ծիրէն ներս, նախաձեռնութեամբ  Իրաքահայ Թեմի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յանձնախումբին, Օգոստոս 22-ին տեղի ունեցած է Իրաքահայ վաստակաւոր գեղանկարիչ Անդրանիկ Օհաննէսեանի նկարներու անհատական ցուցահանդէսը, որ կը ներկայացնէ Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող հարիւր  իւղանկարներ: Այս մասին ըստ  «Հայերն Այսօր»ի, կը հաղորդէ Արամ սրկ. Քէթէնճեան:

Ցուցահանդէսը, որ հովանաւորուած է Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեանի կողմէ, տեղի ունեցած է Պաղտատի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս` նորակառոյց շէնքի դահլիճին մէջ:

Իրաքահայ Թեմի պատասխանատուներու եւ յանձնախումբերու կողքին, այդ ձեռնարկին ներկայ եղած են Իրաքի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Գրիգորեան, տարբեր մասնագիտութեամբ տեղացի մտաւորականներ, բժիշկներ եւ արուեաստագէտներ, Իրաքի Քրիստոնէից եւ այլ Կրօններու Տնօրէնութեան ներկայացուցիչը, հայ եւ դաւանակից եկեղեցիներէն հոգեւոր հայրեր, թեմի կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ մեր զաւակներէն հոծ բազմութիւն, ինչպէս նաեւ քանի մը հեռուստաալիքներու լրագրողներ, որոնք արձանագրած են օրուան ձեռնարկը եւ հարցազրոյցներ կատարած:

Ձեռնարկի աւարտին վերոյիշեալ համալիրէն ներս գտնուող ազգային Վարժարանի Կիւլպէնկեան սրահին մէջ, հայ եւ օտար անձաւորութիւններու բաժնուած են օրուան համար պատրաստուած յատուկ յուշանուէրներ:

Յիշատակութեան արժանի է, որ այս ցուցահանդէսը գեղանկարիչ Անդրանիկ Օհաննէսեանի  անհատական տասներորդ ցուցահանդէսն է:

4

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին